1 Corinthians 16
Romans « 1 Corinthians 15 ‹ 1 Corinthians 16 › 2 Corinthians 1 » 2 Corinthians
ՅՈՐԴՈՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ
1Ինչ կը վերաբերի սուրբերուն համար ըլլալիք հանգանակութեան, ինչպէս պատուիրեցի Գաղատացիներու եկեղեցիներուն, դո՛ւք ալ այնպէս ըրէք։
2Ամէն Մէկշաբթի՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մէկդի դնէ իր քով ինչ որ յաջողած է 1խնայել,
3որպէսզի հանգանակութիւններ չըլլան երբ ես գամ։ Ու երբ գամ, անոնք որ 2զատորոշէք՝ զիրենք պիտի ղրկեմ նամակներով՝՝, որպէսզի Երուսաղէմ տանին ձեր պարգեւները։
ՊՕՂՈՍԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
4Եթէ իմ երթալս ալ արժանավայել ըլլայ, անոնք պիտի երթան ինծի հետ։
5Ուրեմն ես պիտի գամ ձեզի՝ երբ անցնիմ Մակեդոնիայէն. (քանի որ պիտի անցնիմ Մակեդոնիայէն.)
6եւ թերեւս մնամ ձեր քով ու ձմերեմ ալ ձեզի հետ. որպէսզի դո՛ւք ուղարկէք զիս՝ ո՛ւր որ երթամ։
7Որովհետեւ չեմ ուզեր տեսնել ձեզ հիմա՝ անցած ատենս, բայց կը յուսամ որ ժամանակ մը մնամ ձեր քով, եթէ Տէրը արտօնէ։
8Սակայն Եփեսոս պիտի մնամ մինչեւ Պենտեկոստէ.
9որովհետեւ մեծ եւ արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ինծի, ու բազմաթիւ հակառակորդներ կան։
10Ուրեմն եթէ Տիմոթէոս գայ, ուշադի՛ր եղէք որ մնայ ձեր քով առանց վախի. քանի որ ան կ’ընէ Տէրոջ գործը, ինչպէս ե՛ս ալ։
11Ուստի ո՛չ մէկը թող անարգէ զայն. հապա խաղաղութեա՛մբ ուղարկեցէք զայն՝ որ ինծի գայ, որովհետեւ անոր կը սպասեմ եղբայրներուն հետ։
12Իսկ ինչ կը վերաբերի Ապողոս եղբօր, շատ աղաչեցի անոր՝ որ ձեզի գայ եղբայրներուն հետ, բայց բնաւ փափաք չունեցաւ որ հիմա գայ. սակայն պիտի գայ՝ երբ պատեհութիւն ունենայ։
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐ
13Արթո՛ւն մնացէք, հաւատքի մէջ հաստատո՛ւն կեցէք, 3քա՛ջ եղէք, զօրացէ՛ք։
14Ձեր բոլոր բաները սիրո՛վ ըլլան։
15Կ’աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, (դուք կը ճանչնաք Ստեփանասի ընտանիքը, որ Աքայիայի երախայրիքն է, եւ իրենք զիրենք նուիրեցին սուրբերուն սպասարկութեան,)
16որ հպատակիք այդպիսիներուն եւ բոլորին՝ որ կը գործակցին մեզի ու կ’աշխատին։
17Ուրախ եմ Ստեփանասի, Փորտունատոսի եւ Աքայիկոսի գալուստին համար, որովհետեւ իրե՛նք լրացուցին ձեր պակասը,
18քանի որ հանգստացուցին իմ հոգիս ու ձերը. ուրեմն ճանչցէ՛ք այդպիսիները։
19Ասիայի եկեղեցիները կը բարեւեն ձեզ. Տէրոջմով շատ կը բարեւեն ձեզ Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա՝ իրենց տան մէջ եղող եկեղեցիին հետ։
20Բոլոր եղբայրները կը բարեւեն ձեզ. բարեւեցէ՛ք զիրար սուրբ համբոյրով։
21Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը։
22Եթէ մէկը չի սիրեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, նզովեա՛լ ըլլայ երբ 4մեր Տէրը գայ՝՝։
23Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ։
24Իմ սէրս ձեր բոլորին հետ՝ Քրիստոս Յիսուսով։ Ամէն։