Loading...

1 John 5

2 Peter  «  1 John 4  ‹  1 John 5  ›  2 John 1  »  2 John


ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ

1

Ո՛վ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է, ծնած է Աստուծմէ. եւ ո՛վ որ կը սիրէ ծնողը՝ կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը։

2

Երբ սիրենք Աստուած ու պահենք անոր պատուիրանները, ատով կը գիտնանք թէ կը սիրենք Աստուծոյ զաւակները։

3

Քանի որ սա՛ է Աստուծոյ սէրը.— պահել անոր պատուիրանները։ Իսկ անոր պատուիրանները ծանր չեն,

4

որովհետեւ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին. 1մեր հաւատքն է որ կը յաղթէ աշխարհին՝՝։

5

Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։


ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ

6

Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս՝ որ եկաւ ջուրով ու արիւնով. ո՛չ միայն ջուրով, հապա՝ ջուրով եւ արիւնով. ու Հոգի՛ն է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւն է։

7

Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն 2երկինքի մէջ.— Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են։

8

Նաեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկրի վրայ՝՝.— Հոգին, ջուրը եւ արիւնը, ու այս երեքը միաձայն են։

9

Եթէ կ’ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին։

10

Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը։ Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս 3կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին։

11

Իսկ սա՛ է վկայութիւնը.— Աստուած տուաւ մեզի յաւիտենական կեանքը, եւ այս կեանքը անոր Որդիին մէջ է։

12

Ա՛ն որ ունի Որդին՝ ունի կեանքը. ա՛ն որ չունի Աստուծոյ Որդին՝ չունի կեանքը։


ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

13

Գրեցի այս բաները ձեզի՝ որ կը հաւատաք Աստուծոյ Որդիին անունին, որպէսզի գիտնաք թէ ունիք յաւիտենական կեանքը4։

14

Այն համարձակութիւնը որ ունինք անոր քով՝ սա՛ է.— եթէ որեւէ բան խնդրենք իր կամքին համաձայն, կը լսէ մեզ։

15

Ու եթէ գիտե՛նք թէ կը լսէ մեզ՝ ի՛նչ որ ալ խնդրենք, գիտենք նաեւ թէ կ’ունենանք այն 5բաները՝ որ կը խնդրենք իրմէ։

16

Եթէ մէկը տեսնէ թէ իր եղբայրը կը գործէ մեղք մը՝ որ մահացու չէ, թող խնդրէ, եւ Աստուած կեանք պիտի տայ անոր, այսինքն անոնց՝ որ մահացու մեղք չեն գործեր։ Մեղք կայ՝ որ մահացու է. չեմ ըսեր որ թախանձէ անոր համար։

17

Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ՝ որ մահացու չէ։

18

Գիտենք թէ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր։ Ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը պահէ ինքզինք, ու Չարը չի դպչիր իրեն։

19

Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք, իսկ ամբողջ աշխարհը Չարին մէջ 6մխրճուած է։

20

Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ, եւ 7ուշիմութիւն տուաւ մեզի՝ որպէսզի ճանչնանք Ճշմարիտը։ Ու մենք այդ Ճշմարիտին մէջ ենք, անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ի՛նքն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը։

21

Որդեակնե՛ր, զգուշացէ՛ք կուռքերէն։



1 Յուն.՝ ահա՛ւասիկ յաղթանակը որ կը յաղթէ աշխարհին — մեր հաւատքը
2 Շատ հին ձեռագիրներ չունին
3 Յուն.՝ կ’ընէ
4 Ոմանք կ’աւելցնեն՝ եւ որպէսզի հաւատաք Աստուծոյ Որդիին անունին
5 Յուն.՝ խնդրանքները
6 Յուն.՝ դրուած
7 Յուն.՝ միտք