1 Thessalonians 5
Colossians « 1 Thessalonians 4 ‹ 1 Thessalonians 5 › 2 Thessalonians 1 » 2 Thessalonians
ՊԱՏՐԱ՛ՍՏ ԵՂԷՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ
1Բայց, եղբայրնե՛ր, պէտք չունիք որ գրեմ ձեզի այդ ժամանակներուն եւ ատեններուն մասին,
2քանի որ դուք իսկ ճշգրտութեամբ գիտէք թէ Տէրոջ օրը կու գայ գիշերուան գողին պէս։
3Երբ մարդիկ ըսեն թէ “խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն է”, այն ատեն աւերումը անակնկալօրէն պիտի հասնի անոնց վրայ՝ յղիին երկունքին պէս, ու զերծ պիտի չմնան։
4Բայց դո՛ւք, եղբայրնե՛ր, խաւարի մէջ չէք, որ այդ օրը գողի մը պէս հասնի ձեր վրայ.
5որովհետեւ դուք բոլորդ լոյսի որդիներ էք, եւ ցերեկուան որդիներ.
6գիշերուան որդիներ չենք, ո՛չ ալ խաւարի։ Ուրեմն չքնանա՛նք ուրիշներու նման, հապա ըլլա՛նք արթուն ու զգաստ.
7քանի որ անոնք որ կը քնանան՝ գիշե՛րը կը քնանան, եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշե՛րը կ’արբենան։
8Իսկ մենք՝ որ ցերեկուան որդիներն ենք, զգա՛ստ ըլլանք՝ հագնելով հաւատքի ու սիրոյ զրահը, եւ իբր սաղաւարտ՝ փրկութեան յոյսը։
9Որովհետեւ Աստուած որոշեց մեզ ո՛չ թէ բարկութեան համար, հապա՝ փրկութեան տիրանալու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։
10Ան մեռաւ մեզի համար, որպէսզի մենք ապրինք իրեն հետ, արթուն ըլլանք թէ քնացած։
11Ուստի յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար, ինչպէս արդէն կ’ընէք։
ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ՈՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐ
12Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները, Տէրոջմով վերակացուներն ու ձեզ խրատողները։
13Պատուեցէ՛ք զանոնք մեծ սիրով՝ իրենց գործին համար։ Խաղաղութի՛ւն ունեցէք իրարու հետ։
14Կը յորդորե՛նք ձեզ, եղբայրնե՛ր, խրատեցէ՛ք անկարգները, սփոփեցէ՛ք թուլասիրտները, ձեռնտո՛ւ եղէք տկարներուն, համբերատա՛ր եղէք բոլորին հանդէպ։
15Զգուշացէ՛ք, ո՛չ մէկը չարիքի փոխարէն չարիք հատուցանէ ոեւէ մէկուն. հապա՝ ամէն ատեն հետամո՛ւտ եղէք բարիին, թէ՛ ձեր միջեւ, թէ՛ բոլորին հանդէպ։
16Ամէն ատեն ուրա՛խ եղէք։
17Անդադար աղօթեցէ՛ք։
18Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք, որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ կամքը ձեզի հանդէպ՝ Քրիստոս Յիսուսով։
19Մի՛ մարէք Սուրբ Հոգին։
20Մի՛ անարգէք մարգարէութիւնները։
21Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք։
22Ե՛տ կեցէք ամէն տեսակ չարութենէ։
23Նոյնինքն խաղաղութեան Աստուածը ամբողջովին սրբացնէ ձեզ, եւ ձեր հոգին, անձն ու մարմինը ամբողջութեամբ անմեղադրելի պահուին մինչեւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։
24Ա՛ն որ կանչեց ձեզ՝ հաւատարիմ է. նաեւ ի՛նք պիտի կատարէ ատիկա։
25Եղբայրնե՛ր, աղօթեցէ՛ք մեզի համար։
26Բարեւեցէ՛ք բոլոր եղբայրները սուրբ համբոյրով։
271Կը պարտադրեմ՝՝ ձեզ Տէրոջմով, որ կարդաք այս նամակը բոլոր սուրբ եղբայրներուն։
28Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։