Loading...

2 Chronicles 11

1 Chronicles  «  2 Chronicles 10  ‹  2 Chronicles 11  ›  2 Chronicles 12  »  Ezra


ՍԵՄԱՅԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈԻԹԻՒՆԸ (Գ. Թագ. 12. 21-24)

1

Երբ Ռոբովամ Երուսաղէմ հասաւ, Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ համախմբեց, որպէսզի Իսրայէլի դէմ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Ռոբովամի վերադարձնեն։

2

Բայց 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Սեմայիայի՝ Աստուծոյ մարդուն, ըսելով.

3

«Խօսէ՛ Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին, եւ Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն, եւ ըսէ՛.

4

“Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Մի՛ բարձրանաք, ու ձեր եղբայրներուն դէմ մի՛ պատերազմիք։ Իւրաքանչիւրը իր տունը թող վերադառնայ, որովհետեւ այս բանը ինձմէ եղաւ"”»։ Ուստի Տէրոջ խօսքը մտիկ ըրին, ու Յերոբովամի դէմ երթալէն 2հրաժարեցան։


ՌՈԲՈՎԱՄ Կ’ԱՄՐԱՑՆԷ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

5

Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ, ու Յուդայի մէջ 3ամրացած քաղաքներ կառուցանեց։

6

Նաեւ կառուցանեց Բեթլեհէմը, Ետամը, Թեկուէն,

7

Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը,

8

Գէթը, Մարեսան, Զիփը,

9

Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան,

10

Սարաան, Այեղոնը եւ Քեբրոնը, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ ամրացած քաղաքներ եղան։

11

Անոնց պատնէշները ամրացուց, եւ անոնց մէջ 4վերակացուներ դրաւ, նաեւ կերակուրի, իւղի ու գինիի շտեմարաններ։

12

Իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ասպարներ եւ գեղարդներ կային։ Զանոնք յոյժ շատ ամրացուց։ Յուդա ու Բենիամին անոր հպատակ էին։


ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ՈՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԿՈՒ ԳԱՆ ՅՈՒԴԱ

13

Ամբողջ Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր հողամասերէն անոր քով 5համախմբուեցան։

14

(Արդարեւ Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները լքեցին, եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. արդարեւ Յերոբովամ եւ անոր որդիները զիրենք Տէրոջ քահանայութենէն 6զրկեր էին։

15

Ան բարձր տեղերուն համար, դեւերուն համար, ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր 7նշանակեր էր։)

16

Իրենց ետեւէն Երուսաղէմ գացին Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն անոնք, որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը 8սրտանց կը փնտռէին՝՝, որպէսզի Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն զոհ մատուցանեն։

17

Այսպէս՝ Յուդայի թագաւորութիւնը ուժովցուցին, եւ Սողոմոնի որդին՝ Ռոբովամը երեք տարուան մէջ զօրացուցին, որովհետեւ երեք տարի Դաւիթի ու Սողոմոնի ճամբայէն ընթացան։


ՌՈԲՈՎԱՄԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

18

Ռոբովամ Դաւիթի որդիին՝ Յերիմովթի աղջիկը՝ Մայելէթը իրեն առաւ իբր կին. նաեւ Յեսսէի որդիին՝ Եղիաբի աղջիկը՝ Աբիքէլը,

19

որ որդիներ ծնաւ իրեն.— Յէուս, Սամարիա եւ Զահամ։

20

Անկէ ետք, Աբիսողոմի աղջիկը՝ Մաաքան առաւ, որ իրեն ծնաւ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղոմիթը։

21

Ռոբովամ Աբիսողոմի աղջիկը՝ Մաաքան իր բոլոր կիներէն եւ հարճերէն աւելի կը սիրէր. (արդարեւ ան տասնութ կին ու վաթսուն հարճ առած էր, եւ քսանութ որդի ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ։)

22

Ռոբովամ Մաաքայի որդին՝ Աբիան գլխաւոր 9նշանակեց, այսինքն՝ իր եղբայրներուն վրայ առաջնորդ, քանի որ զայն կ’ուզէր թագաւոր նշանակել։

23

Խելացութեամբ՝ իր բոլոր որդիները 10տեղաւորեց Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր 11գաւառներուն մէջ, ամէն ամրացած քաղաքի մէջ. անոնց առատ ուտելիք տուաւ, եւ բազմաթիւ կիներ 12փնտռեց անոնց համար։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դարձան
3 Եբր.՝ պատնէշով
4 Եբր.՝ առաջնորդներ
5 Եբր.՝ ներկայացան
6 Եբր.՝ մերժեր
7 Եբր.՝ կայնեցուցեր
8 Եբր.՝ փնտռելու համար իրենց սիրտը տուեր էին
9 Եբր.՝ կայնեցուց
10 Եբր.՝ ցրուեց
11 Եբր.՝ երկիրներուն
12 Եբր.՝ խնդրեց