Loading...

2 Chronicles 12

1 Chronicles  «  2 Chronicles 11  ‹  2 Chronicles 12  ›  2 Chronicles 13  »  Ezra


ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔ ՄԸ ՅՈՒԴԱՅԻ ՎՐԱՅ (Գ. Թագ. 14. 25-28)

1

Երբ Ռոբովամի թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ եւ ինք ուժովցաւ, Տէրոջ Օրէնքը լքեց. ամբողջ Իսրայէլն ալ իրեն հետ լքեց։

2

Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին՝ Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի դէմ բարձրացաւ, քանի որ Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց եղած էին։

3

Ան հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով բարձրացաւ. անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր, այսինքն՝ Լիպիացիները, 1Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։

4

Յուդայի 2ամրացած քաղաքները գրաւեց, եւ մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։

5

Սեմայիա մարգարէն Ռոբովամի ու Յուդայի իշխանաւորներուն քով եկաւ, որոնք 3Սիսակէն վախնալով՝՝ Երուսաղէմ հաւաքուած էին, եւ անոնց ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Դուք զիս լքեցիք, ես ալ ձեզ Սիսակի ձեռքը լքեցի”»։

6

Իսրայէլի իշխանաւորները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։

7

Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ Սեմայիայի՝ ըսելով. «Քանի անոնք խոնարհեցան՝ զանոնք պիտի չբնաջնջեմ, հապա անոնց 5քիչ մը՝՝ ազատում պիտի 6շնորհեմ, եւ իմ ցասումս Սիսակի ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։

8

Սակայն անոր հպատակ պիտի ըլլան, որպէսզի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեան տարբերութիւնը գիտնան»։

9

Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի դէմ բարձրացաւ, եւ Տէրոջ տան գանձերն ու թագաւորին տան գանձերը գրաւեց. բոլորն ալ գրաւեց. Սողոմոնի շինած ոսկիէ վահաններն ալ գրաւեց։

10

Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղինձէ վահաններ շինեց, ու զանոնք թագաւորին տան մուտքը պահպանող սուրհանդակներու պետերուն ձեռքը յանձնեց։

11

Երբ թագաւորը Տէրոջ տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին, յետոյ զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը վերադարձնէին։

12

Քանի ան խոնարհեցաւ, Տէրոջ բարկութիւնը անկէ հեռացաւ, ու զինք ամբողջովին չբնաջնջեց, որովհետեւ տակաւին լաւ բաներ կային Յուդայի մէջ։


ՌՈԲՈՎԱՄԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

13

Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ ուժովցաւ, ու թագաւորեց. Ռոբովամ քառասունմէկ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ. տասնեօթը տարի թագաւորեց Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Նաամա անունով Ամմոնացի մըն էր։

14

Ան չարիք գործեց, որովհետեւ իր սիրտը 7չտրամադրեց՝ Տէրը փնտռելու։

15

Ռոբովամի արարքները, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ Սեմայիա մարգարէին 8Գիրքին եւ Ադդով տեսանողին Ազգահամարի գիրքին մէջ արձանագրուած են։ Ռոբովամի ու Յերոբովամի միջեւ 9ընդմիշտ պատերազմ կար։

16

Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Աբիա թագաւորեց։



1 Կամ՝ Տրոգղոդացիները
2 Եբր.՝ պատնէշով
3 Եբր.՝ Սիսակի երեսէն
4 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
5 Կամ՝ քիչ ատենէն
6 Եբր.՝ տամ
7 Եբր.՝ չպատրաստեց
8 Եբր.՝ Արարքներուն, կամ՝ Խօսքերուն
9 Եբր.՝ ամբողջ օրը