Loading...

2 Chronicles 13

1 Chronicles  «  2 Chronicles 12  ‹  2 Chronicles 13  ›  2 Chronicles 14  »  Ezra


ԱԲԻԱ ԿԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻ ՀԵՏ (Գ. Թագ. 15. 1-8)

1

Յերոբովամ թագաւորին տասնութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ։

2

Ան Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորեց. իր մայրը Գաբաացի Ուրիէլի աղջիկն էր՝ Միքայիա անունով։ Աբիայի ու Յերոբովամի միջեւ պատերազմ կար։

3

Աբիա զօրաւոր պատերազմիկներու զօրագունդով մը — չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով — պատերազմի շարուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դիմաց պատերազմի շարեց ութ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ, զօրաւոր կտրիճներ։

4

Աբիա Եփրեմի լեռնակողմը՝ Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ եւ ամբողջ Իսրայէլ, ինծի՛ մտիկ ըրէք։

5

Միթէ 1չէ՞ք գիտեր՝՝ թէ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ Իսրայէլի վրայ թագաւորելը յաւիտեան Դաւիթի տուած է, անոր եւ իր որդիներուն, աղի ուխտով։

6

Բայց Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի ծառան, Նաբատեան Յերոբովամ, կանգնեցաւ ու իր տիրոջ դէմ ըմբոստացաւ։

7

Անոր քով դատարկապորտ եւ 2անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան, ու Սողոմոնի որդիին՝ Ռոբովամի 3ընդդիմացան. քանի որ Ռոբովամ 4դեռահասակ եւ փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց 5չդիմադրեց։

8

Հիմա դուք 6կը մտադրէք՝՝ Դաւիթի որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջ թագաւորութեան դիմադրել, որովհետեւ մեծ բազմութիւն էք ու Յերոբովամի ձեզի շինած աստուածները — ոսկիէ հորթերը — ձեզի հետ են։

9

Միթէ դուք Տէրոջ քահանաները — Ահարոնի որդիներն ու Ղեւտացիները — չքշեցի՞ք, եւ ուրիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր 7չկարգեցի՞ք. ո՛վ որ արջառներէն մէկ զուարակով ու եօթը խոյով կու գար՝ ինքզինք նուիրելու, չաստուածներու քուրմ կ’ըլլար։

10

Բայց մեր Աստուածը Եհովա՛ն է. մենք զինք չլքեցինք։ Տէրոջ պաշտօն կատարող քահանաները՝ Ահարոնի որդիներն են, Ղեւտացիներն ալ իրենց գործին վրայ նշանակուած են։

11

Ամէն առտու եւ ամէն իրիկուն Տէրոջ ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշաբոյր խունկ կը ծխեն. մաքուր սեղանին վրայ 8առաջադրութեան հացերը կը շարեն, եւ ամէն իրիկուն ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը վառեն։ Արդարեւ մենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն 9պաշտօնը կը կատարենք՝՝, բայց դուք զայն լքած էք։

12

Ահա՛ Աստուած ի՛նք մեզի հետ է՝ իբր մեր զօրագլուխը, նաեւ իր քահանաները՝ մեծագոչ փողերով, որպէսզի ձեզի դէմ գոռացնեն։ Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Տէրոջ՝ ձեր հայրերուն Աստուծոյն դէմ մի՛ պատերազմիք, քանի որ դուք պիտի չյաջողիք»։

13

Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէսզի անոնց շուրջը դառնալով անոնց ետեւը գան. հետեւաբար Իսրայելացիները Յուդայի առջեւն էին, իսկ դարանակալները՝ անոր ետեւը։

14

Երբ Յուդա ետեւ դարձաւ, ահա՛ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր. ուստի Տէրոջ աղաղակեցին, եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։

15

Յուդայեանները գոռացին. երբ Յուդայեանները գոռացին, Աստուած Յերոբովամն ու ամբողջ Իսրայէլը Աբիայի եւ Յուդայի առջեւ զարկաւ։

16

Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջեւէն փախան. Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։

17

Աբիա եւ իր ժողովուրդը մեծ պարտութեան մատնեցին զանոնք. Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ խոցուած ինկան։

18

Այդ ատեն Իսրայէլի որդիները ընկճուեցան, իսկ Յուդայի որդիները զօրացան, որովհետեւ Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն 10ապաւինեցան։

19

Աբիա Յերոբովամը հետապնդեց եւ անկէ քաղաքներ գրաւեց.— Բեթէլն ու անոր գիւղերը, Յեսանան եւ անոր գիւղերը, Եփրոնը եւ անոր գիւղերը։

20

Յերոբովամ Աբիայի օրերուն մէջ անգա՛մ մըն ալ իր ոյժը չվերագտաւ. Տէրը զինք զարկաւ, ու մեռաւ։

21

Իսկ Աբիա ուժովցաւ. իրեն տասնչորս կին առաւ, եւ քսաներկու որդի ու տասնվեց աղջիկ ծնաւ։

22

Աբիայի մնացեալ արարքները, անոր 11գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին 12Յիշատակարանին մէջ գրուած են։



1 Եբր.՝ գիտնալու չէ՞ք
2 Եբր.՝ Բելիարի որդի
3 Եբր.՝ դէմ իրենք զիրենք զօրացուցին
4 Եբր.՝ երիտասարդ
5 Եբր.՝ դէմ չուժովցաւ
6 Եբր.՝ կ’ըսէք
7 Եբր.՝ չըրի՞ք
8 Եբր.՝ կարգով դրուած
9 Եբր.՝ պահպանութիւնը կը պահենք
10 Եբր.՝ կռթնեցան
11 Եբր.՝ ճամբաներն
12 Կամ՝ Մեկնութեան