Loading...

2 Chronicles 14

1 Chronicles  «  2 Chronicles 13  ‹  2 Chronicles 14  ›  2 Chronicles 15  »  Ezra


ԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԵԹՈՎՊԻԱՅԻ

1

Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զայն Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ասա թագաւոր եղաւ. ասոր օրերը երկիրը տասը տարի հանդարտեցաւ։

2

Ասա ըրաւ ինչ որ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 1առջեւ բարի եւ ուղիղ է։

3

Օտար աստուածներուն բագիններն ու բարձր տեղերը հանեց, արձանները կոտրտեց, եւ աստարովթները կտրեց։

4

Յուդայի հրամայեց որ Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը փնտռեն, եւ Օրէնքն ու 2պատուիրանները գործադրեն։

5

Յուդայի բոլոր քաղաքներէն բարձր տեղերը եւ արեւի սիւնարձանները հանեց, ու թագաւորութիւնը իր առջեւ հանդարտեցաւ։

6

Ան Յուդայի մէջ 3ամրացած քաղաքներ կառուցանեց. արդարեւ այդ տարիներուն մէջ երկիրը հանդարտած էր եւ իրեն դէմ պատերազմ ընող չկար, որովհետեւ Տէրը զինք հանգստացուցած էր։

7

Ուստի Ասա Յուդայի ըսաւ. «Այս քաղաքները կառուցանենք, ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով եւ նիգերով շրջապատենք, քանի այս երկիրը մեր 4իշխանութեան տակ՝՝ է՝ որովհետեւ մեր Աստուածը փնտռեցինք։ Զինք փնտռեցինք, ինք ալ մեզ ամէն կողմէ հանգստացուց»։ Այսպէս՝ զանոնք կառուցանեցին ու յաջողեցան։

8

Ասա ասպար ու գեղարդ կրող զօրագունդ մը ունէր. Յուդայէն՝ երեք հարիւր հազար մարդ, ու Բենիամինէն՝ վահան կրող եւ աղեղ քաշող երկու հարիւր ութսուն հազար։ Ասոնք բոլորը զօրաւոր կտրիճներ էին։

9

Եթովպիացի Զարա դուրս ելաւ անոնց դէմ՝ 5մէկ միլիոն՝՝ մարդէ կազմուած զօրագունդով ու երեք հարիւր կառքով, եւ Մարեսա հասաւ։

10

Ասա դուրս ելաւ անոր դէմ, ու Մարեսայի մօտ՝ Սեփաթայի ձորին մէջ պատերազմելու համար շարուեցան։

11

Ասա Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն գոչեց եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ՝ թէ՛ շատով եւ թէ 6քիչով օգնելու մէջ։ Մեզի օգնէ՛, ո՛վ Տէր, մեր Աստուա՛ծը, որովհետեւ 7քեզի ապաւինեցանք՝՝ եւ այս բազմութեան դէմ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, դո՛ւն ես մեր Աստուածը. մարդը քեզի դէմ թող չզօրանայ»։

12

Տէրը Եթովպիացիները Ասայի ու Յուդայի առջեւ զարկաւ. Եթովպիացիները փախան։

13

Ասա եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդը զանոնք մինչեւ Գերարա հետապնդեցին։ Եթովպիացիները ինկան ու 8վերապրող չմնաց՝՝, քանի որ Տէրոջ առջեւ եւ անոր բանակին առջեւ ջախջախուեցան։ Յուդայեանները յոյժ շատ աւար առին,

14

ու Գերարայի շրջակայ բոլոր քաղաքները զարկին. արդարեւ անոնց վրայ Տէրոջ երկիւղը 9ինկաւ, եւ բոլոր քաղաքները կողոպտեցին, որովհետեւ անոնց մէջ շատ 10աւար կար։

15

11Հօտերուն վրաններն ալ զարկին, ու բազմաթիւ ոչխարներ եւ ուղտեր 12յափշտակելով՝ Երուսաղէմ վերադարձան։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ պատուիրանը
3 Եբր.՝ պատնէշով
4 Եբր.՝ առջեւ
5 Եբր.՝ հազար անգամ հազար
6 Եբր.՝ տկարով
7 Եբր.՝ քու վրադ կռթնեցանք
8 Եբր.՝ չվերապրեցան
9 Եբր.՝ եղաւ
10 Եբր.՝ կողոպուտ
11 Այսինքն՝ Հովիւներուն
12 Եբր.՝ գերեվարելով