2 Chronicles 15
1 Chronicles « 2 Chronicles 14 ‹ 2 Chronicles 15 › 2 Chronicles 16 » Ezra
ԱՍԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Աստուծոյ Հոգին Ովդեդի որդիին՝ Ազարիայի վրայ 1եկաւ,
2եւ Ասայի առջեւ 2երթալով՝ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Ասա, եւ ամբողջ Յուդա ու Բենիամին, ինծի՛ մտիկ ըրէք։ Տէրը ձեզի հետ է, երբ դուք անոր հետ ըլլաք. եթէ զայն փնտռէք, զինք պիտի գտնէք. բայց եթէ զայն լքէք, ինք ալ ձեզ պիտի լքէ։
3Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի եւ առանց Օրէնքի մնացած էր.
4բայց երբ իրենց տագնապին մէջ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն վերադարձան ու զայն փնտռեցին, զինք գտան։
5Այդ ատենները ելլողին եւ մտնողին 3ապահովութիւն չկար, հապա շատ խռովութիւններ կային երկիրներու բոլոր բնակիչներուն միջեւ։
6Ազգ ազգի հետ կը 4կռուէր, եւ քաղաք՝ քաղաքի հետ, որովհետեւ Աստուած ամէն տեսակ տագնապով խուճապի մատնած էր զանոնք։
7Ուստի հիմա ուժովցէ՛ք, ու ձեր ձեռքերը թող չթուլնան. արդարեւ ձեր 5աշխատանքը պիտի վարձատրուի՝՝»։
8Ասա այս խօսքերը եւ 6Ովդեդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ ուժովցաւ, ու պղծութիւնները 7հեռացուց Յուդայի եւ Բենիամինի ամբողջ երկրէն, ու Եփրեմի լեռնակողմէն իր գրաւած քաղաքներէն. նաեւ վերականգնեց Տէրոջ տաճարին ներքնագաւիթին առջեւ եղող Տէրոջ զոհասեղանը։
9Ամբողջ Յուդան եւ Բենիամինը հաւաքեց, նաեւ Եփրեմէն, Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուող պանդուխտները. արդարեւ շատ Իսրայելացիներ անոր 8կողմը անցան՝՝, տեսնելով թէ Տէրը՝ անոր Աստուածը իր հետ է։
10Անոնք Ասայի թագաւորութեան տասնհինգերորդ տարուան երրորդ ամիսը Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան
11Այդ օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջ զոհեցին եօթը հարիւր արջառ եւ եօթը հազար ոչխար։
12Նաեւ 9ուխտեցին որ Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը իրենց ամբողջ սիրտով եւ իրենց ամբողջ անձով փնտռեն.
13ո՛վ որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը չփնտռէր՝ պիտի մեռցուէր, պզտիկ ըլլար թէ մեծ, այր մարդ ըլլար թէ կին։
14Տէրոջ երդում ըրին բարձր ձայնով եւ ուրախութեան գոչիւնով, փողերով ու շեփորներով։
15Ամբողջ Յուդան այդ երդումին համար ուրախացաւ. արդարեւ իրենց ամբողջ սիրտով երդում ըրին, եւ իրենց ամբողջ կամքով զայն փնտռելով՝ զինք գտան։ Տէրն ալ զանոնք շրջակայքին մէջ հանգստացուց։
16Ասա թագաւորը նոյնիսկ իր 10մայրը՝ Մաաքան 11մայր-թագուհութենէ՝՝ պաշտօնազրկեց, որովհետեւ ան Աստարովթի կուռք շիներ էր։ Ասա անոր կուռքը կոտրտեց ու մանրեց, եւ Կեդրոնի ձորին մէջ այրեց։
17Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չհանուեցան. սակայն Ասայի սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կատարեալ էր։
18Իր հօր 12սուրբ բաները՝՝ եւ իր սուրբ բաները — արծաթը, ոսկին ու առարկաները — Աստուծոյ տունը տարաւ։
19Մինչեւ Ասայի թագաւորութեան երեսունհինգերորդ տարին՝ պատերազմ չեղաւ։