2 Chronicles 16
1 Chronicles « 2 Chronicles 15 ‹ 2 Chronicles 16 › 2 Chronicles 17 » Ezra
ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ (Գ. Թագ. 15. 17-22)
1Ասայի թագաւորութեան երեսունվեցերորդ տարին՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդայի դէմ բարձրացաւ ու Ռաման 1կառուցանեց, որպէսզի ո՛չ մէկուն թոյլատրէ Յուդայի Ասա թագաւորին քովէն դուրս ելլել կամ քովը մտնել։
2Ուստի Ասա Տէրոջ տան եւ թագաւորին տան գանձարանէն արծաթ ու ոսկի հանեց, եւ Դամասկոս բնակող Սուրիայի թագաւորին՝ Բենադադի ղրկեց՝ ըսելով.
3«Իմ ու քու միջեւ, եւ իմ հօրս ու քու հօրդ միջեւ դաշինք կայ։ Ահա՛ քեզի արծաթ եւ ոսկի կը ղրկեմ. գնա՛ ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ կնքած դաշինքդ խզէ՛, որպէսզի ան ինձմէ 2հեռանայ»։
4Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքը մտիկ ըրաւ, իր զօրապետները Իսրայէլի քաղաքներուն դէմ ղրկեց, եւ Իյոնը, Դանը, Աբէլ-Մայիմն ու Նեփթաղիմի բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։
5Բաասա այս լուրը լսելով՝ Ռաման կառուցանելէն հրաժարեցաւ, եւ իր գործը դադրեցուց։
6Ուստի Ասա թագաւորը ամբողջ Յուդան առաւ, Ռամայի քարերն ու անոր փայտերը փոխադրեցին, որոնցմով Բաասա կը կառուցանէր, եւ անոնցմով Գաբան ու Մասփան կառուցանեց։
ԱՆԱՆԻ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
7Այդ ատեն Անանի տեսանողը Յուդայի Ասա թագաւորին եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Որովհետեւ Սուրիայի թագաւորին 3ապաւինեցար, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ չապաւինեցար, Սուրիայի թագաւորին զօրագունդը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։
8Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիպիացիները բազմաթիւ զօրագունդ մը չէի՞ն՝ յոյժ շատ կառքերով ու ձիաւորներով. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջ ապաւինեցար, զանոնք քու ձեռքդ մատնեց։
9Արդարեւ Տէրոջ աչքերը ամբողջ երկրին մէջ կը շրջագային, որպէսզի իրեն կատարեալ սիրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմիտ եղար. ասկէ ետք պատերազմներ պիտի ունենաս»։
10Ասա այդ տեսանողին դէմ գրգռուեցաւ, ու զայն 4արգելարանը դրաւ, որովհետեւ այս խօսքին համար յոյժ բարկացաւ անոր դէմ։ Այդ ատեն Ասա ժողովուրդէն ոմանք 5ճնշեց։
ԱՍԱՅԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Գ. Թագ. 15. 23-24)
11Ասայի արարքները, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ Յուդայի եւ Իսրայէլի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած է։
12Ասա իր թագաւորութեան երեսունիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ. անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ, սակայն իր հիւանդութեան մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկները փնտռեց։
13Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ. ան իր թագաւորութեան քառասունմէկերորդ տարին մեռաւ։
14Զինք Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ իրեն համար փորած գերեզմանը թաղեցին. զայն բուրաւէտ համեմներով ու 6բուրագործի արհեստին զանազան բաղադրութիւններով լեցուած անկողինի մը վրայ պառկեցուցին, եւ անոր համար յոյժ շատ խունկ ծխեցին։