Loading...

2 Chronicles 17

1 Chronicles  «  2 Chronicles 16  ‹  2 Chronicles 17  ›  2 Chronicles 18  »  Ezra


ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԿԸ ԹԱԳԱՒՈՐԷ

1

Անոր տեղ իր որդին՝ Յովսափատ թագաւոր եղաւ, եւ Իսրայէլի դէմ ուժովցաւ։

2

Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրագունդեր դրաւ, ու Յուդայի երկրին մէջ եւ իր հօր՝ Ասայի գրաւած Եփրեմի քաղաքներուն մէջ պահակազօրքեր դրաւ։

3

Տէրը Յովսափատի հետ էր, քանի որ ան իր հօր՝ Դաւիթի առաջին ճամբաներէն ընթացաւ. Բահաղները չփնտռեց,

4

հապա իր հօր Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրաններով ընթանալով, եւ ո՛չ թէ Իսրայէլի պէս ընելով։

5

Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց. ամբողջ Յուդան Յովսափատի ընծաներ կը բերէր, ուստի շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։

6

Անոր սիրտը Տէրոջ ճամբաներուն մէջ 1զօրացաւ. ան բարձր տեղերն ու աստարովթներն ալ Յուդայէն հանեց։

7

Իր թագաւորութեան երրորդ տարին, իր իշխանաւորները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը եւ Միքիան ղրկեց, որպէսզի Յուդայի քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։

8

Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա եւ Յովրամ քահանաները։

9

Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին, իրենց հետ ունենալով Տէրոջ Օրէնքին գիրքը։ Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ կը շրջէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։


ՅՈՎՍԱՓԱՏԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

10

Յուդայի շրջակայ երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջ երկիւղը 2ինկաւ, ու Յովսափատի դէմ չպատերազմեցան։

11

Փղշտացիներէն ալ Յովսափատի ընծաներ եւ 3տուրք բերին։ Արաբներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։

12

Յովսափատ 4հետզհետէ չափազանց կը մեծնար, եւ Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ կառուցանեց։

13

Ան Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ 5գործեր ունէր, իսկ Երուսաղէմի մէջ՝ պատերազմիկներ ու զօրաւոր կտրիճներ։

14

Ահա՛ւասիկ անոնց թիւը՝ իրենց 6նահապետութիւններուն համեմատ.— Յուդայի հազարապետներէն՝ Եդնա պետը, եւ անոր հետ՝ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճ.

15

անոր քով՝ Յոհանան պետը, ու անոր հետ՝ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդ.

16

անոր քով՝ Զեքրիի որդին՝ Ամասիա, որ Տէրոջ 7ուխտաւորն էր, եւ անոր հետ՝ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճ։

17

Բենիամինէն՝ զօրաւոր կտրիճ Եղիադան, ու անոր հետ՝ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր եւ վահանաւոր սպառազէններ.

18

անոր քով՝ Յովզաբադ, ու անոր հետ՝ հարիւր ութսուն հազար զինեալ զօրք։

19

Ասոնք էին թագաւորին սպասարկուները, բացի անոնցմէ՝ որ թագաւորը ամբողջ Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն վրայ կարգած էր։



1 Եբր.՝ խրոխտացաւ
2 Եբր.՝ եղաւ
3 Եբր.՝ հարկի դրամ
4 Եբր.՝ երթալով
5 Եբր.՝ ստացուածք
6 Այսինքն՝ հայրերու տուներուն
7 Եբր.՝ յօժարակամ ընծայուածն