Loading...

2 Chronicles 18

1 Chronicles  «  2 Chronicles 17  ‹  2 Chronicles 18  ›  2 Chronicles 19  »  Ezra


ՄԻՔԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՔԱԱԲԸ (Գ. Թագ. 22. 1-28)

1

Յովսափատ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ. նաեւ Աքաաբի խնամի եղաւ։

2

Քանի մը տարի ետք Սամարիա իջաւ՝ Աքաաբի քով։ Աքաաբ անոր եւ անոր հետ եղող ժողովուրդին բազմաթիւ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց, եւ զայն համոզեց, որ Ռամովթ- Գաղաադ բարձրանայ։

3

Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Ան ալ իրեն պատասխանեց. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս ալ՝ քու ժողովուրդիդ պէս. քեզի հետ պատերազմի կ’երթանք»։

4

Ապա Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, 1նախ Տէրո՛ջ խօսքը փնտռէ»։

5

Ուստի Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, չորս հարիւր մարդ, եւ անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի դէմ պատերազմելու երթա՞նք, թէ հրաժարիմ»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Բարձրացի՛ր, որովհետեւ Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։

6

Սակայն Յովսափատ ըսաւ. «Հոս ուրիշ Տէրոջ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր ալ խորհուրդ հարցնենք»։

7

Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի պատասխանեց. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջ խորհուրդ հարցնել. բայց ես զինք կ’ատեմ, քանի որ ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ միշտ չարիք. ան Յեմլայի որդին՝ Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։

8

Իսրայէլի թագաւորը պալատական մը կանչեց եւ ըսաւ. «Շուտո՛վ հոս բեր Յեմլայի որդին՝ Միքիան»։

9

Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, իրենց շքեղ հագուստները հագած, իւրաքանչիւրը իր գահին վրայ բազմած էր՝ Սամարիայի դրան մուտքի հրապարակին մէջ. բոլոր մարգարէներն ալ անոնց առջեւ կը մարգարէանային։

10

Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա իրեն երկաթէ եղջիւրներ շիներ էր, եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ասոնցմո՛վ 2Ասորիները պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք սպառես”»։

11

Բոլոր մարգարէներն ալ նոյնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացի՛ր, եւ պիտի յաջողիս. Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։

12

Միքիան կանչելու գացող պատգամաւորը անոր ըսաւ. «Ահա՛ բոլոր մարգարէները մէկ բերանով թագաւորին համար բարիք 3գուշակեցին. կ’աղերսե՛մ, քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս թող ըլլայ, ու բարի՛ք գուշակէ»։

13

Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։

14

Երբ ինք թագաւորին եկաւ, թագաւորը իրեն ըսաւ. «Միքիա՛, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ հրաժարիմ»։ Ինք պատասխանեց. «Բարձրացէ՛ք, եւ պիտի յաջողիք. անոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնուին»։

15

Թագաւորը իրեն ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնեցնեմ քեզ, որպէսզի միայն ճշմարիտը ըսես ինծի՝ Տէրոջ անունով»։

16

Ինք ալ պատասխանեց. «Ամբողջ Իսրայէլը լեռներու վրայ ցրուած տեսայ՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս, եւ Տէրը ըսաւ. “Ասոնք տէր չունին. ամէն մարդ խաղաղութեամբ իր տունը թող վերադառնայ”»։

17

Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ ան ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ չարիք»։

18

Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէք։ Տէրը իր գահին վրայ բազմած տեսայ, ու երկինքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը եւ ձախ կողմը կայնած էին։

19

Տէրը ըսաւ. “Ո՞վ կրնայ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը հրապուրել, որ Ռամովթ-Գաղաադ բարձրանայ ու 4կորսուի”։ Մէկը ա՛յսպէս պատասխանեց, միւսը՝ այ՛նպէս։

20

Ոգի մըն ալ դուրս ելաւ, Տէրոջ ներկայացաւ եւ ըսաւ. “Ե՛ս զայն պիտի հրապուրեմ”։ Տէրը անոր ըսաւ. “Ի՞նչպէս”։

21

Ան ալ պատասխանեց. “Դուրս պիտի ելլեմ, եւ անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը 5ստախօս ոգի մը պիտի ըլլամ”։ Տէրը անոր ըսաւ. “Դուն պիտի հրապուրես ու պիտի յաջողիս. դո՛ւրս ելիր, եւ ա՛յդպէս ըրէ”։

22

Ուրեմն հիմա ահա՛ Տէրը այս բոլոր մարգարէներուդ բերանը ստախօս ոգի մը դրեր է, ու Տէրը քու մասիդ չարիք խօսեցաւ»։

23

Այն ատեն Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա մօտեցաւ, Միքիայի այտին զարկաւ եւ ըսաւ. «Տէրոջ Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս 6հեռացաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։

24

Միքիա պատասխանեց. «Ահա՛ պիտի տեսնես այն օրը, երբ պահուըտելու համար սենեակէ սենեակ պիտի երթաս»։

25

Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Առէ՛ք Միքիան, 7տարէ՛ք զինք Ամոն քաղաքապետին ու թագաւորին որդիին՝ Յովասի,

26

եւ ըսէ՛ք. “Թագաւորը սա՛ կը հրամայէ. "Ասիկա բա՛նտը դրէք, ու անոր տանջանքի՛ հաց կերցուցէք եւ տանջանքի՛ ջուր խմցուցէք՝ մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ 8վերադառնամ"”»։

27

Միքիա ալ ըսաւ. «Եթէ բնաւ խաղաղութեամբ վերադառնաս, Տէրը ինձմով խօսած չըլլայ»։ Յետոյ ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, բոլո՛րդ ալ լսեցէք»։


ԱՔԱԱԲԻ ՄԱՀԸ (Գ. Թագ. 22. 29-35)

28

Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացան։

29

Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Պիտի ծպտուիմ եւ ա՛յդպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն հագի՛ր հագուստդ»։ Իսրայէլի թագաւորը ծպտուեցաւ, ու պատերազմին մէջ մտան։

30

Սուրիայի թագաւորը իր կառքերու վերահսկիչներուն պատուիրեր էր. «Պզտիկի կամ մեծի դէմ մի՛ պատերազմիք, հապա միայն Իսրայէլի թագաւորին դէմ»։

31

Ուստի երբ կառքերու վերահսկիչները Յովսափատը տեսան, ըսին. «Ասիկա՛ է Իսրայէլի թագաւորը», եւ զինք շրջապատեցին՝ իրեն դէմ պատերազմելու համար։ Յովսափատ ալ աղաղակեց, ու Տէրը իրեն օգնեց. Աստուած զանոնք դրդեց որ իրմէ հեռանան։

32

Երբ կառքերու վերահսկիչները տեսան թէ ան Իսրայէլի թագաւորը չէ, 9զայն հետապնդելէն՝՝ վերադարձան։

33

Իսկ մարդ մը, 10առանց դիտաւորութեան՝՝, իր աղեղը քաշեց եւ Իսրայէլի թագաւորը 11զրահին օղակներուն մէջէն՝՝ զարկաւ։ Այն ատեն ան իր կառապանին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձո՛ւր ու բանակէն դո՛ւրս հանէ զիս, որովհետեւ վիրաւորուեցայ»։

34

Այդ օրը պատերազմը սաստկացաւ. Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն իր կառքին մէջ կեցաւ՝ 12Ասորիներուն դիմաց, եւ արեւին մայր մտած ատենը մեռաւ։



1 Եբր.՝ այսօր
2 Եբր.՝ Սուրիան
3 Եբր.՝ խօսեցան
4 Եբր.՝ իյնայ
5 Եբր.՝ կեղծիքի
6 Եբր.՝ անցաւ
7 Եբր.՝ վերադարձուձէ՛ք
8 Եբր.՝ մտնեմ
9 Եբր.՝ անոր ետեւէն
10 Եբր.՝ պարզամտութեամբ, կամ՝ անթերի կերպով
11 Եբր.՝ կցուածքներուն ու զրահին մէջտեղէն
12 Եբր.՝ Արամացիներուն, այսինքն՝ Սուրիացիներուն