2 Corinthians 1
1 Corinthians « 1 Corinthians 16 ‹ 2 Corinthians 1 › 2 Corinthians 2 » Galatians
1
Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն. շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ։
Պ0ՂՈՍ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
2Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, արգահատանքի Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը,
3որ կը մխիթարէ մեզ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ, որպէսզի մենք կարենանք մխիթարել անոնք՝ որ որեւէ տառապանքի մէջ են, այն մխիթարութեամբ՝ որով մենք կը մխիթարուինք Աստուծմէ.
4որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի չարչարանքները կ’առատանան մեր մէջ, նմանապէս մեր մխիթարութիւնն ալ կ’առատանայ Քրիստոսի միջոցով։
5Եթէ տառապինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է, որ արդիւնաւոր կ’ըլլայ՝ համբերելով այն նոյն չարչարանքներուն, որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք. ու եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է։
6Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք։
7Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն։
8Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ։
9Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ, ու կ’ազատէ.
10եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ։ Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած 1շնորհին համար։
ՊՕՂՈՍԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
11Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ։
12Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,
13ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը։
14Այս վստահութեամբ կը փափաքէի նախ գալ ձեզի, որպէսզի դուք երկրորդ շնորհք մը ընդունիք,
15անցնիլ ձեզմէ դէպի Մակեդոնիա, եւ Մակեդոնիայէն դարձեալ գալ ձեզի, ու ձեզմէ ուղարկուած՝ երթալ Հրէաստան։
16Ուրեմն երբ այսպէս փափաքեցայ, միթէ թեթեւութեա՞մբ վարուեցայ. եւ կամ՝ ինչ որ ես կը ծրագրեմ, մարմնաւորապէ՞ս կը ծրագրեմ, 2որպէսզի իմ քովս «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, եւ «ո՛չ»ը՝ ո՛չ՝՝։
17Սակայն Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզի հասած մեր խօսքը «այո՛» եւ «ո՛չ» չէր.
18քանի որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ քարոզուեցաւ ձեզի մեր միջոցով, (ինձմով, Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո՛» եւ «ո՛չ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո՛»ն։
19Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր խոստումները՝ իր մէջ «այո՛» են, եւ իր մէջ «ամէ՛ն» են՝ Աստուծոյ փառքին համար մեր միջոցով։
20Ուրեմն ա՛ն որ հաստատեց մեզ Քրիստոսով՝ ձեզի հետ, եւ օծեց մեզ՝ Աստուա՛ծ է,
21որ նաեւ կնքեց մեզ ու տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը՝ մեր սիրտերուն մէջ։
22Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, թէ տակաւին Կորնթոս չեկայ՝ խնայելու համար ձեզի։
23Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք։