Loading...

2 Corinthians 2

1 Corinthians  «  2 Corinthians 1  ‹  2 Corinthians 2  ›  2 Corinthians 3  »  Galatians


1

Սակայն ես ինծի սա՛ որոշեցի, որ դարձեալ տրտմութեամբ չգամ ձեզի։

2

Որովհետեւ եթէ ես տրտմեցնեմ ձեզ, ա՛լ ո՞վ է որ պիտի ուրախացնէ զիս, եթէ ոչ ան՝ որ տրտմեցաւ ինձմէ։

3

Ասիկա 1գրեցի, որ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը չկրեմ անոնցմէ՝ որ պէտք է ուրախացնեն զիս. քանի որ ձեր բոլորին մասին համոզուած եմ թէ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորինն է։

4

Որովհետեւ շատ տառապանքի մէջ եւ սիրտի կսկիծով գրեցի ձեզի՝ շատ արցունքով. ո՛չ թէ՝ որպէսզի տրտմիք, հապա գիտնաք այն յորդառատ սէ՛րը՝ որ ունիմ ձեզի հանդէպ։


ՆԵՐՈՒՄ ՆԱԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ

5

Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա 2մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝։

6

Բաւական է այդպիսի մարդուն այն պատիժը՝ որ տրուեցաւ շատերէ։

7

Հետեւաբար՝ ընդհակառակը՝ պէտք է փոխարէնը ներել անոր ու մխիթարել զայն, որպէսզի այնպիսին 3չյուսալքուի չափազանց տրտմութենէն։

8

Ուստի կ’աղաչե՛մ ձեզի, որ անոր հանդէպ վաւերացնէք ձեր սէրը.

9

(քանի որ սա՛ նպատակով ալ գրեցի, որպէսզի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ էք։

10

Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի 4անձով.)

11

որպէսզի Սատանան մեզ չկեղեքէ, քանի որ չենք անգիտանար անոր դիտաւորութիւնները։


ՊՕՂՈՍԻ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏՐՈՎԱԴԱՅԻ ՄԷՋ

12

Ուրեմն երբ հասայ Տրովադա՝ Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու, թէպէտ Տէրը դուռ մը բացած էր ինծի,

13

անդորրութիւն չունեցայ հոգիիս մէջ, որովհետեւ հոն չգտայ եղբայրս՝ Տիտոսը. հապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ՝ մեկնեցայ Մակեդոնիա։


ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ

14

Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ ամէն ատեն մեզի յաղթութիւն կը պատճառէ Քրիստոսով, ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով կը յայտնաբերէ ամէն տեղ։

15

Որովհետեւ մենք՝ Աստուծոյ համար՝ Քրիստոսի անոյշ հոտն ենք, թէ՛ փրկուածներուն եւ թէ կորսուողներուն մէջ։

16

Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ, ոմանց ալ՝ կեանքի հոտ դէպի կեանք։ Եւ ո՞վ ընդունակ է ընելու այս բաները։

17

Քանի որ մենք շատերուն պէս չենք, որոնք կը խարդախեն Աստուծոյ խօսքը. հապա անկեղծութեա՛մբ, Աստուծմէ ղրկուած եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք՝ Քրիստոսով։



1 Ոմանք՝ գրեցի ձեզի
2 Կամ՝ մասամբ, որ ձեր ամենուն վրայ ծանրութիւն չձգեմ
3 Յուն.՝ չընկղմի
4 Կամ՝ առջեւ