Acts 8
John « Acts 7 ‹ Acts 8 › Acts 9 » Romans
ՍՕՂՈՍ ԿԸ ՀԱԼԱԾԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
1Այդ 1օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ՝ բոլորն ալ ցրուեցան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկրամասերուն մէջ։
2Բարեպաշտ մարդիկ վերցուցին Ստեփանոսը, եւ մեծապէս հեծեծեցին անոր վրայ։
3Իսկ Սօղոս կ’աւերէր եկեղեցին. կը մտնէր տուները, կը քաշկռտէր այր մարդիկ ու կիներ, եւ կը մատնէր զանոնք՝ բանտ նետուելու։
ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԿԸ ՔԱՐՈԶՈՒԻ ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՄԷՋ
4Ուրեմն անոնք որ ցրուած էին՝ կը շրջէին խօսքը աւետելով։
5Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։
6Եւ բազմութիւնը՝ միաբան՝ ուշադիր էր Փիլիպպոսի ըսածներուն, լսելով ու տեսնելով անոր ըրած նշանները։
7Որովհետեւ անմաքուր ոգիները բարձրաձայն գոռալով դուրս կ’ելլէին բազմաթիւ դիւահարներէ,
8եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բուժուէին։
9Ուստի մեծ ուրախութիւն եղաւ այդ քաղաքին մէջ։ Բայց մարդ մը կար՝ Սիմոն անունով, որ նախապէս մոգութիւն կ’ընէր այդ քաղաքին մէջ եւ կը շշմեցնէր Սամարիայի ազգը, իր մասին ըսելով թէ մեծ մէկն է։
10Բոլորն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծը, ուշադիր էին անոր ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ (կոչուած) զօրութիւնն է»։
11Ուշադրութիւն կը դարձնէին իրեն, որովհետեւ կը շշմեցնէր զիրենք մոգութիւններով՝ երկար ժամանակէ ի վեր։
12Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի՝ որ կ’աւետէր Աստուծոյ թագաւորութեան ու Յիսուս Քրիստոսի անունին մասին, մկրտուեցան թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ։
13Սիմոն ինք ալ հաւատաց, ու մկրտուելով՝ 2չէր թողուր Փիլիպպոսը՝՝, եւ կը զմայլէր՝ տեսնելով կատարուած հրաշքներն ու մեծ նշանները։
14Երբ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները լսեցին թէ Սամարացիները ընդունած են Աստուծոյ խօսքը, ղրկեցին անոնց Պետրոսն ու Յովհաննէսը,
15որոնք հոն հասնելով՝ աղօթեցին անոնց համար, որպէսզի ստանան Սուրբ Հոգին։
16(Որովհետեւ դեռ անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ 3իջած չէր, հապա միայն մկրտուած էին Տէր Յիսուսի անունով։)
17Այն ատեն իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, ու կը ստանային Սուրբ Հոգին։
18Սիմոն, տեսնելով թէ Սուրբ Հոգին կը տրուի՝ առաքեալներուն ձեռնադրութեամբ, դրամ մատուցանեց անոնց եւ ըսաւ.
19«Ինծի՛ ալ տուէք այս իշխանութիւնը, որպէսզի որո՛ւ վրայ որ ձեռք դնեմ՝ ստանայ Սուրբ Հոգին»։
20Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ թող կորսուի քեզի հետ, որովհետեւ կարծեցիր թէ Աստուծոյ պարգեւը կը ստացուի դրամով։
21Դուն մաս ու բաժին չունիս այդ բանին մէջ, որովհետեւ սիրտդ ուղիղ չէ Աստուծոյ առջեւ։
22Ուրեմն զղջա՛ այդ չարամտութենէդ եւ աղերսէ՛ Աստուծոյ. թերեւս ներուի քեզի սիրտիդ չար մտածումը։
23Որովհետեւ կը տեսնեմ քեզ մաղձի դառնութեան եւ անիրաւութեան կապին մէջ»։
24Սիմոն պատասխանեց. «Դո՛ւք աղերսեցէք Տէրոջ ինծի համար, որպէսզի այդ ձեր ըսածներէն ոչինչ 4պատահի ինծի՝՝»։
25Անոնք ալ՝ վկայելէ ու Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, աւետարանելով Սամարացիներու բազմաթիւ գիւղերուն մէջ։
ՓԻԼԻՊՊՈՍ ՈՒ ԵԹՈՎՊԻԱՑԻ ՊԱԼԱՏԱԿԱՆԸ
26Տէրոջ հրեշտակը խօսեցաւ Փիլիպպոսի՝ ըսելով. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան՝ որ կ’իջնէ Երուսաղէմէն դէպի Գազա եւ ամայի է»։
27Ան ալ կանգնեցաւ ու գնաց։ Եւ ահա՛ եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ 5պալատականը,— որ անոր բոլոր գանձերուն վերակացուն էր ու Երուսաղէմ եկած էր երկրպագելու,—
28կը վերադառնար եւ իր կառքը նստած՝ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը։
29Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսի. «Մօտեցի՛ր ու գնա՛ այդ կառքին քով»։
30Փիլիպպոս ալ վազելով գնաց մօտը, լսեց թէ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը,
31եւ ըսաւ. «Արդեօք կը հասկնա՞ս կարդացածդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը չառաջնորդէ զիս». եւ աղաչեց Փիլիպպոսի՝ որ ելլէ իր քով նստի։
32Գիրքին մէջ կարդացած հատուածը սա՛ էր. «Ոչխարի պէս 6սպանդանոց տարուեցաւ, ու զինք խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառի պէս՝ իր բերանը չբացաւ։
33Իր նուաստացումին մէջ՝ իր իրաւունքը առնուեցաւ, եւ ո՞վ պիտի պատմէ անոր սերունդին մասին. որովհետեւ անոր կեանքը երկրէն վերցուած է»։
34Ներքինին 7հարցուց Փիլիպպոսի. «Կ’աղերսե՛մ քեզի, մարգարէն որո՞ւ համար կ’ըսէ ասիկա. ինքնիրե՞ն համար՝ թէ ուրիշի մը համար»։
35Ուստի Փիլիպպոս բացաւ իր բերանը, եւ սկսելով Գիրքին այդ խօսքէն՝ Յիսուսը աւետեց անոր։
36Մինչ կ’երթային իրենց ճամբան, եկան ջուրի մը քով։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ա՛լ ի՞նչ կ’արգիլէ զիս մկրտուելէ»։
37(Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ կը հաւատաս ամբողջ սիրտովդ՝ արտօնուած է»։ Ան ալ պատասխանեց. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին է»։)
38Ու հրամայեց որ կայնեցնեն կառքը։ Երկուքն ալ իջան ջուրը, թէ՛ Փիլիպպոս, թէ՛ ներքինին. ու մկրտեց զայն։
39Երբ դուրս ելան ջուրէն, Տէրոջ Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը. ներքինին ա՛լ չտեսաւ զայն, եւ գնաց իր ճամբան ուրախութեամբ։
40Իսկ Փիլիպպոս գտնուեցաւ Ազովտոսի մէջ, ու շրջելով աւետարանեց բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ մինչեւ որ հասաւ Կեսարիա։