Amos 2
Joel « Amos 1 ‹ Amos 2 › Amos 3 » Obadiah
զ- ՄՈՎԱԲ
1Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Մովաբի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի 1չկասեցնեմ. Արդարեւ Եդովմի թագաւորին ոսկորները այրեց՝ կիրի վերածելով։
2Ուստի Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ Կարիոթի պալատները։ Մովաբ ժխորի ու գոչիւնի մէջ, շեփորի ձայնով պիտի մեռնի։
3Անոր մէջէն դատաւորը պիտի բնաջնջեմ, Եւ իրեն հետ իր բոլոր իշխանաւորները պիտի մեռցնեմ», կը յայտարարէ Տէրը։
է- ՅՈԻԴԱ
4Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Յուդայի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ անոնք Տէրոջ օրէնքը 2մերժեցին Եւ անոր պատուիրանները չպահեցին, Հապա իրենց ստութիւնները զիրենք մոլորեցուցին, Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։
5Ուստի Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ Երուսաղէմի պալատները»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
6Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իսրայէլի երեք յանցանքին համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ անոնք արդարը ծախեցին դրամի փոխարէն, Եւ աղքատը՝ զոյգ մը կօշիկի։
7Անոնք չքաւորներուն գլուխին վրայ կը 3տենչան երկրի հողը տեսնել, Ու հեզերուն ճամբան կը ծռեն. Իմ սուրբ անունս աղարտելու համար՝ 4Որդին եւ հայրը միեւնոյն պատանուհիին կը մտնեն։
8Անոնք ամէն բագինի քով կ’երկննան՝ Գրաւ առնուած հագուստներու վրայ, Եւ իրենց աստուածներուն տան մէջ Տուգանքի ենթարկուածներուն գինին կը խմեն։
9Մինչդեռ ե՛ս անոնց առջեւէն բնաջնջեցի Ամորհացին, Որուն բարձրութիւնը մայրիներու բարձրութեան պէս էր, Ու կաղնիներու պէս զօրաւոր էր. Վերէն անոր պտուղը փճացուցի, Եւ վարէն՝ անոր արմատները։
10Ե՛ս ձեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցի, Ու ձեզի քառասուն տարի անապատին մէջ քալել տուի, Որպէսզի Ամորհացիին երկրին տիրանաք։
11Նաեւ ձեր որդիներէն մարգարէներ հանեցի, Եւ ձեր երիտասարդներէն՝ 5ուխտաւորներ։ Միթէ այդպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,— կը պատգամէ Տէրը։—
12Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք, Ու մարգարէներուն հրամայեցիք. “Մի՛ մարգարէանաք”։
13Ահա՛ ես 6ձեզ պիտի ճզմեմ ձեր եղած տեղը, Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը կը ճզմէ իր անցած տեղը՝՝.
147Թեթեւաշարժը պիտի չկարենայ փախչիլ՝՝, Ուժեղը պիտի չկարենայ իր ոյժը 8գործածել, Զօրաւորը պիտի չկարենայ իր անձը ազատել.
15Աղեղ բռնողը պիտի չկարենայ կայնիլ, 9Թեթեւաշարժը պիտի չկարենայ ինքզինք ազատել, Ձի հեծնողն ալ պիտի չկարենայ իր անձը ազատել.
16Զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը՝ Այդ օրը մերկ պիտի փախչի», կը պատգամէ Տէրը։