Loading...

Amos 3

Joel  «  Amos 2  ‹  Amos 3  ›  Amos 4  »  Obadiah


1

Լսեցէ՛ք սա՛ խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Որ Տէրը ձեզի դէմ կ’արտասանէ, Այն ամբողջ գերդաստանին դէմ՝ Որ Եգիպտոսի երկրէն 1բարձրացուց.

2

«Երկրագունդի բոլոր գերդաստաններէն միայն ձեզ ճանչցայ, Հետեւաբար ձեզ պիտի 2պատժեմ ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար»։


ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԳՈՐԾԸ

3

«Երկու մարդիկ միասին կը քալե՞ն՝ Եթէ իրարու չհանդիպին։

4

Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞, Եթէ որս մը չունենայ. Կորիւնը իր որջէն 3կը գոռա՞յ՝՝, Եթէ բան մը բռնած չըլլայ։

5

Միթէ ճնճղուկը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ, Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ. Վարմը գետինէն կը վերցուի՞, Երբ բան մը բռնած չըլլայ։

6

Եթէ քաղաքին մէջ շեփոր հնչուի, Ժողովուրդը չի՞ սարսռար։ Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կը պատահի՞, Եթէ Տէրը զայն ըրած չըլլայ։

7

Ի՛րապէս Տէրը՝ Եհովան ոչինչ կ’ընէ, Առանց իր գաղտնիքը յայտնելու իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն։

8

Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ. Տէրը՝ Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։


ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

9

4Կանչեցէ՛ք Ազովտոսի մէջ՝ պալատներուն վրայ, Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ պալատներուն վրայ, եւ ըսէ՛ք. «Հաւաքուեցէ՛ք Սամարիայի լեռներուն վրայ, Ու տեսէ՛ք անոր ներսը եղած մեծ խռովութիւնը, Եւ անոր մէջ գործուած հարստահարութիւնները։

10

Արդարեւ ուղղամտութեամբ վարուիլ չեն գիտեր,— կը պատգամէ Տէրը,— Հապա իրենց պալատներուն մէջ բռնութիւն ու զրկանք կը դիզեն»։

11

Ուստի Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Հակառակորդը երկիրը պիտի շրջապատէ, Զօրութիւնդ 5պիտի խորտակէ՝՝, Եւ պալատներդ պիտի կողոպտուին»։

12

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ինչպէս հովիւը առիւծին երախէն Երկու սրունք կամ ականջի կտոր մը կ’ազատէ, Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները, Որոնք Սամարիայի մէջ 6բազմոցի մը անկիւնը կը նստին, Ու 7Դամասկոսի կերպասով զարդարուած՝՝ մահճակալի վրայ»։

13

«Լսեցէ՛ք ու Յակոբի տան վկայեցէ՛ք,— Կը պատգամէ զօրքերու Աստուածը, Տէրը՝ Եհովան.—

14

Այն օրը՝ երբ Իսրայէլի յանցանքները անոր հատուցանեմ, Բեթէլի բագիններն ալ 8պիտի պատժեմ՝՝. Բագինին եղջիւրները պիտի կոտրին ու գետինը իյնան։

15

Ձմեռնային տունը պիտի 9քանդեմ ամառնային տան հետ, Փղոսկրէ տուները պիտի կորսուին, Եւ մեծ տուները պիտի 10անհետանան», կը պատգամէ Տէրը։



1 Եբր.՝ բարձրացուցի
2 Եբր.՝ հատուցանեմ
3 Եբր.՝ ձայնը լսել կու տա՞յ
4 Եբր.՝ Լսե՛լ տուէք
5 Եբր.՝ քեզմէ պիտի իջեցնէ
6 Կամ՝ մահիճի
7 Կամ՝ Դամասկոսի մէջ
8 Եբր.՝ աչքէ պիտի անցընեմ
9 Եբր.՝ զարնեմ
10 Եբր.՝ բնաջնջուին