Amos 4
Joel « Amos 3 ‹ Amos 4 › Amos 5 » Obadiah
1
«Լսեցէ՛ք սա՛ խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերան վրայ եղող Բասանի կովեր, Որ չքաւորները կը հարստահարէք, Աղքատները կը ճնշէք, Եւ ձեր տէրերուն կ’ըսէք. “Բե՛ր՝ որպէսզի խմենք”։
2Տէրը՝ Եհովան իր սրբութեամբ երդում ըրաւ, Թէ ահա՛ ձեր վրայ պիտի գան օրերը՝ Երբ ձեզ կեռերով պիտի վերցնէ, Ու ձեր յետնորդները՝ ձուկի կարթերով։
3Դուք խրամատներէն դուրս պիտի ելլէք՝ իւրաքանչիւրը իր դիմացը երթալով, Եւ բերդը պիտի նետուիք», կը պատգամէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
4«Բեթէ՛լ եկէք ու յանցա՛նք գործեցէք, Գաղգաղայի մէջ շատցուցէ՛ք յանցանքները. Ձեր զոհերը ամէ՛ն առտու բերէք, Եւ ձեր տասանորդները՝ երեք 1օրը անգամ մը։
5Շնորհակալութեան զոհը խմորեա՛լ մատուցանեցէք, Ու յօժարակա՛մ ընծաներ յայտարարեցէք եւ 2ծանուցանեցէք, Քանի որ ասիկա սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
6Ես ալ ձեզի ակռայի 3մաքրութիւն տուի ձեր քաղաքներուն մէջ, Ու հացի կարօտութիւն՝ ձեր բոլոր տեղերը, Սակայն ինծի չվերադարձաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
7Նաեւ տեղատարափը կասեցուցի հունձքէն երեք ամիս առաջ, Ու մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի, Իսկ միւս քաղաքին վրայ անձրեւ չտեղացուցի. 4Արտի մը վրայ անձրեւեց, Բայց միւս արտը՝ որուն վրայ անձրեւած չէր՝ չորցաւ.
8Երկու-երեք քաղաքներ՝ ջուր խմելու համար 5Ուրիշ քաղաք մը գացին՝՝, Բայց 6չյագեցան, Սակայն ինծի չվերադարձաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
9Ձեզ խորշակահարութեամբ եւ արմտիքի դալուկով զարկի, Խառնիճը սպառեց ձեր բազմաթիւ պարտէզներն ու այգիները, Թզենիներն ու ձիթենիները, Սակայն ինծի չվերադարձաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
10Ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի՝ 7ինչպէս Եգիպտոսի մէջ՝՝, Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի՝ Ձեր ձիերը գերեվարելով, Ձեր բանակավայրերուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը 8հասցուցի, Սակայն ինծի չվերադարձաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
11Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի, Հրդեհէն ազատուած 9խանձողի պէս եղաք, Սակայն ինծի չվերադարձաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
12Հետեւաբար սա՛պէս պիտի վարուիմ քեզի հետ, ո՛վ Իսրայէլ. Եւ քանի սա՛պէս պիտի վարուիմ քեզի հետ, Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ՛, ո՛վ Իսրայէլ.
13Որովհետեւ ահա՛ կու գայ ան՝ որ լեռները ձեւակերպեց ու հովը ստեղծեց, Եւ մարդուն կը յայտնէ թէ ի՛նչ է իր մտածումը, Ան՝ որ արշալոյսը մութ կ’ընէ Ու երկրի բարձունքներուն վրայ կը քալէ. Անոր անունը “Եհովա՝ զօրքերու Աստուած” է»։