Loading...

Amos 5

Joel  «  Amos 4  ‹  Amos 5  ›  Amos 6  »  Obadiah


ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ

1

Լսեցէ՛ք սա՛ խօսքը, որ իբր ողբ կը բարձրացնեմ ձեր վրայ, Ո՛վ Իսրայէլի տունը.

2

«Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգա՛մ մըն ալ պիտի չկանգնի. Իր հողին վրայ երեսէ ձգուած է, ո՛չ մէկը զայն կը կանգնեցնէ»։

3

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Այն քաղաքին մէջ՝ ուրկէ հազար պատերազմիկ կ’ելլէր, Հարիւր պիտի մնայ. Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր՝ Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տան»։

4

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ Իսրայէլի տան. «Զի՛ս փնտռեցէք, որ ապրիք.

5

Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք, Գաղգաղա մի՛ մտնէք, Բերսաբէէն մի՛ անցնիք. Որովհետեւ Գաղգաղա անշուշտ պիտի տարագրուի, Ու Բեթէլ պիտի 1ոչնչանայ»։

6

Տէ՛րը փնտռեցէք, որ ապրիք. Որպէսզի կրակի պէս չներխուժէ Յովսէփի տունը Եւ զայն չսպառէ, ու Բեթէլի մէջ ո՛չ մէկը կարենայ զայն մարել։

7

Դո՛ւք՝ որ իրաւունքը օշինդրի կը փոխէք, Եւ արդարութիւնը գետինը կը ձգէք,

8

Փնտռեցէ՛ք զայն. ի՛նք Բազմաստեղն ու Հայկը 2ստեղծեց, Ի՛նք մահուան շուքը առտուան լոյսի կը վերածէ, Եւ ցերեկը գիշերուան պէս կը 3մթնցնէ. Ի՛նք ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Ու զանոնք երկրի մակերեսին վրայ կը թափէ։ Անոր անունը Եհովա է.

9

Ի՛նք զօրեղին վրայ յանկարծ կործանում կը բերէ, Եւ կործանումը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։

10

4Դատարանին մէջ կշտամբողը կ’ատեն, Պարկեշտութեամբ խօսողէն կը գարշին։

11

Հետեւաբար, քանի չքաւորը ոտնակոխ կ’ընէք Եւ իրմէ ցորենի 5պարգեւներ կ’առնէք, Տաշուած քարէ տուներ կառուցանեցիք՝ Բայց անոնց մէջ պիտի չբնակիք. Ցանկալի այգիներ տնկեցիք՝ Սակայն անոնց գինին պիտի չխմէք։

12

Արդարեւ գիտեմ ձեր բազմաթիւ յանցանքներն ու 6մեծ մեղքերը. Արդարը կը 7ճնշէք, կաշառք կ’առնէք, Եւ դատարանին մէջ աղքատներուն դատը կը ծռէք։

13

Հետեւաբար ուշիմ եղողը այն ատեն պիտի լռէ, Քանի որ ժամանակը չար է։

14

Բարութի՛ւն փնտռեցէք, ո՛չ թէ չարութիւն, որպէսզի ապրիք. Այսպէս Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։

15

Ատեցէ՛ք չարութիւնը, սիրեցէ՛ք բարութիւնը, Եւ 8հաստատեցէ՛ք իրաւունքը դատարանին մէջ. Թերեւս Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը ողորմի Յովսէփի մնացորդին։

16

Հետեւաբար զօրքերու Աստուածը, Տէրը՝ Եհովան, սա՛ կը յայտարարէ. «Ամէն հրապարակի մէջ կոծ պիտի ըլլայ, Եւ ամէն փողոցի մէջ պիտի ըսեն. “Վա՜յ, վա՜յ”։ Երկրագործը սուգի պիտի կանչեն, ու եղերերգութիւն գիտցողները՝ կոծի։

17

Բոլոր այգիներուն մէջ կոծ պիտի ըլլայ, Քանի որ քու մէջէդ պիտի անցնիմ,— կը յայտարարէ Տէրը։—

18

Վա՜յ ձեզի՝ որ Տէրոջ օրուան կը փափաքիք. Ձեզի ի՞նչ օգուտ պիտի ըլլայ Տէրոջ օրը. Ան խաւար է, ո՛չ թէ՝ լոյս.

19

Մարդու մը պէս պիտի ըլլաք, որ առիւծին առջեւէն կը փախչի Եւ արջ մը անոր կը հանդիպի, Կամ տունը կը մտնէ ու ձեռքը պատին կը 9դնէ, Եւ օձ մը զայն կը խածնէ։

20

Ահա՛ Տէրոջ օրը խաւար է, ո՛չ թէ՝ լոյս. Անոր մէջ թանձր մութ կայ, ո՛չ թէ՝ պայծառութիւն։

21

Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, Ձեր տօնախմբութիւններէն 10հաճոյք պիտի չառնեմ։

22

Եթէ ինծի ողջակէզներ եւ ձեր հացի ընծաները մատուցանէք՝ Պիտի չհաւանիմ, Ո՛չ ալ 11ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ՝՝ ձեր պարարտ զուարակներու խաղաղութեան զոհերուն։

23

Հեռացո՛ւր ինձմէ քու երգերուդ 12ձայնը, Քանի որ քու տաւիղներուդ նուագը պիտի չլսեմ։

24

Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող 13հոսի, Եւ արդարութիւնը՝ 14մշտահոս վտակի պէս։

25

Միթէ ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք Անապատին մէջ՝ քառասուն տարի, ո՛վ Իսրայէլի տունը։

26

Հապա կրեցիք ձեր 15Մողոքի խորանը՝՝, Ձեր Քիունի պատկերները, Եւ ձեզի համար կերտուած աստուածներուն աստղը։

27

Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին պիտի տարագրեմ», Կը յայտարարէ Տէրը, որուն անունը Զօրքերու Աստուած է։



1 Եբր.՝ ունայն ըլլայ
2 Եբր.՝ շինեց
3 Եբր.՝ խաւարեցնէ
4 Եբր.՝ Դրան
5 Եբր.՝ հարկ
6 Եբր.՝ հզօր
7 Եբր.՝ ճնշեն
8 Եբր.՝ դրէ՛ք
9 Կամ՝ յենէ
10 Եբր.՝ հոտ
11 Եբր.՝ պիտի նայիմ
12 Եբր.՝ դղրդիւնը
13 Եբր.՝ գլորի
14 Եբր.՝ տեւական
15 Կամ՝ թագաւորին տաղաւարը