Loading...

Amos 6

Joel  «  Amos 5  ‹  Amos 6  ›  Amos 7  »  Obadiah


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

1

«Վա՜յ Սիոնի մէջ անխռով ապրողներուն, Սամարիայի լերան վրայ ապահով բնակողներուն, Ազգերու գլխաւորին 1երեւելիներուն՝ Որոնց 2կը դիմէ՝՝ Իսրայէլի տունը։

2

Անցէ՛ք Քաղանէ, ու տեսէ՛ք. Անկէ գացէ՛ք Մեծն Եմաթը, Եւ իջէ՛ք Փղշտացիներուն Գէթը. Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աւելի՞ 3բարգաւաճ են, Կամ անոնց հողամասը ձեր հողամասէն աւելի՞ մեծ է»։

3

«Վա՜յ ձեզի, որ ձախորդութեան օրը կը կարծէք հեռացնել, Ու բռնութեան 4տիրապետութիւնը կը մօտեցնէք։

4

Անոնք փղոսկրէ մահիճի մէջ կը պառկին, Իրենց մահճակալին վրայ 5կ’երկննան. Հօտերուն պարարտ գառները կ’ուտեն, Ու գոմերուն գիրցուած հորթերը։

5

Տաւիղի ձայնով կը զառանցեն, Երաժշտական գործիքներ կը հնարեն իրենց համար՝ Դաւիթի պէս.

6

6Բաժակներով գինի կը խմեն, 7Լաւագոյն հոտաւէտ իւղերով կ’օծուին, Սակայն Յովսէփի փլուզումին վրայ չեն կսկծար։

7

Հետեւաբար հիմա անոնք առաջին տարագիրներուն հետ պիտի տարագրուին, Եւ մահճակալներու վրայ երկնցողներուն քրքիջները պիտի դադրին»։

8

Տէրը՝ Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը.— «Ես Յակոբի ամբարտաւանութենէն կը գարշիմ, Եւ անոր պալատները կ’ատեմ. Քաղաքն ու անոր 8բոլոր բնակիչները՝՝ պատուհասին 9պիտի մատնեմ»։

9

Եթէ տան մը մէջ տասը մարդ մնայ, Անո՛նք ալ պիտի մեռնին.

10

Երբ անոցմէ մէկուն հօրեղբայրը, կամ դիակը այրողը զայն վերցնէ՝ Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար, Ու տան 10մէջ եղողին ըսէ. “Ա՛լ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ”, Եւ ան պատասխանէ. “Ո՛չ”, Միւսը պիտի ըսէ. “Լռէ՛, Քանի որ Տէրոջ անունը յիշատակելու ատենը չէ”։

11

Արդարեւ ահա՛ Տէրը կը հրամայէ. Զարնելով մեծ տունը պիտի քանդէ, Իսկ պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։

12

Միթէ ձիերը ժայռի վրայ կը վազե՞ն, Կամ զայն եզներով կը հերկե՞ն. Որովհետեւ դուք իրաւունքը թոյնի փոխեցիք, Եւ արդարութեան պտուղը՝ օշինդրի։

13

Դուք ոչինչ բանով կ’ուրախանաք, Եւ կ’ըսէք. “Միթէ մե՛ր ոյժով 11չվաստկեցա՞նք մեր զօրութիւնը”.

14

Հետեւաբար, ո՛վ Իսրայէլի տունը, Ահա՛ ես ձեզի դէմ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը,— Ու ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ դաշտին վտակը պիտի տանջեն»։



1 Եբր.՝ որոշուածներուն
2 Եբր.՝ կ’երթայ
3 Եբր.՝ լաւ
4 Եբր.՝ աթոռը
5 Եբր.՝ կը տարածուին
6 Եբր.՝ Կոնքերով
7 Եբր.՝ Առաջնակարգ
8 Եբր.՝ լիութիւնը
9 Կամ՝ թշնամիին
10 Եբր.՝ ներսի կողմը
11 Եբր.՝ մեզի եղջիւրներ չառի՞նք