Amos 7
Joel « Amos 6 ‹ Amos 7 › Amos 8 » Obadiah
ՄԱՐԱԽՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
1Տէրը՝ Եհովան սա՛ ցոյց տուաւ ինծի. Ահա՛ մարախներ 1ստեղծեց վերջին խոտին 2բուսնելուն սկիզբը, Եւ ահա՛ վերջին խոտը թագաւորին խոտհունձէն ետք աճած էր։
2Երբ անոնք երկրին բոյսը ամբողջութեամբ կերան, Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղերսե՛մ, ներէ՛. Յակոբ ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանի 3փոքրաթիւ է»։
3Տէրը ասկէ հրաժարեցաւ. «Ասիկա պիտի չըլլայ», յայտարարեց Տէրը։
ԿՐԱԿԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
4Տէրը՝ Եհովան սա՛ ցոյց տուաւ ինծի. Ահա՛ Տէրը՝ Եհովան կրակը կանչեց, որպէսզի անով դատ վարէ. Ան ալ մեծ անդունդը սպառեց, Նաեւ 4արտերը սպառեց։
5Ուստի ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղերսե՛մ, դադրեցո՛ւր. Յակոբ ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանի փոքրաթիւ է»։
6Տէրը ասկէ հրաժարեցաւ. «Ասիկա պիտի չըլլայ», յայտարարեց Տէրը՝ Եհովան։
ԿԱՊԱՐԱԼԱՐԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
7Սա՛ ցոյց տուաւ ինծի. Ահա՛ Տէրը կապարալարով կառուցանուած պարիսպի մը վրայ կայնած էր, Ու ձեռքը կապարալար մը կար։
8Տէրը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, Ամո՛վս»։ Պատասխանեցի. «Կապարալար մը»։ Տէրն ալ ըսաւ. «Ահա՛ ես իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ. Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը պիտի չանտեսեմ։
9Իսահակի բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան, Իսրայէլի սրբարանները պիտի աւերուին, Ու Յերոբովամի տան դէմ սուրով պիտի կանգնիմ»։
ԱՄՈՎՍ ԵՒ ԱՄԱՍԻԱ
10Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի տան մէջ Ամովս քեզի դէմ կը դաւադրէ. Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերուն հանդուրժել.
11Արդարեւ Ամովս սա՛ կ’ըսէ. “Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի, Եւ Իսրայէլ իր 5երկրէն անշուշտ պիտի տարագրուի”»։
12Ամասիա ըսաւ Ամովսի. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, փախի՛ր Յուդայի երկիրը. Հո՛ն հաց կեր ու հո՛ն մարգարէացիր։
13Անգա՛մ մըն ալ Բեթէլի մէջ մի՛ մարգարէանար, Քանի որ ան թագաւորին սրբարանն է, Եւ թագաւորութեան տունն է»։
14Ամովս պատասխանեց Ամասիայի. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, Հապա եզնարած ու ժանտաթուզ քաղող էի։
15Տէ՛րը զիս հօտին ետեւէն առաւ Եւ ինծի ըսաւ. “Գնա՛, մարգարէացի՛ր իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի”։
16Ուստի հիմա մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը. Դուն կ’ըսես. “Իսրայէլի դէմ մի՛ մարգարէանար, Եւ Իսահակի տան դէմ 6մի՛ խօսիր”։
17Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քու կինդ քաղաքին մէջ պիտի պոռնկի, Քու որդիներդ եւ աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան, Քու 7երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս Եւ Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ պիտի տարագրուի”»։