Amos 8
Joel « Amos 7 ‹ Amos 8 › Amos 9 » Obadiah
ԿՈՂՈՎԻ ՄԸ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Տէրը՝ Եհովան սա՛ ցոյց տուաւ ինծի, 1Կողով մը ամառնային պտուղ,
2Եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, Ամո՛վս»։ Պատասխանեցի. «Կողով մը ամառնային պտուղ»։ Տէրն ալ ըսաւ ինծի. «Վախճանը հասած է իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ. Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը պիտի չանտեսեմ։
3Այդ օրը 2տաճարին երգերը 3ողբեր պիտի ըլլան,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— Շատ դիակներ պիտի ըլլան ամէն տեղ, Ու զանոնք լռութեամբ պիտի նետեն»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
4«Սա՛ մտիկ ըրէք, Դո՛ւք որ աղքատները կը կլլէք՝ Երկրին դժբախտները 4ոչնչացնելու համար,
5Ու կ’ըսէք. “ 5Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի՝ որ հացահատիկ ծախենք, Նաեւ Շաբաթը՝ որ ցորենի պարկերը բանանք, Արդուն պզտիկցնենք եւ 6սիկղը մեծցնենք՝՝, Ու խարդախուած կշիռքներով խաբենք.
6Որպէսզի չքաւորները գնենք՝ դրամի փոխարէն, Եւ աղքատները՝ զոյգ մը կօշիկի, Ու ցորենին թափթփուկը ծախենք”։
7Տէրը Յակոբի մեծափառութեան վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. “Անոնց բոլոր արարքները ամենեւին պիտի չմոռնամ։
8Ասոր համար չէ՞ որ երկիրը պիտի սարսի, Եւ անոր բնակիչներէն իւրաքանչիւրը պիտի սգայ. Ամբողջովին պիտի բարձրանայ՝ 7գետին պէս, Պիտի ուռի, ապա պիտի 8ցածնայ՝ Եգիպտոսի գետին նման”։
9Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— Արեւը կէսօրին մայր պիտի մտցնեմ, Եւ ցերեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ։
10Ձեր տօները սուգի պիտի փոխեմ, Ու ձեր բոլոր երգերը՝ ողբի. Ամէն մէջքի վրայ քուրձ պիտի բերեմ, Եւ ամէն գլուխի վրայ՝ կնտութիւն։ Երկրին մէջ սուգ պիտի բերեմ՝ մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս, Անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս պիտի ըլլայ»։
11«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— Երբ երկրին մէջ սով մը պիտի ղրկեմ. Ո՛չ թէ հացի սով, ո՛չ ալ ջուրի ծարաւ, Հապա Տէրոջ խօսքերը լսելու սով։
12Աստանդական պիտի շրջին մէկ ծովէն միւս ծովը, Ու հիւսիսէն մինչեւ արեւելք. Պիտի շրջագային Տէրոջ խօսքը փնտռելու համար, Բայց պիտի չգտնեն։
13Այդ օրը՝ գեղեցիկ կոյսերը Եւ երիտասարդները ծարաւէն պիտի խամրին.
14Անոնք որ Սամարիայի յանցանքով երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն. “Քու Աստուածդ կ’ապրի՛, ո՛վ Դան”, “Բերսաբէի ճամբան կ’ապրի՛ ”, Պիտի իյնան, եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չկանգնին»։