Amos 9
Joel « Amos 8 ‹ Amos 9 › Obadiah 1 » Obadiah
ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1Տէրը տեսայ՝ որ զոհասեղանին վրայ կայնած էր, եւ ըսաւ. «Զա՛րկ խոյակին, որպէսզի սեմերը ցնցուին. Կտրէ՛ անոնց գլուխին վրայ եղողները, 1բոլորն ալ՝՝. Իսկ անոնց 2յետինները ե՛ս պիտի մեռցնեմ՝ սուրով։ Անոնցմէ փախստականը պիտի չկարենայ փախչիլ, Եւ անոնցմէ 3ճողոպրածը պիտի չկարենայ ազատիլ։
2Թէեւ անոնք մինչեւ 4դժոխքը 5փորեն, Իմ ձեռքս զիրենք անկէ պիտի բերէ. Թէեւ երկինք ելլեն, Զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ։
3Թէեւ Կարմեղոսի գագաթը պահուըտին, Զիրենք պիտի փնտռեմ եւ անկէ բերեմ. Թէեւ իմ աչքերուս առջեւէն ծածկուին ծովուն յատակը, Հոն պիտի հրամայեմ օձին՝ որ զիրենք խածնէ։
4Թէեւ անոնք իրենց թշնամիներուն առջեւէն գերութեան երթան, Հոն պիտի հրամայեմ սուրին՝ որ զանոնք մեռցնէ։ Իմ աչքս անոնց վրայ պիտի 6սեւեռեմ չարիքի համար, Ո՛չ թէ բարիքի համար»։
5Երբ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան երկրին դպչի, Ան կը հալի, Եւ անոր բոլոր բնակիչները կը սգան. Ամբողջովին կը բարձրանայ՝ 7գետին պէս, Ապա 8կը ցածնայ՝՝ Եգիպտոսի գետին նման։
6Ի՛նքն է որ իր 9վերնատունները կը կառուցանէ երկինքի մէջ, Եւ իր կամարը երկրի վրայ հիմներ է. Ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Ու զանոնք երկրի մակերեսին վրայ կը թափէ. Անոր անունը Եհովա է։
7«Միթէ դուք ինծի Եթովպիացիներու որդիներուն պէս չէ՞ք, Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,— կը պատգամէ Տէրը.— Միթէ ե՛ս չբարձրացուցի՞ Իսրայէլը Եգիպտոսի երկրէն, Նաեւ Փղշտացիները՝ Կափթորէն, Եւ 10Ասորիները՝ Կիրէն»։
8Ահա՛ Տէրոջ՝ Եհովայի աչքերը այդ մեղաւոր թագաւորութեան վրայ են. «Զայն երկրագունդի մակերեսին վրայէն պիտի բնաջնջեմ. Սակայն Յակոբի տունը բոլորովին պիտի չբնաջնջեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—
9Արդարեւ ահա՛ ես կը հրամայեմ, Եւ Իսրայէլի տունը բոլոր ազգերուն մէջ պիտի խարբալեմ, Ինչպէս ցորենը մաղով կը խարբալեն. Սակայն ո՛չ մէկ 11հատիկ գետինը պիտի իյնայ։
10Իմ ժողովուրդիս բոլոր մեղաւորները սուրով պիտի մեռնին, Թէպէտ անոնք կ’ըսեն. “Չարիքը մեր վրայ պիտի 12չհասնի, Ու մեր առջեւը պիտի չգայ”»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՊԱԳԱՅ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
11«Այդ օրը Դաւիթի տապալած 13խորանը պիտի վերահաստատեմ, Անոր ճեղքուածքները պիտի փակեմ, Փլատակները պիտի վերականգնեմ, Եւ զայն հին օրերուն պէս պիտի կառուցանեմ.
12Որպէսզի անոնք տիրանան Եդովմի մնացորդին Ու բոլոր 14ազգերուն՝ 15Որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝», Կը պատգամէ Տէրը՝ որ այս բանը կ’ընէ։
13«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ հերկողը հնձողին պիտի հասնի, Եւ խաղող կոխողը՝ սերմնացանին. Լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Ու բոլոր բլուրները անով պիտի 16յորդին։
14Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը գերութենէն պիտի վերադարձնեմ. Անոնք աւերուած քաղաքները պիտի կառուցանեն եւ անոնց մէջ բնակին, Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմեն, Պարտէզներ պիտի պատրաստեն եւ անոնց պտուղները ուտեն։
15Զանոնք իրենց հողին վրայ պիտի տնկեմ, Եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չխլուին իրենց հողէն՝ որ իրենց տուի», Կը յայտարարէ Տէրը՝ քու Աստուածդ։