Daniel 3
Ezekiel « Daniel 2 ‹ Daniel 3 › Daniel 4 » Hosea
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՈՍԿԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ԵՐԿՐՊԱԳԵԼ
1Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ 1արձան մը շինեց, որուն բարձրութիւնը վաթսուն կանգուն էր, ու լայնքը՝ վեց կանգուն. զայն Բաբելոնի գաւառը կանգնեցուց, Դուրայի դաշտին մէջ։
2Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրաման ղրկեց՝ որ հաւաքեն սատրապները, նախարարները, կուսակալները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտներն ու գաւառներուն բոլոր կառավարիչները, որպէսզի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։
3Այն ատեն սատրապները, նախարարները, կուսակալները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտներն ու գաւառներուն բոլոր կառավարիչները հաւաքուեցան Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին համար, ու Նաբուգոդոնոսորի կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։
4Մունետիկ մը 2բարձրաղաղակ գոչեց. «Ձեզի կը հրամայուի, ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր եւ լեզուներ,
5որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկիէ արձանին առջեւ իյնաք ու երկրպագէք այն պահուն՝ երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, 3տկճորին եւ ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք։
6Ո՛վ որ չիյնայ ու չերկրպագէ, նոյն րոպէին պիտի նետուի բորբոքած կրակի հնոցի մը մէջ»։
7Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկիէ արձանին երկրպագեցին։
ԴԱՆԻԷԼԻ ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ
8Այն ատեն քանի մը Քաղդէացիներ մօտեցան ու Հրեաները 4ամբաստանեցին։
9Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան՝ ըսելով. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեա՛ն ապրէ։
10Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման տուիր որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տկճորին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսող ամէն մարդ իյնայ ու ոսկիէ արձանին երկրպագէ.
11իսկ ո՛վ որ չիյնայ եւ չերկրպագէ, բորբոքած կրակի հնոցի մը մէջ նետուի։
12Քանի մը Հրեաներ կան՝ որ դուն Բաբելոնի գաւառին 5գործերուն վրայ նշանակեցիր, այսինքն՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով. այս 6մարդիկը տուած հրամանդ չեն յարգեր, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր, ու քու կանգնեցուցած ոսկիէ արձանիդ չեն երկրպագեր»։
13Հետեւաբար Նաբուգոդոնոսոր՝ մոլեգնութեամբ եւ ցասումով հրամայեց որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն. ուստի այդ մարդիկը թագաւորին առջեւ բերին։
14Նաբուգոդոնոսոր խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դիտումո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր ու իմ կանգնեցուցած ոսկիէ արձանիս չէք երկրպագեր։
15Հիմա եթէ պատրաստ էք իյնալ եւ իմ շինած արձանիս երկրպագել այն պահուն երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տկճորին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէք, լա՛ւ. բայց եթէ չերկրպագէք, նոյն րոպէին պիտի նետուիք բորբոքած կրակի հնոցի մը մէջ. եւ ո՞վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։
16Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով թագաւորին պատասխանեցին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, հարկաւոր չէ որ քեզի պատասխանենք այս նիւթին մասին։
17Ահա՛ մեր պաշտած Աստուածը կրնայ մեզ ազատել բորբոքած կրակի հնոցէն. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։
187Նոյնիսկ եթէ չընէ՝՝, գիտցի՛ր, ո՛վ թագաւոր, թէ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու կանգնեցուցած ոսկիէ արձանիդ պիտի չերկրպագենք»։
ԴԱՆԻԷԼԻ ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ
19Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր ցասումով լեցուեցաւ. անոր երեսին երեւոյթը այլափոխուեցաւ Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի հանդէպ։ Անոնց պատասխանելով՝ հրամայեց որ հնոցը 8սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն.
20յետոյ իր զօրագունդին մէջ եղող զօրաւորագոյն կտրիճներուն հրամայեց որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն, եւ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։
21Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներով, բաճկոններով, վերարկուներով ու միւս հանդերձներով կապեցին, եւ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։
22Քանի թագաւորին հրամանը շտապողական էր, ու հնոցը՝ արտակարգօրէն տաքցած, Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բարձրացնող մարդիկը կրակին բոցէն մեռան։
23Իսկ այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։
ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԸ Կ’ԱԶԱՏՈՒԻՆ ՈՒ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻՆ
24Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ սահմռկած՝ արտորալով ոտքի ելաւ, եւ իր խորհրդատուներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք թագաւորին պատասխանեցին. «Ստոյգ է, ո՛վ թագաւոր»։
25Ան պատասխանելով ըսաւ. «Ահա՛ ես չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կրակին մէջ կը քալեն, եւ անոնց ո՛չ մէկ վնաս եղած է. իսկ չորրորդին տեսքը աստուածներու որդիի մը նման է»։
26Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրան մօտեցաւ ու խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ո՜վ Ամենաբարձր Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հո՛ս եկէք»։ Այն ատեն Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով կրակին մէջէն ելան։
27Սատրապները, նախարարները, կուսակալներն ու թագաւորին խորհրդատուները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը բնաւ տիրած չէր. անոնց գլուխէն մէ՛կ մազ խանձած չէր, անոնց անդրավարտիքները այլափոխուած չէին, ո՛չ ալ կրակին հոտը 9կար անոնց վրայ։
28Նաբուգոդոնոսոր խօսեցաւ՝ ըսելով. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց եւ իր ծառաները ազատեց. արդարեւ անոր վստահելով՝ թագաւորին խօսքը 10արհամարհեցին ու իրենց մարմինները կրակի մատնեցին, որպէսզի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ ո՛չ մէկ աստուած պաշտեն եւ անոր երկրպագեն։
29Հետեւաբար ես հրաման կու տամ որ ամէն ժողովուրդի, ազգի ու լեզուի մէջ՝ ո՛վ որ Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ՝ կտոր- կտոր ըլլայ, ու անոր տունը՝ աղբակոյտ. արդարեւ չկայ ուրիշ Աստուած՝ որ կարենայ այսպէս ազատել»։
30Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ Բաբելոնի գաւառին մէջ։