Loading...

Daniel 4

Ezekiel  «  Daniel 3  ‹  Daniel 4  ›  Daniel 5  »  Hosea


ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԱԶԸ

1

Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ ամբողջ երկրի վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։

2

1Ինծի հաճելի թուեցաւ՝՝ Ամենաբարձր Աստուծոյն իմ վրաս ըրած նշաններն ու հրաշքները պարզել։

3

Անոր նշանները ո՜րքան մեծ են, եւ հրաշքները՝ ո՜րքան հզօր. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է, եւ անոր տէրութիւնը 2դարէ դար՝՝ կը տեւէ։

4

«Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր, երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի, ու պալատիս մէջ՝ բարգաւաճ,

5

երազ մը տեսայ՝ որ զիս սարսափեցուց, եւ անկողինիս վրայ ունեցած մտածումներս ու գլուխիս տեսիլքները զիս շփոթեցուցին։

6

Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման տուի, որպէսզի անոնք ինծի գիտցնեն երազին մեկնութիւնը։

7

Այն ատեն մոգերը, աստղագէտները, քաղդեաներն ու բախտ նայողները եկան, ու ես երազը անոնց առջեւ պատմեցի. բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։

8

Վերջապէս Դանիէլ առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անունին համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի, եւ որուն ներսը սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի եւ ըսի.

9

“Ո՛վ Բաղտասասար, մոգերուն պետը, քանի գիտեմ թէ քու ներսդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ եւ թէ ո՛չ մէկ գաղտնիք քեզ կը շուարեցնէ, պատմեմ տեսած երազիս տեսիլքները, եւ ըսէ՛ ինծի անոնց մեկնութիւնը”։

10

«Ահա՛ւասիկ գլուխիս տեսիլքները՝ իմ անկողինիս վրայ.— ես կը նայէի, եւ ահա՛ երկրի մէջտեղը ծառ մը տեսայ, որուն բարձրութիւնը մեծ էր։

11

Այդ ծառը մեծցաւ ու զօրացաւ, եւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ. ամբողջ երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։

12

Անոր տերեւները գեղեցիկ էին, եւ պտուղը՝ առատ. անոր վրայ բոլորին համար ուտելիք կար։ Դաշտի կենդանիները անոր շուքին տակ կը նստէին, ու երկինքի թռչնազգիները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին. ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։

13

Անկողինիս վրայ՝ գլուխիս տեսիլքներուն մէջ կը նայէի, եւ ահա՛ երկինքէն 3սուրբ պահապան մը՝՝ իջաւ։

14

Ան 4բարձրաղաղակ գոչեց ու սա՛ ըսաւ. “Ծառը տապալեցէ՛ք, ոստերը կտրեցէ՛ք, տերեւները թօթափեցէ՛ք եւ պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն կենդանիներն ու ոստերէն թռչնազգիները թող փախչին.

15

բայց արմատներուն բունը թողուցէ՛ք հողին մէջ։ Երկաթէ եւ պղինձէ կապով դաշտի դալարին մէջ թող 5մնայ. երկինքի ցօղով թող թրջուի, եւ իր բաժինը կենդանիներուն հետ թող ունենայ՝ երկրի բոյսէն։

16

Անոր սիրտը մարդու սիրտէն թող փոխուի, ու անոր կենդանիի սիրտ թող տրուի. անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։

17

Այս բանը պահապաններուն վճիռով է, եւ 6որոշումը՝ սուրբերուն 7հրահանգով. որպէսզի ապրողները գիտնան թէ Ամենաբարձրը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեան վրայ, զայն իր ուզածին կու տայ, եւ անոր վրայ մարդոց ամենէն նուաստը կը նշանակէ”։

18

Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, այս երազը տեսայ, ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասասար, ըսէ՛ անոր մեկնութիւնը։ Արդարեւ իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները չկրցան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանի քու ներսդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։


ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ԵՐԱԶԸ

19

Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, րոպէ մը ապշած մնաց, եւ անոր մտածումները զինք շփոթեցուցին։ Թագաւորը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը քեզ թող չշփոթեցնէ»։ Բաղտասասար պատասխանեց. «Իմ տէ՛րս, երազը քեզ ատողներուն թող ըլլայ, եւ անոր մեկնութիւնը՝ քու թշնամիներուդ։

20

Այն ծառը որ տեսար, որ մեծցաւ ու զօրացաւ, որուն բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ եւ ամբողջ երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր,

21

որուն տերեւները գեղեցիկ էին, ու պտուղը՝ առատ, որուն վրայ բոլորին համար ուտելիք կար, որուն տակ դաշտի կենդանիները կը բնակէին, եւ որուն ոստերուն վրայ երկինքի թռչնազգիները կը կենային,

22

անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր։ Դուն մեծցար ու զօրացար. քու մեծութիւնդ բարձրացաւ եւ մինչեւ երկինք հասաւ. քու տէրութիւնդ ալ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ։

23

Ինչ կը վերաբերի թագաւորին տեսած սուրբ պահապանին, որ երկինքէն իջաւ եւ ըսաւ. “Ծառը տապալեցէ՛ք ու զայն փճացուցէ՛ք, բայց անոր արմատներուն բունը թողուցէ՛ք հողին մէջ. երկաթէ եւ պղինձէ կապով դաշտի դալարին մէջ թող մնայ. երկինքի ցօղով թող թրջուի եւ իր բաժինը դաշտի կենդանիներուն հետ թող ունենայ, մինչեւ որ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի”,

24

ահա՛ւասիկ մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, ահա՛ւասիկ Ամենաբարձրին վճիռը՝ որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին վրայ պիտի իրագործուի.—

25

քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն, եւ բնակութիւնդ դաշտի կենդանիներուն հետ պիտի ըլլայ. քեզի բոյս 8պիտի կերցնեն՝՝ արջառներու պէս, ու երկինքի ցօղով պիտի թրջուիս. քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ որ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեան վրայ Ամենաբարձրը կը տիրէ, եւ զայն կու տայ որո՛ւ որ ուզէ։

26

Ինչ կը վերաբերի հրամայուածին՝ որ ծառին արմատներուն բունը թողուի, կը նշանակէ թէ քու թագաւորութիւնդ պիտի 9վերահաստատուի՝ երբ գիտնաս թէ 10երկի՛նքն է տիրողը։

27

Հետեւաբար, ո՛վ թագաւոր, իմ յորդորս թող 11հաճելի թուի՝՝ քեզի. 12քաւէ՛ մեղքերդ՝ արդարութեամբ, եւ անօրէնութիւններդ՝ դժբախտներուն ողորմելով. թերեւս անդորրութիւնդ երկարի»։

28

Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին վրայ իրագործուեցաւ։

29

Տասներկու ամիս ետք, երբ Բաբելոնի թագաւորական պալատին մէջ կը ճեմէր,

30

թագաւորը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ ոյժիս կարողութեամբ կառուցանեցի իբր թագաւորական տուն՝ իմ պատիւիս փառաւորութեան համար»։

31

Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկինքէն ձայն մը իջաւ. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, քեզի կ’ըսուի. “Թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։

32

Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն, ու բնակութիւնդ դաշտի կենդանիներուն հետ պիտի ըլլայ. քեզի բոյս պիտի կերցնեն՝ արջառներու պէս, ու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ որ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեան վրայ Ամենաբարձրը կը տիրէ, եւ զայն կու տայ որո՛ւ որ ուզէ”»։

33

Նոյն րոպէին՝ այս խօսքը Նաբուգոդոնոսորի վրայ 13իրագործուեցաւ. մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ, արջառներու պէս բոյս կ’ուտէր, ու անոր մարմինը երկինքի ցօղով կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներուն պէս երկնցան, ու եղունգները՝ թռչնազգիներու մագիլներուն պէս։


ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ ՏԷՐԸ

34

«Այդ օրերու վախճանին, ես՝ Նաբուգոդոնոսոր՝ աչքերս երկինք վերցուցի, եւ գիտակցութիւնս ինծի վերադարձաւ։ Ամենաբարձրը օրհնեցի, դրուատեցի ու փառաւորեցի ա՛ն՝ որ յաւիտեան կ՛ապրի, որուն տէրութիւնը յաւիտենական տէրութիւն է, եւ թագաւորութիւնը 14դարէ դար՝՝ կը տեւէ։

35

Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին. ան երկինքի 15զօրքերուն ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ. ո՛չ մէկը կրնայ անոր 16ձեռքը կեցնել՝՝, կամ անոր ըսել. “Ի՞նչ կ’ընես”։

36

Այդ ատեն գիտակցութիւնս ինծի վերադարձաւ. իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ՝ վայելչութիւնս ու փառահեղութիւնս ինծի վերադարձան, եւ խորհրդատուներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին. իմ թագաւորութեանս մէջ վերահաստատուեցայ, եւ փառաւորութիւնս արտակարգօրէն աւելցաւ»։

37

«Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսոր, երկինքի Թագաւորը կը դրուատեմ, կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, որովհետեւ անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են, ուղիները՝ 17արդար, եւ ան կրնայ յոխորտանքով ընթացողները ցածցնել»։



1 Քաղ.՝ Իմ առջեւս լաւ եղաւ
2 Քաղ.՝ սերունդէ սերունդ
3 Քաղ.՝ պահապան ու սուրբ մը
4 Քաղ.՝ ուժով
5 Քաղ.՝ ըլլայ
6 Քաղ.՝ խնդրանքը
7 Քաղ.՝ խօսքով
8 Քաղ.՝ համտեսել պիտի տան
9 Քաղ.՝ հաստատուի քեզի
10 Այսինքն՝ Ամենաբա՛րձրն
11 Քաղ.՝ լաւ ըլլայ
12 Քաղ.՝ կոտրէ՛
13 Քաղ.՝ սպառեցաւ
14 Քաղ.՝ սերունդէ սերունդ
15 Քաղ.՝ զօրագունդին
16 Քաղ.՝ ձեռքին զարնել
17 Քաղ.՝ արդար դատաստան