Daniel 5
Ezekiel « Daniel 4 ‹ Daniel 5 › Daniel 6 » Hosea
ԲԱՂՏԱՍԱՐԻ ԿՈՉՈՒՆՔԸ
1Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ հացկերոյթ մը սարքեց, ու հազարին առջեւ գինի խմեց։
2Մինչ Բաղտասար գինին կը համտեսէր, հրամայեց որ իր 1հօր՝ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ եւ արծաթէ անօթները բերեն, որպէսզի թագաւորը եւ իր մեծամեծները, կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։
3Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տան տաճարէն հանուած ոսկիէ անօթները բերին, ու թագաւորը եւ իր մեծամեծները, կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։
4Անոնք գինի խմեցին, եւ ոսկիէ, արծաթէ, պղինձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները դրուատեցին։
5Նոյն րոպէին՝ մարդու ձեռքի մատներ 2երեւցան, եւ աշտանակին դիմաց գրեցին՝ թագաւորին պալատին պատին գաճին վրայ, ու թագաւորը այդ գրող ձեռքին ծայրամասը տեսաւ։
6Այն ատեն թագաւորին երեսին գոյնը այլափոխուեցաւ, եւ անոր մտածումները զինք շփոթեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդերը կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։
7Թագաւորը 3բարձրաղաղակ գոչեց որ աստղագէտները, քաղդեաներն ու բախտ նայողները բերեն։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ որ այս գրութիւնը կարդայ եւ անոր մեկնութիւնը ինծի պարզէ, 4ծիրանի պիտի հագնի, անոր վիզը ոսկի մանեակ պիտի դրուի, ու թագաւորութեան մէջ երրորդ կառավարիչ պիտի ըլլայ»։
8Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց կարող չեղան գրութիւնը կարդալ եւ անոր մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնել։
9Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը չափազանց շփոթեցաւ ու երեսին գոյնը այլափոխուեցաւ. անոր մեծամեծներն ալ սահմռկեցան։
10Թագուհին՝ թագաւորին եւ անոր մեծամեծներուն խօսքերուն պատճառով՝ խնճոյքին տունը եկաւ։ Թագուհին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեա՛ն ապրէ. քու մտածումներդ քեզ թող չշփոթեցնեն, ու երեսիդ գոյնը թող չայլափոխուի։
11Քու թագաւորութեանդ մէջ 5մարդ մը կայ, որուն ներսը սուրբ աստուածներու հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը՝ անոր վրայ 6լուսամտութիւն, ուշիմութիւն եւ աստուածներուն իմաստութեան պէս իմաստութիւն գտնուեցան, ու քու հայրդ՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը — քու հայրդ, ո՛վ թագաւոր — զայն մոգերուն, աստղագէտներուն, քաղդեաներուն եւ բախտ նայողներուն վրայ պետ նշանակեց.
12արդարեւ այս Դանիէլին քով, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, արտակարգ հոգի, գիտութիւն եւ ուշիմութիւն գտնուեցան՝ երազներ մեկնելու, առեղծուածներ պարզելու եւ թնճուկներ լուծելու։ Հիմա Դանիէլը թող կանչուի, ու մեկնութիւնը պիտի պարզէ»։
ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
13Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ եւ Դանիէլի ըսաւ. «Իմ հօրս՝ թագաւորին Հրէաստանէն բերած Յուդայի 7տարագիրներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես։
14Քու մասիդ լսեցի թէ ներսդ աստուածներու հոգին կայ, ու քովդ լուսամտութիւն, ուշիմութիւն եւ արտակարգ իմաստութիւն կը գտնուին։
15Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու աստղագէտներ բերուեցան, որպէսզի այս գրութիւնը կարդան եւ անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնեն, բայց անոնք կարող չեղան այս խօսքին մեկնութիւնը պարզել։
16Ես քու մասիդ լսեցի թէ կրնաս մեկնութիւններ տալ ու թնճուկներ լուծել։ Եթէ հիմա կարենաս այս գրութիւնը կարդալ եւ անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել, ծիրանի պիտի հագնիս, քու վիզդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի, ու թագաւորութեան մէջ երրորդ կառավարիչ պիտի ըլլաս»։
17Այն ատեն Դանիէլ պատասխանեց եւ թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի՛ ըլլան, ու ձեռաձիրներդ ուրիշի՛ն տուր. սակայն ես այս գրութիւնը թագաւորին պիտի կարդամ, եւ մեկնութիւնը իրեն գիտցնեմ։
18Ո՛վ թագաւոր, Ամենաբարձր Աստուածը քու հօրդ՝ Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութիւն, մեծութիւն, պատիւ ու փառաւորութիւն տուաւ։
19Անոր տուած մեծութեան պատճառով՝ բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները իր առջեւ կը դողային եւ կը սարսափէին։ Ան կը մեռցնէր ո՛վ որ ուզէր, ու ողջ կը պահէր ո՛վ որ ուզէր. կը բարձրացնէր ո՛վ որ ուզէր, եւ կը ցածցնէր ո՛վ որ ուզէր։
20Բայց երբ անոր սիրտը գոռոզացաւ ու հոգին հպարտութեամբ 8կարծրացաւ, իր թագաւորութեան գահէն ինկաւ եւ պատիւը իրմէ ետ առնուեցաւ.
21մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ, ու իր սիրտը կենդանիներու սիրտին հաւասար եղաւ. անոր բնակութիւնը ցիռերու հետ եղաւ։ Անոր բոյս 9կը կերցնէին՝՝ արջառներու պէս, եւ անոր մարմինը երկինքի ցօղով կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեան վրայ Ամենաբարձր Աստուածը կը տիրէ, ու անոր վրայ կը դնէ ո՛վ որ ուզէ։
22Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէպէտ այս բոլորը գիտէիր.
23հապա երկինքի Տէրոջ դէմ քեզ բարձրացուցիր, անոր տան անօթները քու առջեւդ բերին, ու դուն եւ քու մեծամեծներդ, կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղինձէ, երկաթէ, փայտէ եւ քարէ շինուած աստուածները դրուատեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Իսկ այն Աստուածը, որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ուղիներդ, չփառաւորեցիր.
24ուստի իրմէ ղրկուեցաւ այդ ձեռքի ծայրամասը, եւ այս գրութիւնը գրուեցաւ։
25Ահա՛ւասիկ գրուած գրութիւնը. “ 10Մանէ, մանէ, թեկեղ ու փարսին՝՝”։
26Այս խօսքին մեկնութիւնը սա՛ է. “Մանէ՝ Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց, ու զայն վերջացուց.
27թեկեղ՝ կշիռքով կշռուեցար, եւ պակաս գտնուեցար.
28փարես՝ քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ, ու Մարերու եւ Պարսիկներու յանձնուեցաւ”»։
29Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց, ու Դանիէլի ծիրանի հագցուցին, վիզը ոսկի մանեակ դրին, եւ անոր մասին մունետիկով յայտարարեցին թէ թագաւորութեան մէջ երրորդ կառավարիչ պիտի ըլլայ։
30Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ, ու 11Մարերու Դարեհ թագաւորը՝՝ ստացաւ թագաւորութիւնը, երբ գրեթէ վաթսուներկու տարեկան էր։