Loading...

Daniel 6

Ezekiel  «  Daniel 5  ‹  Daniel 6  ›  Daniel 7  »  Hosea


ԴԱՆԻԷԼ ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ ԳՈՒԲԻՆ ՄԷՋ

1

Դարեհի 1հաճելի թուեցաւ՝՝ թագաւորութեան վրայ հարիւր քսան սատրապ նշանակել, որ ամբողջ թագաւորութեան մէջ ըլլան,

2

եւ անոնց վրայ՝ երեք վարչապետ, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէսզի սատրապները ասոնց հաշիւ տան, ու թագաւորին վնաս չըլլայ։

3

Այս Դանիէլը միւս վարչապետները եւ սատրապները կը գերազանցէր, որովհետեւ անոր մէջ արտակարգ հոգի կար. ուստի թագաւորը կը մտածէր զինք ամբողջ թագաւորութեան վրայ նշանակել։

4

Հետեւաբար վարչապետներն ու սատրապները կը ջանային թագաւորութեան գործերուն մէջ Դանիէլի դէմ գանգատելու առիթ մը գտնել, բայց անոնք ո՛չ մէկ գանգատելու առիթ, ո՛չ ալ զեղծում մը կրցան գտնել. արդարեւ ան հաւատարիմ էր, ուստի անոր վրայ ո՛չ մէկ թերացում, ո՛չ ալ զեղծում մը գտնուեցաւ։

5

Ուստի այս 2մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ո՛չ մէկ գանգատելու առիթ պիտի գտնենք, անոր դէմ իր Աստուծոյն Օրէնքին վերաբերեալ բան մը գտնելէն զատ»։

6

Այն ատեն վարչապետներն ու սատրապները թագաւորին քով հաւաքուեցան եւ անոր սա՛ ըսին.

7

«Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեա՛ն ապրէ։ Թագաւորութեան բոլոր վարչապետները, նախարարները, սատրապները, խորհրդատուներն ու կուսակալները խորհրդակցեցան որ թագաւորական հրամանագիր մը հաստատուի եւ արգելիչ օրէնք մը 3պարտադրուի, որպէսզի ո՛վ որ մինչեւ երեսուն օր 4բան մը խնդրէ աստուծմէ մը կամ մարդէ մը՝ բացի քեզմէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի։

8

Հիմա, ո՛վ թագաւոր, հաստատէ՛ այս արգելիչ օրէնքը եւ ստորագրէ՛ 5հրամանագիրը՝ որպէսզի չփոխուի, Մարերու եւ Պարսիկներու օրէնքին համաձայն՝ որ անխափանելի է»։

9

Ասոր համար Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։

10

Երբ Դանիէլ տեղեկացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ՝ իր տունը գնաց, որուն վերնատան պատուհանները դէպի Երուսաղէմ կը բացուէին, ու շարունակեց օրը երեք անգամ ծնրադրելով աղօթել եւ իր Աստուծմէն շնորհակալ ըլլալ՝ իր վաղեմի սովորութեան պէս։

11

Ուստի այդ մարդիկը հաւաքուեցան ու գտան Դանիէլը՝ որ կ’աղօթէր եւ իր Աստուծոյն առջեւ կ’աղաչէր։

12

Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ՝ թագաւորին արգելիչ օրէնքին մասին ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, որպէսզի ո՛վ որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ աստուծմէ մը կամ մարդէ մը՝ բացի քեզմէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխանեց. «Այդ խօսքը ստոյգ է, Մարերու եւ Պարսիկներու օրէնքին համաձայն՝ որ անխափանելի է»։

13

Այն ատեն անոնք թագաւորին խօսեցան՝ ըսելով. «Յուդայի 6տարագիրներէն Դանիէլը քու տուած հրամանդ եւ ստորագրած արգելիչ օրէնքդ չի յարգեր, ո՛վ թագաւոր. հապա օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։

14

Այն ատեն թագաւորը շատ 7տրտմեցաւ՝ երբ այս խօսքերը լսեց. 8մտածեց Դանիէլը փրկել, եւ մինչեւ արեւին մայր մտնելը ջանաց զայն ազատել։

15

Այն ատեն այդ մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցի՛ր թէ սա՛ է Մարերու եւ Պարսիկներու օրէնքը, որ թագաւորին հաստատած ո՛չ մէկ արգելիչ օրէնք կամ հրամանագիր փոխուի»։

16

Ուստի թագաւորը հրամայեց, ու Դանիէլը բերին, եւ զինք առիւծներուն գուբը նետեցին։ Թագաւորը Դանիէլի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Քու Աստուածդ, որ յարատեւութեամբ կը պաշտես, ի՛նք քեզ պիտի փրկէ»։

17

Քար մըն ալ բերին եւ գուբին բերանը դրին, ու թագաւորը զայն իր կնիքով եւ իր մեծամեծներուն կնիքով կնքեց, որպէսզի Դանիէլի մասին տրուած 9որոշումը՝՝ չփոխուի։

18

Յետոյ թագաւորը իր պալատը գնաց, ու գիշերը ծոմապահութեամբ անցուց. իր առջեւ 10նուագարաններ բերել չտուաւ, եւ քունը իրմէ փախաւ։

19

Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ, եւ արտորալով առիւծներուն գուբը գնաց։

20

Երբ գուբին մօտեցաւ, վշտագին ձայնով մը Դանիէլի աղաղակեց, եւ թագաւորը Դանիէլի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Դանիէլ, ապրող Աստուծոյ ծառան. քու Աստուածդ, որ յարատեւութեամբ կը պաշտես, կրցա՞ւ քեզ առիւծներէն փրկել»։

21

Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեա՛ն ապրէ։

22

Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց եւ առիւծներուն երախը գոցեց, ու ինծի չվնասեցին. արդարեւ անոր առջեւ իմ վրաս անմեղութիւն գտնուեցաւ, եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, ո՛չ մէկ յանցանք գործած եմ»։

23

Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ, ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն վեր հանեն։ Դանիէլը գուբէն վեր հանեցին, եւ անոր վրայ ո՛չ մէկ վնաս գտնուեցաւ, որովհետեւ իր Աստուծոյն վստահեցաւ։

24

Թագաւորը հրամայեց, ու Դանիէլը 11ամբաստանող մարդիկը բերին, եւ զանոնք, իրենց որդիներն ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ 12յարձակեցան եւ անոնց բոլոր 13անդամները փշրեցին։

25

Այն ատեն Դարեհ թագաւորը ամբողջ երկրի վրայ բնակող ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն սա՛ գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։

26

Ինձմէ հրաման տրուեցաւ որ իմ թագաւորութեանս ամբողջ տէրութեան մէջ՝ Դանիէլի Աստուծոյն առջեւ դողան եւ սարսափին, որովհետեւ ան ապրող Աստուած է, ու յաւիտեան 14կը գոյատեւէ՝՝. անոր թագաւորութիւնը չի կործանիր, եւ անոր տէրութիւնը մինչեւ վախճանը կը տեւէ։

27

Ի՛նք կը փրկէ եւ կ’ազատէ, երկինքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ եւ հրաշքներ կ’ընէ. ի՛նքն է որ Դանիէլը առիւծներուն 15երախէն փրկեց»։

28

Այս Դանիէլը յաջողութիւն գտաւ Դարեհի թագաւորութեան ու 16պարսիկ Կիւրոսի՝՝ թագաւորութեան ատեն։



1 Քաղ.՝ առջեւ լաւ եղաւ
2 Քաղ.՝ զօրաւոր մարդիկը
3 Քաղ.՝ զօրաւոր ըլլայ
4 Քաղ.՝ խնդրանք
5 Քաղ.՝ գրութիւնը
6 Քաղ.՝ տարագրութեան որդիներէն
7 Քաղ.՝ տրտմեցաւ ինքնիրեն
8 Քաղ.՝ սիրտին մէջ դրաւ
9 Քաղ.՝ նպատակը
10 Կամ՝ համադամ կերակուրներ
11 Քաղ.՝ միսի կտորները ուտող
12 Քաղ.՝ տիրեցին
13 Կամ՝ ոսկորները
14 Քաղ.՝ հաստատուած է
15 Քաղ.՝ ձեռքէն
16 Քաղ.՝ Կիւրոս Պարսիկին