Ecclesiastes 1
Proverbs « Proverbs 31 ‹ Ecclesiastes 1 › Ecclesiastes 2 » Song of Solomon
ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է
1Երուսաղէմի մէջ թագաւորող Դաւիթի որդիին՝ Ժողովողին խօսքերը.—
2Ունայնութիւններո՜ւ ունայնութիւն,— յայտարարեց Ժողովողը,— Ունայնութիւններո՜ւ ունայնութիւն, ամէն ինչ ունայնութիւն է։
3Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ՝ Արեւին տակ կրած ամբողջ տաժանքէն։
4Սերունդ մը կ’երթայ ու սերունդ մը կու գայ, Բայց երկիրը յաւիտեան կը գոյատեւէ։
5Նաեւ արեւը կը ծագի, արեւը մայր կը մտնէ, Եւ 1կ’արտորայ դէպի իր ծագած տեղը։
6Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ, Ու կը դառնայ դէպի հիւսիս. Հովը ասդին-անդին շրջելով կ’երթայ, Ապա կը վերադառնայ իր շրջաններուն համեմատ։
7Բոլոր վտակները ծով կ’երթան, Բայց ծովը չի լեցուիր. Այն տեղը՝ ուր վտակները կ’երթային, Դա՛րձեալ հոն կ’երթան։
8Բոլոր 2խօսքերը կը հատնին՝՝. Մարդ ա՛լ չի կրնար խօսիլ։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար, Եւ ականջը լսելով չի լեցուիր։
9Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ. Ինչ որ կատարուած է, նոյնը պիտի կատարուի. Ոչինչ նոր է արեւին տակ։
10Արդեօք կա՞յ բան մը՝ Որուն համար կարելի ըլլայ ըսել. «Տեսէ՛ք, ասիկա նոր է». Ան արդէն գոյութիւն ունէր Մեզմէ առաջուան դարերուն մէջ։
11Նախկին բաներուն յիշատակը չկայ. Նոյնպէս՝ յետագայ բաներուն յիշատակը պիտի չըլլայ Մեզմէ ետք եկողներուն մօտ։
ԻՄԱՍՏԱՍԷՐԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
12Ես՝ Ժողովողը, Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։
13Իմ սիրտս 3յատկացուցի իմաստութեամբ փնտռելու եւ հետախուզելու Ամէն ինչ որ երկինքի տակ կը կատարուի. Աստուած այս 4չարչարալից զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէսզի անով 5զբաղին։
14Արեւին տակ բոլոր կատարուող գործերը տեսայ, Եւ ահա՛ ամէն ինչ ունայնութիւն ու 6հոգիի տանջանք՝՝ է։
15Ինչ որ ծուռ է՝ չի կրնար շտկուիլ, Եւ ինչ որ պակաս է՝ չի կրնար համրուիլ։
16Իմ սիրտիս մէջ ըսի. «Ահա՛ ես մեծցայ, իմաստութիւն ստացայ՝ Երուսաղէմի մէջ ինձմէ առաջ եղող բոլորէն աւելի, Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։
17Իմ սիրտս յատկացուցի իմաստութիւնը գիտնալու, Նաեւ խենթութիւնն ու անմտութիւնը գիտնալու. Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։
18Արդարեւ շատ իմաստութեան մէջ շատ վիշտ կայ, Եւ իր գիտութիւնը աւելցնողը՝ իր կոտտանքը կ’աւելցնէ։