Loading...

Ecclesiastes 2

Proverbs  «  Ecclesiastes 1  ‹  Ecclesiastes 2  ›  Ecclesiastes 3  »  Song of Solomon


1

Իմ սիրտիս մէջ ըսի. «Եկո՛ւր հիմա, փորձարկե՛մ քեզ ուրախութեան միջոցով. Ուստի 1վայելէ՛ բարօրութիւնը»։ Սակայն ահա՛ ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։

2

Ծիծաղին համար ըսի. «Խե՛նթ է», Եւ ուրախութեան համար. «Ի՞նչ է իր ըրածը»։

3

Սիրտիս մէջ 2փնտռեցի որ մարմինս գինիին 3յանձնեմ, Ու սիրտս իմաստութեամբ առաջնորդելով անմտութիւնը 4ըմբռնեմ, Որպէսզի տեսնեմ թէ մարդոց որդիներուն համար ի՛նչն է բարին՝ Որ կրնան ընել երկինքին տակ Իրենց կեանքի 5բոլոր օրերուն՝՝ մէջ։

4

Մեծ գործեր կատարեցի.— Ինծի համար տուներ կառուցանեցի եւ այգիներ տնկեցի.

5

Ինծի համար պարտէզներ ու մրգաստաններ շինեցի, Եւ անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։

6

Ինծի համար ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէսզի անոնցմով 6ծառաստանը 7ոռոգուի։

7

Ստրուկներ եւ ստրկուհիներ գնեցի, Ու տանս մէջ ծնածներ ունեցայ։ Շատ արջառներու եւ ոչխարներու նախիրներ ունեցայ, Երուսաղէմի մէջ ինձմէ առաջ եղող բոլորէն աւելի։

8

Նաեւ ինծի համար դիզեցի արծաթ եւ ոսկի, Ու թագաւորներու եւ գաւառներու սեփական գանձերը։ Ինծի համար երգիչներ ու երգչուհիներ 8ճարեցի, Եւ մարդոց որդիներուն վայելքները.— 9բազմաթիւ հոմանուհիներ՝՝։

9

Մեծ եղայ, ու գերազանցեցի Ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղող բոլորն ալ. Իմաստութիւնս ալ իմ քովս կը մնար։

10

Իմ աչքերս իրենց բոլոր 10փափաքածներէն 11չզրկեցի, Ու սիրտիս ո՛չ մէկ ուրախութիւն մերժեցի. Հապա սիրտս ամբողջ աշխատանքովս ուրախացաւ, Եւ ասիկա եղաւ ամբողջ աշխատանքիս 12վարձատրութիւնը։

11

Յետոյ ձեռքերուս կատարած բոլոր գործերուն նայեցայ, Ու զանոնք կատարելու համար իմ կրած ամբողջ տաժանքիս, Եւ ահա՛ ամէն ինչ ունայնութիւն ու 13հոգիի տանջանք՝՝ էր, Եւ արեւին տակ ո՛չ մէկ օգուտ կար։

12

Ապա դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաեւ խենթութիւնն ու անմտութիւնը. Արդարեւ թագաւորէն ետք եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել.— Ինչ որ արդէն կատարուած է։

13

Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։

14

Իմաստունին աչքերը իր գլուխին վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց բոլորին ալ նոյն դէպքը կը պատահի։

15

Այն ատեն սիրտիս մէջ ըսի. «Քանի անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ աւելի իմաստուն եղայ». Այս պատճառով սիրտիս մէջ ըսի թէ ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։

16

Արդարեւ իմաստունին յիշատակը յաւիտենական չէ, Ո՛չ ալ անմիտինը. Որովհետեւ հիմա եղածները՝ Գալիք օրերուն բոլորն ալ պիտի մոռցուին. Եւ ի՞նչպէս կը մեռնի իմաստունը.— Անմիտին պէս։

17

Ուստի այս կեանքը ատեցի. Արդարեւ արեւին տակ կատարուող գործերը ինծի 14չարչարալից թուեցան, Քանի ամէն ինչ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

18

Ես արեւին տակ կատարած ամբողջ աշխատանքս ատեցի, Քանի որ ինձմէ ետք 15եկող մարդուն պիտի ձգեմ զայն։

19

Ո՞վ գիտէ թէ ան իմաստո՛ւն պիտի ըլլայ՝ թէ անմիտ. Բայց պիտի տիրէ իմ ամբողջ աշխատանքիս վրայ՝ Որ արեւին տակ կատարեցի, Որուն մէջ իմաստուն եղայ. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։

20

Հետեւաբար 16մտադրեցի սիրտէս կտրել յոյսս՝ Արեւին տակ կատարած ամբողջ աշխատանքէս,

21

Որովհետեւ մարդ կայ՝ որուն աշխատանքը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ եղած է, Բայց զայն պիտի ձգէ անոր մէջ չաշխատած մարդուն՝ իբր իր բաժինը. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։

22

Արդարեւ մարդ արեւին տակ իր կրած ամբողջ տաժանքէն Եւ սիրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ,

23

Քանի անոր բոլոր օրերը կոտտանք են, Ու զբաղումը՝ վիշտ։ Անոր սիրտը գիշերը անգամ չի հանգստանար. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։

24

Մարդուն համար ոչինչ աւելի լաւ է՝ քան ուտել ու խմել, Եւ իր անձին բարօրութիւն վայելել տալ՝ իր աշխատանքէն։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքէն կու գայ.

25

Որովհետեւ 17ինձմէ աւելի՝՝ ո՞վ կրնայ ուտել, Եւ ո՞վ կրնայ վայելել։

26

Արդարեւ Աստուած իր առջեւ 18հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ. Իսկ մեղաւորին զբաղում կու տայ՝ Ժողվելու եւ դիզելու, Որպէսզի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։



1 Եբր.՝ տե՛ս
2 Եբր.՝ հետախուզեցի
3 Եբր.՝ մէջ քաշեմ
4 Եբր.՝ բռնեմ
5 Եբր.՝ օրերու թիւին
6 Եբր.՝ ծառ բուսցնող անտառը
7 Եբր.՝ ջրուի
8 Եբր.՝ վաստկեցայ
9 Եբր.՝ հոմանուհի մը, հոմանուհիներ
10 Եբր.՝ խնդրածները
11 Եբր.՝ չարգիլեցի
12 Եբր.՝ բաժինը
13 Կամ՝ հովի համար աշխատանք
14 Կամ՝ գէշ
15 Եբր.՝ մխրճուած
16 Եբր.՝ դարձայ
17 Կամ՝ առանց անոր
18 Եբր.՝ բարի