Ecclesiastes 3
Proverbs « Ecclesiastes 2 ‹ Ecclesiastes 3 › Ecclesiastes 4 » Song of Solomon
ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԱՅ
1Ամէն ինչի ատենը կայ, Ու երկինքի տակ եղող ամէն 1բանի ժամանակը.—
2Ծնելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը արմատէն խլելու ժամանակ,
3Մեռցնելու ժամանակ եւ բուժելու ժամանակ, 2Քանդելու ժամանակ ու կառուցանելու ժամանակ,
4Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, Հեծեծելու ժամանակ ու ցատկռտելու ժամանակ,
5Քարեր նետելու ժամանակ եւ քարեր ժողվելու ժամանակ, Գրկելու ժամանակ ու գրկելէ հեռանալու ժամանակ,
6Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ, Պահելու ժամանակ ու նետելու ժամանակ,
7Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ, Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ,
8Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։
9Գործողին ի՞նչ օգուտ կայ Իր կատարած 3աշխատանքէն՝՝։
10Տեսայ այն զբաղումը՝ որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէսզի անով 4զբաղին։
11Ան ամէն ինչ գեղեցիկ ըրաւ իր ժամանակին, Եւ 5մարդուն միտքին՝՝ մէջ յաւիտենականութեան մտածումը դրաւ. Սակայն ո՛չ մէկը կրնայ յայտնաբերել Աստուծոյ ըրած գործը՝ Սկիզբէն մինչեւ վախճանը։
12Սա՛ գիտեմ թէ ուրախանալէ Եւ կեանքի ընթացքին բարիք ընելէ զատ Ուրիշ լաւ բան չկայ անոնց համար,
13Եւ թէ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը, Նաեւ իր ամբողջ աշխատանքէն բարօրութիւն 6վայելելը՝ Աստուծոյ պարգեւն է։
14Գիտեմ թէ ամէն ինչ որ Աստուած կ’ընէ՝ յաւիտեան պիտի գոյատեւէ. Ոչինչ կարելի է անոր վրայ աւելցնել, ո՛չ ալ անկէ պակսեցնել. Աստուած ասիկա կ’ընէ, որպէսզի իր երեսէն վախնան։
15Ինչ որ եղած է՝ հիմա ալ կայ, Ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է, Եւ Աստուած 7անցածը կը փնտռէ։
ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
16Նաեւ արեւին տակ տեսայ թէ իրաւունքին նստավայրը 8անիրաւութիւն կայ, Եւ արդարութեան նստավայրը՝ ամբարշտութիւն։
17Իմ սիրտիս մէջ ըսի. «Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, Որովհետեւ 9հոն ժամանակ կայ ամէն 10բանի եւ ամէն արարքի համար»։
18Իմ սիրտիս մէջ ըսի՝ Մարդոց որդիներուն հարցին մասին, Թէ Աստուած զանոնք պիտի 11փորձարկէ, Ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։
19Արդարեւ ինչ որ մարդոց որդիներուն կը պատահի, Անասուններո՛ւն ալ կը պատահի. Նոյն բանը կը պատահի անոնց։ Ինչպէս մէկը կը մեռնի, այնպէս ալ միւսը կը մեռնի. Բոլորը նոյն շունչը ունին։ Մարդը անասունէն գերազանց չէ, Որովհետեւ ամէն ինչ ունայնութիւն է։
20Բոլորը նոյն տեղը կ’երթան. Ամէն ինչ հողէն եղաւ, եւ ամէն ինչ հողին կը վերադառնայ։
21Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն շունչը վեր կ’ելլէ, Իսկ անասուններուն շունչը վար կ’իջնէ՝ գետինը։
22Տեսայ թէ մարդուն համար ոչինչ աւելի լաւ է՝ Քան իր գործերով ուրախանալ, Որովհետեւ ատիկա է անոր բաժինը. Արդարեւ ո՞վ պիտի տանի զինք՝ որ տեսնէ Թէ իրմէ ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ։