Loading...

Ecclesiastes 4

Proverbs  «  Ecclesiastes 3  ‹  Ecclesiastes 4  ›  Ecclesiastes 5  »  Song of Solomon


1

Ես դարձայ ու տեսայ Արեւին տակ կատարուող բոլոր հարստահարութիւնները։ Ահա՛ հարստահարուածներուն աչքը արցունք կար, Բայց անոնք մխիթարիչ չունէին. Անոնց հարստահարիչներուն ձեռքը ոյժ կար, Սակայն իրենք ալ մխիթարիչ չունէին։

2

Ես մեռեալները՝ արդէն մեռածները Հիմա ապրողներէն աւելի դրուատեցի.

3

Բայց ա՛ն որ մինչեւ հիմա եղած չէ՝ երկուքէն աւելի 1բախտաւոր է, Որովհետեւ արեւին տակ կատարուող չարութիւնը չտեսաւ։

4

Ես ամէն աշխատանք Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, Որոնց համար մէկը միւսին կը նախանձի. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն ու 2հոգիի տանջանք՝՝ է։

5

Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալէ, Եւ իր միսը կ’ուտէ։

6

Աւելի լաւ է մէկ բուռ 3հանգստութիւն, Քան երկու ափ 4աշխատանք ու հոգիի տանջանք՝՝։

7

Ես դարձայ եւ արեւին տակ ունայնութիւն տեսայ.—

8

Մարդ կայ՝ առանց 5յաջորդի, Ո՛չ որդի ունի, ո՛չ ալ եղբայր, Բայց անոր ամբողջ աշխատանքը վախճան չունի. Անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար, Ու չ’ըսեր. «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ, Եւ անձս բարիքէ կը զրկեմ»։ Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն ու 6չարչարալից զբաղում է։

9

Երկուքը մէկէն լաւ է, Որովհետեւ իրենց աշխատանքը լաւ վարձք ունի,

10

Քանի որ եթէ իյնան, մէկը ընկերակիցը կը վերցնէ. Բայց վա՜յ ինկող մէկուն՝ Որ զինք վերցնող երկրորդ մը չունի։

11

Նաեւ եթէ երկու անձ միասին պառկին՝ կը տաքնան. Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ՝ եթէ առանձին է։

12

Եթէ մէկը 7իրեն յաղթէ, Երկուքը կրնան անոր 8ընդդիմանալ. Երեքպատիկ դերձանը 9դիւրաւ չի փրթիր։

13

Աւելի լաւ է 10չքաւոր ու իմաստուն 11տղան, Քան ծեր եւ անմիտ թագաւորը, Որ ա՛լ չի գիտեր խրատուիլ։

14

Արդարեւ մէկը բանտէն կ’ելլէ՝ որպէսզի թագաւորէ, Բայց ուրիշ մը, որ 12թագաւոր ծնած է՝՝, թշուառ կ’ըլլայ։

15

Տեսայ արեւին տակ քալող բոլոր ապրողները Այն տղային հետ՝ որ թագաւորին երկրորդն էր Եւ անոր տեղը պիտի 13անցնէր։

16

Ամբողջ ժողովուրդը — բոլոր անոնք՝ որոնց առջեւ էր — 14անթիւ էր՝՝, Սակայն յաջորդները իրմով պիտի չուրախանան. Անշո՛ւշտ ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։



1 Եբր.՝ լաւ
2 Կամ՝ հովի համար աշխատանք
3 Եբր.՝ հանգստութեամբ լեցուն
4 Եբր.՝ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով լեցուն
5 Եբր.՝ երկրորդի
6 Եբր.՝ գէշ
7 Այսինքն՝ առանձին եղողին
8 Եբր.՝ դէմ կենալ
9 Եբր.՝ շուտով
10 Եբր.՝ խեղճ
11 Եբր.՝ զաւակը
12 Կամ՝ իր թագաւորութեան մէջ
13 Եբր.՝ կայնէր
14 Եբր.՝ վախճան չունէր