Loading...

Ecclesiastes 5

Proverbs  «  Ecclesiastes 4  ‹  Ecclesiastes 5  ›  Ecclesiastes 6  »  Song of Solomon


ԱՆԽՈՀԵՄ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ՄԻ՛ ԸՆԵՐ

1

Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ուշադի՛ր եղիր ոտքիդ. Աւելի մտի՛կ ընելու համար մօտեցիր, Քան անմիտներուն զոհը 1մատուցանելու. Արդարեւ անոնք չեն գիտեր թէ չարիք կը գործեն։

2

Բերանովդ մի՛ արտորար, Եւ սիրտդ թող չշտապէ Աստուծոյ առջեւ 2խօսելու. Քանի Աստուած երկինքն է, իսկ դուն՝ երկրի վրայ, Քու խօսքերդ թող քիչ ըլլան.

3

Արդարեւ երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ, Եւ անմիտին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։

4

Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես՝ Մի՛ ուշացներ զայն կատարելը, Քանի որ Աստուած անմիտներուն չի հաճիր. Կատարէ՛ ըրած ուխտդ։

5

Աւելի լաւ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։

6

Մի՛ թոյլատրեր՝ որ քու բերանդ մարմինիդ մեղանչել տայ, Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր. «Սխալեցայ»։ Ինչո՞ւ Աստուած քու 3խօսքիդ համար զայրանայ, Ու ձեռքերուդ գործը փճացնէ։

7

Արդարեւ երազներուն շատութեան մէջ Եւ խօսքերուն շատութեան մէջ Ունայնութիւններ ալ կան, Բայց դուն վախցի՛ր Աստուծմէ։


ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է

8

Եթէ գաւառի մը մէջ տեսնես թշուառին եղած հարստահարութիւնը, Եւ իրաւունքին ու արդարութեան բռնաբարուիլը, Մի՛ զարմանար այդ բանին վրայ. Արդարեւ բարձրերուն վրայ աւելի բարձր մը կը 4հսկէ, Եւ անոնցմէ բարձրագոյնը կայ։

9

5Երկիրը բոլորին օգտակար է. Նոյնիսկ թագաւորին ծառայութիւն կ’ըլլայ արտէն։

10

Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, Ո՛չ ալ ճոխութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։

11

Երբ բարիքը շատնայ՝ Ուտողներն ալ կը շատնան. Ուրեմն 6զայն ունեցողներուն՝՝ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ՝ Իրենց աչքերով տեսնելէն զատ։

12

Քաղցր է աշխատողին քունը՝ Քիչ կերած ըլլայ՝ թէ շատ. Բայց հարուստին 7յագեցումը Չ’արտօներ որ ան քնանայ։

13

Արեւին տակ տեսայ թէ 8ցաւառիթ չարիք մը կայ, Այսինքն՝ այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջ ձախորդութեան համար պահուած է.

14

Եթէ այդ հարստութիւնը ձախորդ 9դիպուածով մը կորսուի, Եւ ինք որդի մը ծնանի, ան իր ձեռքը ոչինչ կ’ունենայ։

15

Ինչպէս իր մօր 10որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ պիտի վերադառնայ. Ինչպէս եկաւ՝ այնպէս պիտի երթայ, Ու իր աշխատանքէն ոչինչ պիտի առնէ՝ որ իր ձեռքով տանի։

16

Այս ալ ցաւառիթ չարիք մըն է, Որ ինչպէս եկաւ՝ ճիշդ այնպէս կ’երթայ. Ուստի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ իրեն, Որ հովի համար աշխատեր է։

17

Իր կեանքին բոլոր օրերը խաւարի մէջ 11կը սպառէ՝՝, Մեծ վիշտով, հիւանդութեամբ ու զայրոյթով։

18

Ահա՛ւասիկ ինչ որ տեսայ.— Լաւ եւ 12վայելուչ է մարդուն՝ ուտել ու խմել, Եւ Աստուծոյ իրեն տուած կեանքին 13բոլոր օրերուն՝՝ մէջ՝ Արեւին տակ իր կատարած ամբողջ աշխատանքէն բարօրութիւն 14վայելել, Որովհետեւ ասիկա՛ է իր բաժինը։

19

Այն մարդուն՝ որուն Աստուած հարստութիւն ու գոյք կու տայ, Եթէ անոր իրաւասութիւն տայ անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու, Նաեւ իր աշխատանքէն ուրախանալու, Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։

20

Արդարեւ ան իր կեանքին օրերը շատ պիտի չյիշէ, Քանի որ Աստուած պատասխանած է անոր՝ իր 15սիրտը ուրախացնելով՝՝։



1 Եբր.՝ տալու
2 Եբր.՝ խօսք դուրս հանելու
3 Եբր.՝ ձայնիդ
4 Եբր.՝ դիտէ
5 Կամ՝ Հողը
6 Եբր.՝ անոր տէրերուն
7 Եբր.՝ կշտացումը
8 Եբր.՝ հիւանդացնող
9 Եբր.՝ զբաղումով
10 Եբր.՝ փորէն
11 Կամ՝ կ’ուտէ
12 Եբր.՝ գեղեցիկ
13 Եբր.՝ օրերու թիւին
14 Եբր.՝ տեսնել
15 Եբր.՝ սիրտին ուրախութեան մէջ