Loading...

Ecclesiastes 6

Proverbs  «  Ecclesiastes 5  ‹  Ecclesiastes 6  ›  Ecclesiastes 7  »  Song of Solomon


1

Արեւին տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ, Որ մարդոց մէջ շատ կը գտնուի.—

2

Աստուած մարդու մը հարստութիւն, գոյք ու պատիւ կու տայ, Այնպէս որ իր անձին փափաքած որեւէ բանին կարօտ չ’ըլլար. Բայց Աստուած անոր իրաւասութիւն չի տար անկէ ուտելու, Հապա զայն օտարազգի մը կ’ուտէ։ Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն եւ 1ցաւառիթ չարիք՝՝ մըն է։

3

Եթէ մարդ մը հարիւր զաւակ ծնանի Ու շատ տարիներ ապրի, Եւ անոր տարիներուն օրերը շատ ըլլան Բայց անոր անձը բարօրութենէ չկշտանայ Եւ ան գերեզման ալ չունենայ, Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աւելի լաւ է։

4

Արդարեւ ասիկա ունայնութեամբ եկեր ու խաւարով գացեր է, Եւ իր անունը խաւարով պիտի ծածկուի.

5

Արեւն ալ չէ տեսեր, ու ոչինչ գիտցեր է. Ասիկա միւսէն աւելի հանգիստ է։

6

Իսկ եթէ անիկա երկու հազար տարի ալ ապրի Ու բարօրութիւն 2չվայելէ, Միթէ բոլորը նոյն տեղը չե՞ն երթար։

7

Մարդուն ամբողջ աշխատանքը իր բերանին համար է, Սակայն անոր ախորժակը չի յագենար։

8

Արդարեւ իմաստունը անմիտէն ի՞նչ առաւելութիւն ունի. Ապրողներուն մէջ շրջիլ գիտցող դժբախտը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։

9

Աւելի լաւ է աչքերով տեսնել՝ քան անձով 3փափաքիլ. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն ու 4հոգիի տանջանք՝՝ է։

10

Ինչ որ եղած է՝ արդէն իր անունով կոչուած է, Եւ 5յայտնի է թէ մարդն է անուն դնողը. Սակայն ան իրմէ զօրաւորին հետ չի կրնար վիճիլ։

11

Քանի ունայնութիւնը շատցնող շատ բաներ կան, Մարդը ի՞նչ առաւելութիւն ունի։

12

Արդարեւ ո՞վ գիտէ թէ ի՛նչը լաւ է մարդուն՝ իր կեանքին մէջ, Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին 6բոլոր օրերուն՝՝ մէջ. Եւ ո՞վ պիտի իմացնէ մարդուն՝ Թէ իրմէ ետք արեւին տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։



1 Եբր.՝ գէշ հիւանդութիւն
2 Եբր.՝ չտեսնէ
3 Եբր.՝ քալել
4 Կամ՝ հովի համար աշխատանք
5 Եբր.՝ գիտցուած
6 Եբր.՝ օրերու թիւին