Ecclesiastes 7
Proverbs « Ecclesiastes 6 ‹ Ecclesiastes 7 › Ecclesiastes 8 » Song of Solomon
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
1Աւելի լաւ է բարի անունը՝ քան 1հոտաւէտ իւղը, Ու մահուան օրը՝ քան ծնունդին օրը։
2Աւելի լաւ է սուգի տուն երթալ՝ Քան խնճոյքի տուն երթալ. Որովհետեւ ա՛յս է ամէն մարդու վախճանը, Եւ ապրողը ասոր 2ուշադրութիւն դարձնելու է՝՝։
3Աւելի լաւ է վիշտը՝ քան ծիծաղը, Քանի որ երեսին տրտմութեամբ սիրտը կը բարելաւուի։
4Իմաստուններուն սիրտը սուգի տունը կ’ըլլայ, Իսկ անմիտներուն սիրտը՝ ուրախութեան տունը։
5Աւելի լաւ է իմաստունին սաստը լսել, Քան անմիտներուն երգը 3լսել.
6Արդարեւ ինչպէս է փուշերուն ձայնը՝ կաթսային տակ, Այնպէս է անմիտներուն ծիծաղը. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։
7Ի՛րապէս հարստահարութիւնը իմաստունը կը խենթացնէ, Ու 4կաշառքը մարդուն սիրտը 5կ’ապականէ։
8Աւելի լաւ է բանի մը վախճանը՝ քան սկիզբը. Աւելի լաւ է 6համբերատար ոգին՝ քան 7խրոխտ ոգին։
9Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, Քանի որ գրգռութիւնը անմիտներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։
10Մի՛ ըսեր. «Ինչո՞ւ նախկին օրերը այս օրերէն լաւ էին», Որովհետեւ այս մասին ուղղած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։
11Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս լաւ է, Եւ արեւը տեսնողներուն օգտակար է։
12Արդարեւ իմաստութիւնը հովանի է, Արծաթն ալ հովանի է, Բայց գիտութեան օգտակարութիւնը սա՛ է.— Իմաստութիւնը 8զինք ունեցողները՝՝ կ’ապրեցնէ։
13Նայէ՛ Աստուծոյ գործին, Որովհետեւ անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շտկել։
14Բարօրութեան օրը զուա՛րթ եղիր, Իսկ ձախորդ օրը 9զգուշացի՛ր. Աստուած ասոնք իրարու դիմաց դրաւ, 10Որպէսզի մարդ չգտնէ իրմէ ետք ըլլալիքը։
15Իմ 11ունայն կեանքիս՝՝ մէջ ամէն բան տեսայ.— Արդար կայ՝ որ իր արդարութեան մէջ կը կորսուի, Եւ ամբարիշտ կայ՝ որ իր չարութեան մէջ կեանքը կ’երկարէ։
16Յոյժ շատ արդար մի՛ ըլլար, Ու դուն քեզ չափազանց իմաստուն մի՛ կարծեր. Ինչո՞ւ 12փճանաս։
17Յոյժ շատ ամբարիշտ մի՛ ըլլար, եւ անմիտ մի՛ ըլլար. Ինչո՞ւ ատենէդ առաջ մեռնիս։
18Լաւ է որ ասիկա բռնես եւ անկէ ալ ձեռքդ չքաշես, Քանի Աստուծմէ վախցողը ամենէն ապահով կ’ելլէ։
19Իմաստութիւնը աւելի կը զօրացնէ իմաստունը, Քան քաղաքի մը մէջ եղող տասը կառավարիչ՝ այդ քաղաքը։
20Ի՛րապէս երկրի վրայ չկայ արդար մարդ՝ Որ բարիք ընէ ու երբեք չմեղանչէ։
21Ուստի 13ուշադրութիւն մի՛ դարձներ՝՝ ամէն ըսուած խօսքի, Որպէսզի չլսես քու ծառայիդ քեզ անիծելը.
22Արդարեւ քու սիրտդ գիտէ թէ Դո՛ւն ալ շատ անգամ ուրիշները անիծեր ես։
23Այս բոլորը իմաստութեամբ փորձարկեցի. Ես ըսի. «Իմաստուն պիտի ըլլամ». Բայց ան ինձմէ հեռու էր։
24Ինչ որ հեռուն է, Ու չափազանց խորունկ, ո՞վ կրնայ յայտնաբերել։
25Ես 14ուշադրութիւնս դարձուցի՝՝, որպէսզի գիտնամ, հետախուզեմ Եւ փնտռեմ իմաստութիւնն ու հնարամտութիւնը. Նաեւ գիտնամ ամբարշտութեան 15յիմարութիւնը Եւ անմտութեան խենթութիւնը։
26Ես մահէն աւելի դառն գտայ այն կինը՝ Որուն սիրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ կան, Ու ձեռքերուն մէջ՝ կապեր. Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի, Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։
27Ահա՛ սա՛ գտայ,— կը յայտարարէ Ժողովողը,— Մէկ առ մէկ բաները քննելով՝ անոնց պատճառը յայտնաբերելու համար.
28(Ինչ որ անձս տակաւին կը փնտռէ, Բայց գտած չէ.) Այր մարդ՝ հազարէն մէկ գտայ, Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։
29Ահա՛ միայն սա՛ գտայ.— Աստուած մարդը ուղիղ 16ստեղծեց, Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։