Ecclesiastes 8
Proverbs « Ecclesiastes 7 ‹ Ecclesiastes 8 › Ecclesiastes 9 » Song of Solomon
1
Իմաստունին պէս ո՞վ կայ, Եւ խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ. Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ, Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ
2Ես կը խրատեմ որ թագաւորին 1հրամանը պահես Եւ գործադրես՝ Աստուծոյ եղած երդումին պատճառով։
3Մի՛ արտորար՝ որ անոր առջեւէն երթաս, Մի՛ 2յարատեւեր չար արարքի մէջ, Որովհետեւ ան իր ամբողջ փափաքածը կ’ընէ.
4Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ՝ հոն իշխանութիւն կայ, Եւ ո՞վ կրնայ անոր ըսել. «Ի՞նչ կ’ընես»։
5Պատուիրանը պահողը ո՛չ մէկ չար արարք կը 3գործէ, Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու դատաստանը գիտէ,
6Քանի որ ամէն 4բան իր ժամանակն ու դատաստանը ունի։ Արդարեւ մարդուն վրայ շատ ձախորդութիւն կը հասնի,
7Որովհետեւ ան ըլլալիքը չի գիտեր, Եւ ո՞վ պիտի իմացնէ անոր թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։
8Ո՛չ մէկը հոգիին վրայ կը տիրէ՝ որ հոգին արգելափակէ, Եւ մահուան օրուան վրայ տիրող չկայ. Այդ պատերազմին մէջ ազատ 5արձակում՝՝ չկայ, Եւ ամբարշտութիւնը 6զայն գործողը՝՝ չ’ազատեր։
ԱՄԲԱՐԻՇՏՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐԸ
9Ասոնք բոլորը տեսայ, Ու արեւին տակ կատարուող ամէն արարքի 7դարձուցի ուշադրութիւնս՝՝։ Ատեն կայ, երբ մարդը ուրիշ մարդուն վրայ կը տիրէ՝ Իր ձախորդութեան համար։
10Այսպէս՝ տեսայ ամբարիշտներ որոնք թաղուեցան. Եկած ու գացած էին սուրբ տեղէն, Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ՝ ուր այսպէս վարուած էին. Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է։
11Քանի չար արարքին դէմ տրուած վճիռը շուտով չի գործադրուիր, Մարդոց որդիներուն սիրտը՝ Չարիք ընելու փափաքով լեցուած է իրենց մէջ։
12Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարիք գործէ Եւ իր օրերը երկարին, 8Ստուգապէս գիտեմ թէ Աստուծմէ վախցողնե՛րը բարօրութիւն պիտի ունենան, Որովհետեւ անոր երեսէն կը վախնան։
13Իսկ ամբարիշտը բարօրութիւն պիտի չունենայ. Ան իր օրերը պիտի չերկարէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ, Որովհետեւ Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։
14Ունայնութիւն մը կայ, որ երկրի վրայ կը կիրարկուի. Այսինքն արդարներ կան, որոնց կը 9հատուցանուի ամբարիշտներուն արարքին համեմատ, Եւ ամբարիշտներ ալ կան, որոնց կը հատուցանուի արդարներուն արարքին համեմատ. Ըսի. «Ասիկա՛ ալ ունայնութիւն է»։
15Ես ուրախութիւնը դրուատեցի, Որովհետեւ մարդ արեւին տակ Աւելի լաւ բան չունի՝ Քան ուտել, խմել եւ ուրախանալ։ Արդարեւ ասիկա՛ իրեն պիտի մնայ իր աշխատանքէն՝ Արեւին տակ Աստուծոյ իրեն տուած կեանքին օրերուն մէջ։
16Երբ ես ուշադրութիւնս դարձուցի իմաստութիւնը գիտնալու, Ու երկրի վրայ կատարուող զբաղումները տեսնելու, (Արդարեւ թէ՛ ցերեկ եւ թէ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ,)
17Աստուծոյ բոլոր գործերէն 10հասկցայ Թէ մարդ չի կրնար յայտնաբերել այն գործը՝ որ արեւին տակ կը կատարուի. Որովհետեւ մարդ կ’աշխատի զայն փնտռել, բայց չի յայտնաբերեր. Թէեւ իմաստունը ըսէ թէ գիտէ, չի կրնար զայն յայտնաբերել։