Loading...

Ecclesiastes 9

Proverbs  «  Ecclesiastes 8  ‹  Ecclesiastes 9  ›  Ecclesiastes 10  »  Song of Solomon


1

Արդարեւ այս բոլորին 1ուշադրութիւն դարձուցի՝՝ Որ այս բոլորը բացայայտեմ, Թէ արդարներն ու իմաստունները, նաեւ անոնց գործերը, Աստուծոյ ձեռքին մէջ են. Մարդ ո՛չ սէրը, ո՛չ ալ ատելութիւնը գիտէ. Ամէն ինչ անոնց առջեւ է։

2

Ամէն բան հաւասարապէս ամենուն կը պատահի. Արդարին եւ ամբարիշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ մատուցանողին եւ զոհ չմատուցանողին Պատահած դէպքը նոյնն է։ Ինչպէս է բարի մարդը, այնպէս է մեղաւորը. Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։

3

Սա՛ չարիք մըն է, որ արեւին տակ կատարուող ամէն ինչի մէջ՝ Բոլորին պատահած դէպքը նոյնն է։ Նաեւ մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած է, Ու խենթութիւն կայ իրենց սիրտին մէջ՝ մինչ կ’ապրին. Անկէ ետք մեռեալներուն կ’երթան։

4

Արդարեւ բոլոր ապրողներուն 2միացած մարդուն յոյս՝՝ կայ, Որովհետեւ ողջ շունը մեռած առիւծէն աւելի լաւ է։

5

Արդարեւ ապրողները գիտեն թէ պիտի մեռնին, Իսկ մեռեալները ոչինչ գիտեն. Անոնց համար ա՛լ 3վարձատրութիւն չկայ, Որովհետեւ իրենց յիշատակը մոռցուած է։

6

Անոնց թէ՛ սէրը, թէ՛ ատելութիւնը, Թէ՛ ալ նախանձը արդէն կորսուած են, Եւ անոնք արեւին տակ կատարուող բաներէն Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։

7

Գնա՛, հացդ ուրախութեա՛մբ կեր, Ու գինիդ զուա՛րթ սիրտով խմէ. Որովհետեւ Աստուած արդէն հաւանեցաւ քու արարքներուդ։

8

Հագուստներդ ամէ՛ն ատեն թող ճերմակ ըլլան, Ու գլուխիդ վրայէն հոտաւէտ իւղը թող չպակսի։

9

4Վայելէ՛ կեանքը քու սիրած կնոջդ հետ՝ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւին տակ՝ Քու ունայնութեանդ բոլոր օրերուն մէջ. Արդարեւ անիկա՛ է քու բաժինդ այս կեանքին մէջ՝ Արեւին տակ կատարած աշխատանքէդ։

10

Ամէն ինչ որ ձեռքդ կը գտնէ՝ ընելու, Ամբո՛ղջ ոյժովդ ըրէ. Որովհետեւ 5դժոխքին մէջ՝ ուր կ’երթաս, Գործ, հնարամտութիւն, գիտութիւն եւ իմաստութիւն չկան։

11

Դարձայ եւ արեւին տակ տեսայ Թէ մրցարշաւը թեթեւաշարժներուն չէ, Պատերազմը զօրաւորներուն չէ, Հացը իմաստուններուն չէ, Հարստութիւնը խելացիներուն չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններուն չէ. Հապա ժամանակ ու 6դիպուած կը պատահին բոլորին։

12

Արդարեւ մարդն անգամ իր ժամանակը չի գիտեր. Ինչպէս ձուկերը ձախորդութեան ուռկանով կը բռնուին, Եւ ճնճղուկները վարմի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս ալ մարդոց որդիները որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ ձախորդութեան ժամանակը յանկարծ իրենց վրայ 7հասնի։


ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

13

Արեւին տակ սա՛ իմաստութիւնն ալ տեսայ, Եւ ան ինծի մեծ թուեցաւ.—

14

Պզտիկ քաղաք մը կար, ու մէջն ալ՝ քիչ մարդ. Անոր դէմ մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զայն պաշարեց, Եւ անոր դէմ մեծ 8պատնէշներ կառուցանեց։

15

Անոր մէջ 9չքաւոր բայց իմաստուն մարդ մը գտնուեցաւ, Որ իր իմաստութեամբ քաղաքը ազատեց. Բայց ո՛չ մէկը այդ չքաւոր մարդը յիշեց։

16

Այն ատեն ըսի. «Աւելի լաւ է իմաստութիւնը՝ քան զօրութիւնը, Թէեւ չքաւորին իմաստութիւնը կ’արհամարհեն Եւ անոր խօսքերը մտիկ չեն ըներ»։

17

Իմաստուններուն խօսքերը հանգստութեան մէջ աւելի լաւ կը լսուին՝ Քան անմիտներուն մէջ տիրողին աղաղակը։

18

Աւելի լաւ է իմաստութիւնը՝ քան պատերազմական զէնքերը. Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներ կորսնցնել կու տայ։



1 Եբր.՝ սիրտիս մէջ դրի
2 Եբր.՝ ընկերացածին ապահովութիւն
3 Եբր.՝ վարձք
4 Եբր.՝ Տե՛ս
5 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
6 Եբր.՝ պատահար
7 Եբր.՝ իյնայ
8 Եբր.՝ ամրութիւններ
9 Եբր.՝ խեղճ