Loading...

Ecclesiastes 10

Proverbs  «  Ecclesiastes 9  ‹  Ecclesiastes 10  ›  Ecclesiastes 11  »  Song of Solomon


1

Մեռած ճանճերը 1բուրագործին հոտաւէտ 2իւղը գարշահոտ կ’ընեն՝՝. Քիչ մը անմտութիւնն ալ այդպէս կ’ընէ ան՝ որ յարգուած է իր իմաստութեան եւ պատիւին համար։

2

Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։

3

Անմիտը՝ նոյնիսկ երբ ճամբայէն քալէ՝ Իր անմիտ ըլլալը բոլորին 3ցոյց կու տայ՝՝, քանի որ 4պակասամիտ է։

4

Եթէ կառավարիչին 5բարկութիւնը քեզի դէմ բորբոքի՝՝, Քու տեղդ մի՛ ձգեր, Որովհետեւ 6քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դարմանէ՝՝։

5

Արեւին տակ չարիք մըն ալ տեսայ, Որ իբր թէ կառավարիչէն 7եկած սխալմունք մը ըլլայ.—

6

Անմտութիւնը մեծ բարձունքներու վրայ կը դրուի, Ու հարուստները նուաստութեան մէջ կը մնան։

7

Տեսայ ստրուկներ՝ ձիերու վրայ հեծած, Եւ իշխանաւորներ՝ որոնք գետինի վրայ կը քալէին, ստրուկներու պէս։

8

Փոս փորողը՝ ինք անոր մէջ կ’իյնայ, Ու ցանկապատ 8քանդողը՝ օձը զինք կը խածնէ։

9

Քարեր 9փոխադրողը անոնցմէ 10կը վնասուի՝՝, Եւ փայտ ճեղքողը անկէ կը վտանգուի։

10

Եթէ երկաթը բթացած է, ու մարդ անոր 11բերանը չսրէ՝ Իր ոյժը 12կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը 13կ’օգնէ՝ որ յաջողի։

11

Եթէ օձը խածնէ՝ 14քանի որ չէ հմայուած՝՝, 15Թովիչը օգուտ չ’ունենար։

12

Իմաստունին բերանին խօսքերը շնորհալի են, Բայց անմիտին շրթունքը զինք կը կլլէ.

13

Անոր բերանին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է, Եւ անոր խօսքին վերջաւորութիւնը գէշ խենթութիւն է։

14

Անմիտը իր խօսքերը կը շատցնէ։ Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր. Ո՞վ անոր պիտի իմացնէ Թէ իրմէ ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ։

15

Անմիտներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ, Քանի չեն գիտեր քաղաք երթալ։

16

Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ 16մանուկ է, Եւ իշխանաւորներդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։

17

Երանի՜ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ 17ազնուազարմ է, Ու իշխանաւորներդ յարմար ատենին կ’ուտեն՝ Զօրութիւն ստանալու համար, եւ ո՛չ թէ 18գինովութեան համար։

18

Ծուլութեամբ 19շէնքը կը փլչի, Եւ ձեռքերու թուլութեամբ տունը կը կաթի։

19

Հացկերոյթը ծիծաղելու համար կը սարքեն, Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն ինչի 20բաւարար է՝՝։

20

Միտքիդ մէջ անգամ թագաւորը մի՛ անիծեր, Եւ ննջասենեակիդ մէջ հարուստները մի՛ անիծեր. Որովհետեւ երկինքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի, Ու թեւաւորը խօսքը կը յայտնէ։



1 Այսինքն՝ բոյրեր շինողին
2 Եբր.՝ իւղին գարշահոտութիւնը արտաբերել կու տան
3 Եբր.՝ կ’ըսէ
4 Եբր.՝ սիրտը պակաս
5 Եբր.՝ հոգին քեզի դէմ բարձրանայ
6 Եբր.՝ դարմանը մեծ մեղքերը կը հանգչեցնէ
7 Եբր.՝ ելած
8 Եբր.՝ պատռողը
9 Կամ՝ վերցնողը
10 Եբր.՝ ցաւ կը զգայ
11 Եբր.՝ երեսը
12 Եբր.՝ զօրացնելու
13 Եբր.՝ օգտակար է
14 Եբր.՝ առանց հմայութեան
15 Եբր.՝ Լեզուի տէրը
16 Եբր.՝ տղայ
17 Եբր.՝ ազնուականի որդի
18 Եբր.՝ խմելու
19 Եբր.՝ գերանէ կերտուածքը
20 Եբր.՝ կը պատասխանէ