Loading...

Ecclesiastes 11

Proverbs  «  Ecclesiastes 10  ‹  Ecclesiastes 11  ›  Ecclesiastes 12  »  Song of Solomon


Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԷ ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ

1

Նետէ՛ հացդ ջուրերու մակերեսին վրայ, Որովհետեւ շատ օրերէն ետք զայն պիտի գտնես։

2

Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Քանի չես գիտեր թէ ի՛նչ ձախորդութիւն պիտի 1հասնի երկրի վրայ։

3

Եթէ թանձր ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ տեղատարափ կը 2թափեն. Երբ ծառ մը իյնայ՝ դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս, Այն տեղը ուր այդ ծառը ինկած է՝ հոն 3կը մնայ՝՝։

4

4Հովը դիտողը՝՝ չի սերմաներ, Եւ թանձր ամպերուն նայողը չի հնձեր։

5

Ինչպէս դուն չես գիտեր ի՛նչ է 5հովին ճամբան, Ո՛չ ալ ի՛նչպէս ոսկորները կը կազմուին յղիին 6որովայնին մէջ, Նոյնպէս չես գիտեր 7ամենաստեղծ Աստուծոյն գործերը։

6

Առտուն ցանէ՛ քու սերմդ, Եւ իրիկունը մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ. Արդարեւ չես գիտեր թէ ո՛ր մէկը պիտի յաջողի, Ասիկա՞ թէ անիկա, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս 8նպաստաւոր պիտի ըլլան։

7

Լոյսը ի՛րապէս քաղցր է, Եւ արեւը տեսնելը 9հաճելի է աչքերուն։

8

Թէեւ մարդ մը շատ տարիներ ապրի Ու անոնց բոլորին մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Որովհետեւ անոնք շատ պիտի ըլլան. Ամէն ինչ որ կը 10պատահի՝ ունայնութիւն է։


ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ

9

Ո՛վ երիտասարդ, ուրախացի՛ր քու պատանեկութեանդ մէջ, Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող զուարթացնէ քեզ. Քալէ՛ սիրտիդ ճամբաներէն, Եւ աչքերուդ նայուածքին համեմատ. Բայց գիտցի՛ր թէ ասոնց բոլորին համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի 11կանչէ։

10

Ուստի հանէ՛ վիշտը քու սիրտէդ, Ու հեռացո՛ւր չարութիւնը մարմինէդ, Որովհետեւ պատանեկութիւնն ու 12երիտասարդութիւնը ունայնութիւն են։



1 Եբր.՝ ըլլայ
2 Եբր.՝ պարպեն
3 Եբր.՝ կ’ըլլայ
4 Եբր.՝ Հովին հսկողը
5 Կամ՝ հոգիին
6 Եբր.՝ փորին
7 Եբր.՝ ամէն ինչ ընող
8 Եբր.՝ լաւ
9 Եբր.՝ լաւ
10 Եբր.՝ հասնի
11 Եբր.՝ բերէ
12 Եբր.՝ արշալոյսը