Ecclesiastes 12
Proverbs « Ecclesiastes 11 ‹ Ecclesiastes 12 › Song of Solomon 1 » Song of Solomon
1
Յիշէ՛ Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ՝ Դեռ վատ օրերը չեկած, Եւ այն տարիները չհասած՝ Որոնց մէջ պիտի ըսես. «Անոնցմէ չեմ ախորժիր».
2Դեռ արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չաղօտացած, Եւ տեղատարափին ետեւէն թանձր ամպերը չվերադարձած.
3Այն օրը՝ երբ 1տան պահապանները՝՝ պիտի դողան, 2Ուժեղ մարդիկը՝՝ պիտի ծռին, 3Աղացողները աշխատելէ պիտի դադրին՝ քանի որ պակսած են, Եւ 4պատուհաններէն նայողները՝՝ պիտի խաւարին.
4Երբ 5աղօրիքին ձայնը պիտի ցածնայ՝ Որովհետեւ 6դռները պիտի գոցուին փողոցներուն մէջ, Ու մարդ ճնճղուկին ձայնով պիտի կանգնի, Եւ բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։
5Բարձրանալէն պիտի վախնայ, Ճամբային մէջ զարհուրանքներ պիտի ունենայ. Նշենին պիտի ընձիւղի, Մարախը 7ծանրութիւն պիտի սեպուի՝՝, Եւ 8ախորժակը պիտի կորսուի՝՝, Քանի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ, Ու հեծեծողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին.
6Դեռ արծաթէ լարը չփրթած, Ոսկիէ բաժակը չջախջախուած, Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած, Եւ ջրհորին վրայի անիւը չջախջախուած։
7Այն ատեն հողը գետինը պիտի վերադառնայ՝ ինչպէս որ առաջ հոն էր, Ու հոգին Աստուծոյ պիտի վերադառնայ՝ որ զայն տուաւ։
8Ունայնութիւններո՜ւ ունայնութիւն,— յայտարարեց Ժողովողը,— Ամէն ինչ ունայնութիւն է։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
9Ասկէ զատ, քանի Ժողովողը իմաստուն էր, Ժողովուրդին ալ գիտութիւն սորվեցուց. 9Ունկնդրեց, պրպտեց, Եւ շատ առակներ շարադրեց։
10Ժողովողը փնտռեց՝ որ ախորժելի խօսքեր գտնէ. Անոնք ուղղամտութեամբ գրուած ճշմարտութեան խօսքեր են։
11Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են, Ու ժողովածուներու 10հեղինակներէն մխուած՝՝ գամերու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։
12Քեզի կը մնայ, որդեա՛կս, որ անոնցմէ խրատուիս. Շատ գիրք պատրաստելը վախճան չունի, Եւ շատ 11ուսումը մարմինը կը յոգնեցնէ։
13Այս ամբողջ խօսքին եզրակացութի՛ւնը լսենք.— Վախցի՛ր Աստուծմէ ու պահէ՛, անոր պատուիրանները Որովհետեւ ասիկա՛ է մարդուն ամբողջ պարտականութիւնը.
14Արդարեւ Աստուած ամէն արարք դատաստանի պիտի 12կանչէ, Ամէն ինչ որ թաքուն է, Թէ՛ բարի եւ թէ չար։