Ezekiel 4
Lamentations « Ezekiel 3 ‹ Ezekiel 4 › Ezekiel 5 » Daniel
ԵԶԵԿԻԷԼ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ
1«Նաեւ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ա՛ռ քեզի աղիւս մը ու դի՛ր զայն առջեւդ։ Անոր վրայ քաղա՛ք մը գծագրէ, այսինքն՝ Երուսաղէմը։
2Պաշարո՛ւմ դիր անոր դէմ, մարտկո՛ց կառուցանէ անոր դէմ, հողաբլո՛ւր բարձրացուր անոր դէմ, բանակավա՛յր 1հաստատէ անոր դէմ, եւ ամէն կողմէ 2քարընկէցնե՛ր 3տեղաւորէ անոր դէմ։
3Ապա ա՛ռ քեզի երկաթէ տապակ մը, ու երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր զայն քու եւ քաղաքին միջեւ. 4ուղղէ՛ երեսդ անոր դէմ՝ որ ան պաշարուի, ու պաշարէ՛ զայն։ Ասիկա Իսրայէլի տան համար նշան պիտի ըլլայ։
4«Յետոյ պառկէ՛ քու ձախ կողմիդ վրայ, եւ դի՛ր անոր վրայ Իսրայէլի տան անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւով անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես,
5քանի ես անոնց անօրէնութեան տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր իննսուն օր, որպէսզի Իսրայէլի տան անօրէնութիւնը կրես։
6Երբ այդ օրերը լրացնես, կրկի՛ն պառկէ՝ քու աջ կողմիդ վրայ, որ քառասուն օր կրես Յուդայի տան անօրէնութիւնը։ Իւրաքանչիւր տարուան համար մէկ օր 5յատկացուցի քեզի։
7«Ուղղէ՛ երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը, մերկացո՛ւր բազուկդ եւ մարգարէացի՛ր անոր դէմ։
8Ահա՛ քու վրադ փոկեր պիտի դնեմ, որպէսզի մէկ կողմէդ միւս կողմդ չդառնաս, մինչեւ որ պաշարումի օրերդ լրացնես։
9«Նաեւ ա՛ռ քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար։ Զանոնք դի՛ր անօթի մը մէջ, եւ անոնցմէ հա՛ց շինէ քեզի։ Կե՛ր զայն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ թիւով՝ երեք հարիւր իննսուն օր։
10Ուտելիք կերակուրդ կշիռով պիտի ըլլայ, օրը քսան սիկղ. զայն ատեն-ատեն պիտի ուտես։
11Ջուրն ալ չափով պիտի խմես՝ մէկ վեցերորդ հիմէն. ատեն-ատեն պիտի խմես։
12Ասիկա պիտի ուտես գարիէ շօթերու պէս պատրաստելով. զայն մարդու կղկղանքի վրայ պիտի եփես՝ անոնց աչքերուն առջեւ»։
13Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները ա՛յսպէս պիտի ուտեն իրենց անմաքուր հացը այն ազգերուն մէջ՝ ուր զանոնք պիտի աքսորեմ»։
14Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա՛ իմ անձս չեմ պղծած. մանկութենէս մինչեւ հիմա ինքնիրեն մեռած կամ գազանէ բզքտուած անասունի միս կերած չեմ, ու բերանս պիղծ միս մտած չէ»։
15Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու կղկղանքի տեղ կովի 6քակոր տուի, որ հացդ անոր վրայ 7եփես»։
16Նաեւ ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, ահա՛ ես Երուսաղէմի մէջ հացին գաւազանը պիտի կոտրեմ, ու հացը կշիռով եւ մտահոգութեամբ պիտի ուտեն, ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։
17Արդարեւ հացի ու ջուրի կարօտ պիտի ըլլան, իրարու ապշութեամբ պիտի նային, եւ իրենց անօրէնութեամբ պիտի 8մաշին»։