Loading...

Ezekiel 5

Lamentations  «  Ezekiel 4  ‹  Ezekiel 5  ›  Ezekiel 6  »  Daniel


ԵԶԵԿԻԷԼ ԿԸ ԿՏՐԷ ԻՐ ՄԱԶԵՐԸ

1

1«Նաեւ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ա՛ռ քեզի սուր դանակ մը — ա՛ռ քեզի սափրիչի ածելի մը — եւ անցո՛ւր գլուխիդ վրայէն ու մօրուքիդ վրայէն։ Յետոյ ա՛ռ քեզի կշիռք մը՝ կշռելու համար, եւ բաժնէ՛ մազերդ.

2

մէկ երրորդը կրակո՛վ այրէ քաղաքին մէջտեղը՝ երբ պաշարումի օրերը լրանան, մէկ երրորդը ա՛ռ ու դանակո՛վ զարկ անոր շուրջը, իսկ մէկ երրորդը հովի՛ն ցրուէ. ես ալ անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։

3

Ա՛ռ նաեւ անոնցմէ՝ փոքր թիւով, ու ծրարէ՛ զանոնք քղանցքիդ մէջ։

4

Դա՛րձեալ առ անոնցմէ, կրա՛կը նետէ զանոնք եւ կրակո՛վ այրէ զանոնք. անկէ կրակ պիտի ելլէ ամբողջ Իսրայէլի տան դէմ»։

5

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ասիկա Երուսաղէմն է. զայն ազգերուն մէջ եւ իր շրջակայ երկիրներուն մէջ դրի։

6

Ան իմ 2որոշումներուս դէմ աւելի ամբարշտութեամբ ընդվզեցաւ՝ քան զինք շրջապատող ազգերը, եւ իմ կանոններուս դէմ՝ քան շրջակայ երկիրները՝՝. որովհետեւ իմ որոշումներս մերժեցին եւ իմ կանոններովս չընթացան»։

7

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի ձեր շրջակայ ազգերէն աւելի 3ապստամբ եղաք, իմ կանոններովս չընթացաք ու որոշումներս չկիրարկեցիք, ո՛չ ալ ձեր շրջակայ 4հեթանոսներուն սովորութիւններուն համաձայն վարուեցաք,

8

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ե՛ս ալ քեզի դէմ եմ, եւ ազգերուն աչքերուն առջեւ իմ դատավճիռներս պիտի կիրարկեմ քու մէջդ։

9

Քու բոլոր գարշութիւններուդ համար այնպիսի բան մը պիտի ընեմ քու մէջդ, որուն նմանը ո՛չ ըրած եմ, ո՛չ ալ պիտի ընեմ։

10

Հետեւաբար քու մէջդ հայրերը իրենց որդիները պիտի ուտեն, եւ որդիները իրենց հայրերը պիտի ուտեն։ Քեզի դէմ արձակուած դատավճիռները պիտի կիրարկեմ, ու քու բոլոր ճողոպրածներդ ամէն հովի պիտի ցրուեմ”»։

11

«Հետեւաբար ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— քանի դուն բոլոր պղծութիւններովդ ու բոլոր գարշութիւններովդ իմ սրբարանս պղծեցիր, ես ալ անշուշտ քեզ պիտի 5կոտորեմ. իմ աչքս պիտի չխղճայ, ու պիտի չխնայեմ։

12

Քու մէկ երրորդդ ժանտախտով պիտի մեռնի կամ մէջդ սովով պիտի 6բնաջնջուի, մէկ երրորդը շուրջդ սուրով պիտի իյնայ, մէկ երրորդն ալ ամէն հովի պիտի ցրուեմ, եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։

13

Այսպէս իմ բարկութիւնս պիտի 7իրագործուի, ցասումս անոնց վրայ պիտի 8իջեցնեմ ու 9հանդարտիմ։ Երբ իմ ցասումս անոնց վրայ իրագործեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձախնդրութեամբս խօսեցայ։

14

Քեզ աւերումի եւ նախատինքի պիտի 10վերածեմ շուրջդ եղող ազգերուն մէջ, ամէն անցորդի աչքերուն առջեւ։

15

Երբ քու վրադ դատավճիռները կիրարկեմ բարկութեամբ, ցասումով ու ցասումի յանդիմանութիւններով, ասիկա քու շուրջդ եղող ազգերուն մէջ նախատինք, բամբասանք, խրատ եւ ապշութիւն պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։

16

«Երբ անոնց վրայ սովին չարաղէտ ու կործանարար նետերը ղրկեմ,— որոնք ձեզ բնաջնջելու համար պիտի ղրկեմ,— սովը ձեր վրայ պիտի 11սաստկացնեմ եւ ձեզի համար հացին գաւազանը պիտի կոտրեմ։

17

Այսպէս ձեզի դէմ սով ու չար գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք քեզ զաւակներէ պիտի զրկեն. ժանտախտ եւ արիւն պիտի անցնին քու մէջէդ, ու սուր պիտի բերեմ քու վրադ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Կամ՝ որոշումներս ամբարշտութեան փոխեց՝ աւելի քան զինք շրջապատող ազգերը, եւ իմ կանոններս՝ աւելի քան շրջակայ երկիրները
3 Կամ՝ խռովայոյզ
4 Կամ՝ ազգերուն
5 Եբր.՝ պակսեցնեմ
6 Եբր.՝ սպառի
7 Եբր.՝ աւարտի
8 Կամ՝ հանդարտեցնեմ
9 Կամ՝ վրէժ առնեմ
10 Եբր.՝ դարձնեմ
11 Եբր.՝ աւելցնեմ