Loading...

Ezekiel 6

Lamentations  «  Ezekiel 5  ‹  Ezekiel 6  ›  Ezekiel 7  »  Daniel


ՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

1

1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ Իսրայէլի լեռներուն, մարգարէացի՛ր անոնց դէմ,

3

եւ ըսէ՛. “Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, լսեցէ՛ք Տէր Եհովայի խօսքը։ Սա՛ կը յայտարարէ Եհովան՝ Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. "Ահա՛ ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ, եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ։

4

Ձեր բագինները աւերուած պիտի մնան, ձեր արեւի սիւնարձանները պիտի կոտրտին, ու ձեր մէջէն խոցուածները ձեր չաստուածներուն առջեւ պիտի տապալեմ։

5

Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց չաստուածներուն առջեւ պիտի դնեմ, եւ ձեր ոսկորները ձեր բագիններուն շուրջը պիտի ցրուեմ։

6

Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը պիտի ամայանան, որպէսզի ձեր բագինները աւերակ եւ ամայի ըլլան, ձեր չաստուածները կոտրտին ու 3ոչնչանան, ձեր արեւի սիւնարձանները կործանուին, եւ ձեր գործերը փճանան։

7

Խոցուածները ձեր մէջ պիտի իյնան, ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը"”»։

8

«Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ մնացորդ մը պիտի թողում.— սուրէն ազատուածները՝ ազգերուն մէջ։

9

Ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ՝ ուր պիտի գերեվարուին, 4երբ կոտրեմ իրենց պոռնկող եւ ինձմէ հեռացած սիրտը, նաեւ իրենց չաստուածներուն հետ պոռնկող աչքերը՝՝։ Անոնք 5իրենց անձերէն՝՝ պիտի զզուին՝ իրենց գործած չարիքներուն ու բոլոր գարշութիւններուն պատճառով։

10

Պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ 6ընդունայն չխօսեցայ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ»։

11

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ծա՛փ զարկ, ոտքդ գետ՛ինը զարկ եւ ըսէ՛. “Ափսո՜ս Իսրայէլի տան բոլոր չարաղէտ գարշութիւններուն համար, որովհետեւ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան։

12

Հեռու եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի, մօտ եղողը սուրով պիտի իյնայ, իսկ մնացողը՝ որ 7պաշարուած է՝ սովով պիտի մեռնի։ Այսպէս իմ ցասումս պիտի 8իրագործեմ անոնց վրայ։

13

Երբ անոնց խոցուածները փռուած ըլլան իրենց չաստուածներուն մէջտեղը՝ իրենց բագիններուն շուրջը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, բոլոր լեռներուն գագաթը, ամէն կանաչազարդ ծառի տակ եւ ամէն տերեւախիտ բեւեկնիի տակ, այն տեղը՝ ուր անոնք իրենց բոլոր չաստուածներուն անոյշ հոտ 9կը մատուցանէին՝՝, պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։

14

Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկարեմ, ու երկիրը՝ այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը՝ ամայի պիտի դարձնեմ, Դեբղայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի, եւ պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դի՛ր
3 Եբր.՝ դադրին
4 Կամ՝ որովհետեւ կոտրուեցայ իրենց պոռնկող եւ ինձմէ հեռացած սիրտով, նաեւ իրենց չաստուածներուն հետ պոռնկող աչքերով
5 Եբր.՝ իրենցմէ
6 Եբր.՝ ձրի
7 Կամ՝ պահուած
8 Եբր.՝ աւարտեմ
9 Եբր.՝ կու տային