Loading...

Ezekiel 7

Lamentations  «  Ezekiel 6  ‹  Ezekiel 7  ›  Ezekiel 8  »  Daniel


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՎԱԽՃԱՆԸ

1

Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մտի՛կ ըրէ. Տէրը՝ Եհովան Իսրայէլի 1երկրին սա՛ կը յայտարարէ. “Վախճան մը կու գայ. երկրին չորս անկիւններուն վրայ վախճանը կը հասնի։

3

Հիմա քու վրադ վախճանը պիտի գայ, Եւ իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ. Քու 2արարքներուդ համաձայն քեզ պիտի դատեմ, Բոլոր գարշութիւններուդ պատիժը քու վրադ պիտի 3բերեմ։

4

Իմ աչքս քեզի պիտի չխղճայ, եւ պիտի չխնայեմ. Հապա 4արարքներուդ պատիժը քու վրադ պիտի բերեմ՝՝, Ու գարշութիւններդ քու մէջդ պիտի ըլլան, Եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։

5

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Չարիք մը, միակ չարիք մը ահա՛ կը հասնի.

6

Վախճանը կը հասնի, վախճանը կը հասնի. Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա՛ կը հասնի։

7

Ո՛վ երկրին բնակիչը, կարգը քեզի կու գայ. Ժամանակը կու գայ, 5խռովութեա՛ն օրը կը մօտենայ, Ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութեան ճիչը։

8

Հիմա մօտերս իմ ցասումս քու վրադ պիտի թափեմ, Ու բարկութիւնս քու վրադ պիտի 6իրագործեմ. Քու արարքներուդ համաձայն քեզ պիտի դատեմ, Բոլոր գարշութիւններուդ պատիժը քու վրադ պիտի 7բերեմ։

9

Իմ աչքս պիտի չխղճայ, եւ պիտի չխնայեմ. Քու արարքներուդ պատիժը քու վրադ պիտի բերեմ, Ու գարշութիւններդ քու մէջդ պիտի ըլլան, Եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ կը զարնեմ»։

10

«Ահա՛ օրը, ահա՛ կու գայ. Կարգը քեզի 8հասաւ, Գաւազանը ընձիւղեցաւ, հպարտութիւնը ծաղկեցաւ։

11

Բռնութիւնը ելաւ եւ ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի մնայ. Անոնց բազմութենէն եւ ստացուածքէն ոչինչ պիտի մնայ. Անոնց մէջ 9սուգ պիտի չըլլայ»։

12

«Ատենը եկաւ, օրը մօտեցաւ. Գնողը թող չուրախանայ, ո՛չ ալ ծախողը սգայ, Քանի որ անոր ամբողջ բազմութեան վրայ բարկութիւն կայ.

13

Որովհետեւ ծախողը ծախուածին պիտի չվերադառնայ, Թէեւ ողջ ըլլան. Արդարեւ անոր ամբողջ բազմութեան մասին եղած տեսիլքը 10պիտի չխափանուի՝՝, Ո՛չ մէկը իր կեանքին անօրէնութեամբ պիտի ուժովնայ։

14

Փողը հնչեցուցին, ամէն ինչ պատրաստ է, Բայց պատերազմի գացող չկայ, Որովհետեւ իմ բարկութիւնս անոր ամբողջ բազմութեան վրայ է»։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԻՆ ՊԱՏԻԺԸ

15

«Դուրսը սուր պիտի ըլլայ, իսկ ներսը՝ ժանտախտ եւ սով. Ա՛ն որ դաշտն է՝ սուրով պիտի մեռնի, Ա՛ն որ քաղաքին մէջ է՝ սովն ու ժանտախտը զինք պիտի լափեն։

16

Անոնցմէ 11ճողոպրածները պիտի ազատին, Ու լեռները ապաստանելով՝ ձորերու աղաւնիներուն պէս պիտի ըլլան. Բոլորն ալ պիտի 12հառաչեն, իւրաքանչիւրը իր անօրէնութեան համար։

17

Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան, Բոլոր ծունկերը ջուրի պէս պիտի 13հոսին։

18

Անոնք 14քուրձ պիտի հագնին՝՝, Եւ ահուդողը պիտի ծածկէ զանոնք. Ամէն երեսի վրայ ամօթ պիտի ըլլայ, Ու անոնց բոլոր գլուխներուն վրայ՝ կնտութիւն։

19

Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, Եւ իրենց ոսկին կեղտ պիտի սեպուի. Անոնց արծաթն ու ոսկին պիտի չկարենան զիրենք ազատել Տէրոջ ցասումին օրը. Իրենց անձը պիտի չկշտացնեն, Ո՛չ ալ իրենց ընդերքը լեցնեն, Որովհետեւ ատիկա իրենց անօրէնութեան գայթակղութիւնը եղաւ։

20

15Իրենց փառաւոր զարդով խրոխտացան՝՝, Եւ 16անոր մէջ՝՝ իրենց գարշութիւններուն, իրենց պղծութիւններուն պատկերները շինեցին. Հետեւաբար զայն կեղտի պիտի 17վերածեմ։

21

Զայն օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ՝ իբր կողոպուտ, Նաեւ երկրի ամբարիշտներուն՝ իբր աւար, Ու զայն պիտի պղծեն։

22

Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ, Եւ իմ 18սրբարանս պիտի պղծեն. Հոն աւազակներ պիտի մտնեն, Ու զայն պիտի պղծեն»։

23

«Շղթա՛յ մը շինէ, Որովհետեւ երկիրը 19ոճիրներով լեցուած է, Քաղաքն ալ բռնութեամբ լեցուած է։

24

20Ազգերուն ամենէն չարերը պիտի բերեմ, Եւ անոնց տուներուն պիտի տիրանան։ Զօրեղներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ, Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։

25

Կործանումը կը հասնի. Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։

26

Աղէտի վրայ աղէտ պիտի հասնի, Գոյժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ. Ուստի մարգարէէն տեսիլք պիտի պահանջեն, Սակայն քահանայէն օրէնքը կորսուած պիտի ըլլայ, ու երէցներէն՝ խորհուրդը։

27

Թագաւորը պիտի սգայ, Իշխանը 21սոսկում պիտի հագնի, Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը պիտի 22թուլնան. Անոնց 23արարքներուն համաձայն պիտի վարուիմ իրենց հետ, Անոնց դատավճիռներուն համաձայն պիտի դատեմ զանոնք, Ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։



1 Եբր.՝ հողին
2 Եբր.՝ ճամբաներուդ
3 Եբր.՝ դնեմ
4 Եբր.՝ ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ
5 Կամ՝ խուճապի՛
6 Եբր.՝ աւարտեմ
7 Եբր.՝ դնեմ
8 Եբր.՝ դուրս ելաւ
9 Կամ՝ վայելչութիւն
10 Եբր.՝ ետ պիտի չդառնայ
11 Եբր.՝ ազատուածները
12 Եբր.՝ գոռան
13 Եբր.՝ երթան
14 Եբր.՝ քուրձով պիտի գօտեւորուին
15 Եբր.՝ Իր փառաւոր զարդը իրեն խրոխտութիւն ըրաւ
16 Կամ՝ անով
17 Եբր.՝ դարձնեմ
18 Եբր.՝ վերապահուած տեղս
19 Եբր.՝ արիւնալի դատաստաններով
20 Կամ՝ Հեթանոսներուն
21 Եբր.՝ ամայութիւն
22 Եբր.՝ շփոթին
23 Եբր.՝ ճամբաներուն