Loading...

Ezekiel 8

Lamentations  «  Ezekiel 7  ‹  Ezekiel 8  ›  Ezekiel 9  »  Daniel


ԵԶԵԿԻԷԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԵՍԻԼՔԸ (8. 1-10. 22) ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

1

Վեցերորդ տարին, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, մինչ ես տանս մէջ նստած էի եւ Յուդայի երէցները առջեւս նստած էին, հոն Տէրոջ՝ Եհովայի ձեռքը վրաս ինկաւ։

2

Նայեցայ, եւ ահա՛ մարդու նմանութիւն մը կար՝ կրակի երեւոյթով. անոր մէջքին երեւոյթէն վար կրակ էր, իսկ անոր մէջքէն վեր ցոլքի երեւոյթ մը կար, ոսկեպղինձի դրսերեւոյթին պէս։

3

Ան ձեռքի կերպար մը երկարեց, գլուխիս մազափունջերէն բռնեց, եւ Հոգին զիս երկրի ու երկինքի մէջտեղ 1վերցուց. զիս Աստուծոյ տեսիլքներուն մէջ Երուսաղէմ տարաւ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրան մուտքը, ուր նախանձի մղող Նախանձի 2կուռքը կար։

4

Եւ ահա՛ հո՛ն էր Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս նման։

5

Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, այժմ վերցո՛ւր աչքերդ դէպի հիւսիս»։ Աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, եւ ահա՛ այս Նախանձի կուռքը կար՝ զոհասեղանին դրան մուտքին հիւսիսային կողմը։

6

Ուստի ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, կը տեսնե՞ս ի՛նչ կ’ընեն, այն մեծ գարշութիւնները՝ որ Իսրայէլի տունը հոս կը գործէ, որպէսզի ես հեռանամ իմ սրբարանէս։ Բայց անգա՛մ մըն ալ դարձիր, եւ աւելի մեծ գարշութիւններ պիտի տեսնես»։

7

Զիս գաւիթին մուտքը տարաւ, ու նայեցայ, եւ ահա՛ պատին վրայ ծակ մը կար։

8

Ուստի ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, այժմ ծակէ՛ այս պատը»։ Երբ պատը ծակեցի, ահա՛ դուռ մը կար։

9

Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն վատ գարշութիւնները, որ անոնք հոս կը գործեն»։

10

Ուստի մտայ եւ նայեցայ, եւ ահա՛ ամէն տեսակ սողուններու կերպարներ, պիղծ անասուններու պատկերներ, եւ Իսրայէլի տան բոլոր չաստուածները պատին վրայ բոլորաձեւ գծուած էին։

11

Անոնց առջեւ Իսրայէլի տան երէցներէն եօթանասուն մարդ կայնած էր. Սափանի որդին՝ Յեզոնիա ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Իւրաքանչիւրը ձեռքը բուրվառ մը ունէր, եւ անուշահոտ խունկի ամպ մը կը բարձրանար։

12

Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, կը տեսնե՞ս թէ ինչե՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տան երէցները խաւարին մէջ, իւրաքանչիւրը իր 3ծածուկ պատկերատան՝՝ մէջ. որովհետեւ անոնք կ’ըսեն. “Տէրը մեզ չի տեսներ. Տէրը երկիրը լքած է”»։

13

Նաեւ ինծի ըսաւ. «Անգա՛մ մըն ալ դարձիր, եւ անոնց գործած աւելի մեծ գարշութիւնները պիտի տեսնես»։

14

Յետոյ զիս Տէրոջ տան դէպի հիւսիս նայող դրան մուտքը տարաւ, եւ ահա՛ հոն Թամուզի համար լացող կիներ նստած էին։

15

Ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, կը տեսնե՞ս. անգա՛մ մըն ալ դարձիր, ու ասոնցմէ աւելի մեծ գարշութիւններ պիտի տեսնես»։

16

Ապա զիս Տէրոջ տան ներքին գաւիթը տարաւ. եւ ահա՛ Տէրոջ տաճարին մուտքը, ներքնագաւիթին ու զոհասեղանին մէջտեղ, շուրջ քսանհինգ մարդ կար։ Անոնք իրենց կռնակը Տէրոջ տաճարին դարձուցած էին, իսկ երեսը՝ դէպի արեւելք, եւ արեւին կ’երկրպագէին՝ դէպի արեւելք։

17

Ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տան 4պզտի՞կ բան կը թուի՝՝ ընել իրենց հոս գործած գարշութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութեամբ կը լեցնեն, ու դարձեալ զիս կը գրգռեն. ահա՛ բարունակը իրենց քիթին 5կը դնեն՝՝։

18

Ես ալ ցասումով պիտի վարուիմ անոնց հետ. աչքս պիտի չխղճայ, ու պիտի չխնայեմ. անոնք իմ ականջներուս բարձր ձայնով պիտի գոչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։



1 Կամ՝ յափշտակեց
2 Եբր.՝ կուռքին աթոռը
3 Եբր.՝ պատկերներու ներքին սենեակին
4 Եբր.՝ թեթե՞ւ բան է
5 Կամ՝ կ’երկարեն