Loading...

Ezekiel 9

Lamentations  «  Ezekiel 8  ‹  Ezekiel 9  ›  Ezekiel 10  »  Daniel


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

1

Ապա բարձր ձայնով գոչեց իմ ականջներուս. «Մօտեցուցէ՛ք քաղաքը 1պատժողները, իւրաքանչիւրը իր ձեռքը ունենալով իր կործանարար գործիքը»։

2

Եւ ահա՛ դէպի հիւսիս նայող վերի դրան ճամբայէն վեց մարդ եկաւ. իւրաքանչիւրին բնաջնջումի գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ հանդերձ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք եկան ու պղինձէ զոհասեղանին քով կայնեցան։

3

Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը բարձրացաւ քերովբէէն՝ որուն վրայ էր, եւ տան սեմը իջաւ։ Կտաւէ հանդերձ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կանչեց,

4

եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Քաղաքի՛ն մէջէն — Երուսաղէմի մէջէն — անցիր ու նշա՛ն դիր անոր մէջ գործուած բոլոր գարշութիւններուն համար հառաչող եւ հեծեծող մարդոց ճակատներուն վրայ»։

5

Յետոյ 2լսեցի թէ՝՝ միւսներուն ըսաւ. «Քաղաքէ՛ն անցէք անոր ետեւէն, ու զարկէ՛ք. ձեր աչքերը թող չխղճան, եւ մի՛ խնայէք։

6

Մեռցուցէ՛ք, կոտորեցէ՛ք ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, մանուկներն ու կիները. բայց վրան նշան ունեցող ո՛չ մէկուն մօտեցէք. սկսեցէ՛ք իմ սրբարանէս»։ Ուստի տան առջեւ եղող երէց մարդոցմէն սկսան։

7

Ապա անոնց ըսաւ. «Պղծեցէ՛ք տունը, եւ լեցուցէ՛ք գաւիթները 3սպաննուածներով. դո՛ւրս ելէք»։ Անոնք ալ դուրս ելան ու քաղաքին մէջ զարկին։

8

Քանի զանոնք զարկին ու ես ողջ մնացի, երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակեցի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, Երուսաղէմի վրայ քու ցասումդ թափելով՝ Իսրայէլի ամբողջ մնացորդը պիտի բնաջնջե՞ս»։

9

Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տան անօրէնութիւնը չափազանց մեծ է. երկիրը արիւնով լեցուած է, քաղաքն ալ անիրաւութեամբ լեցուած է. որովհետեւ ըսին. “Տէրը երկիրը լքած է. Տէրը մեզ չի տեսներ”։

10

Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխղճայ, ու պիտի չխնայեմ. իրենց 4արարքներուն պատիժը իրենց վրայ պիտի բերեմ՝՝»։

11

Ահա՛ կտաւէ հանդերձ հագած եւ մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ՝ ըսելով. «Ինծի հրամայածիդ համաձայն ըրի»։



1 Եբր.՝ հատուցանողները
2 Եբր.՝ իմ ականջիս
3 Եբր.՝ խոցուածներով
4 Եբր.՝ ճամբան իրենց գլուխին վրայ պիտի դնեմ