Loading...

Ezekiel 10

Lamentations  «  Ezekiel 9  ‹  Ezekiel 10  ›  Ezekiel 11  »  Daniel


ՏԷՐՈՋ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՏԱՃԱՐԷՆ

1

Յետոյ նայեցայ, եւ ահա՛ քերովբէներուն գլուխին վերեւ եղող հաստատութեան մէջ՝ շափիւղայ քարի պէս բան մը երեւցաւ անոնց վրայ, գահի նմանութեան երեւոյթին պէս։

2

1Տէրը կտաւէ հանդերձ հագած մարդուն ըսաւ. «Մտի՛ր քերովբէին տակ եղող անիւներուն մէջտեղ, լեցո՛ւր ափերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով, ու ցանէ՛ քաղաքին վրայ»։ Ան ալ մտաւ իմ աչքերուս առջեւ։

3

Երբ այդ մարդը մտաւ, քերովբէները տան աջ կողմը կեցած էին, եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցած էր։

4

Տէրոջ փառքը քերովբէէն բարձրացաւ ու տան սեմը իջաւ. տունը ամպով լեցուեցաւ, նաեւ գաւիթը Տէրոջ փառքին պայծառութեամբ լեցուեցաւ։

5

Քերովբէներու թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր, Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։

6

Երբ կտաւէ հանդերձ հագած մարդուն հրամայեց. “Կրա՛կ առ քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն”, ան գնաց անիւներուն քով կեցաւ։

7

Քերովբէ մը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջէն երկարեց կրակին՝ որ քերովբէներուն մէջտեղն էր, անկէ առաւ եւ կտաւէ հանդերձ հագնողին ափերուն մէջ դրաւ։

8

Ան ալ առաւ ու դուրս ելաւ։ (Քերովբէներու թեւերուն տակ մարդու ձեռքի կերպար մը կ’երեւնար։)

9

Մինչ կը նայէի, ահա՛ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, 2իւրաքանչիւր քերովբէի քով մէկ անիւ՝՝։ Անիւներուն երեւոյթը ոսկեքարի դրսերեւոյթին պէս էր։

10

Ինչ կը վերաբերի անոնց երեւոյթին, անոնք չորսն ալ մէ՛կ նմանութիւն ունէին, որպէս թէ անիւ մը ուրիշ անիւի մը մէջտեղը ըլլար։

11

Երբ երթային՝ իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային. գացած ատեն իրենց աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, հապա ո՛ր տեղը որ գլուխը կը նայէր, անոր կը հետեւէին. գացած ատեն չէին դառնար։

12

Անոնց ամբողջ մարմինը, կռնակը, ձեռքերը, թեւերն ու անիւները, այսինքն՝ այդ չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։

13

Ինչ կը վերաբերի անիւներուն, 3լսեցի թէ՝՝ անոնք կոչուեցան. “4Թաթառ”։

14

Իւրաքանչիւրը չորս երես ունէր.— առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդ երեսը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։

15

Քերովբէները բարձրացան. ասոնք էին այն էակները՝ որ տեսեր էի Քոբար գետին քով։

16

Երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ քերովբէները՝ երկրէն բարձրանալու համար՝ իրենց թեւերը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին 5զատուեր։

17

Երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային. երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. որովհետեւ անոնց մէջ էակներուն ոգին կար։

18

Տէրոջ փառքը տան սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կեցաւ։

19

Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. երբ դուրս ելան՝ անիւներն ալ իրենց հետ էին։ Տէրոջ տան արեւելեան դրան մուտքը կեցան, եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր՝ վերեւը։

20

Ասոնք էին այն էակները՝ որ տեսեր էի Իսրայէլի Աստուծոյն տակ, Քոբար գետին քով, ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։

21

Իւրաքանչիւրը չորս երես ունէր, իւրաքանչիւրը՝ չորս թեւ, եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւն կար։

22

Իսկ անոնց երեսներուն նմանութիւնը այն երեսներուն պէս էր՝ որ Քոբար գետին քով տեսեր էի, թէ՛ անոնց տեսքը եւ թէ իրենք. իւրաքանչիւրը շիտակ յառաջ կ’երթար։



1 Եբր.՝ Ան
2 Եբր.՝ մէկ քերովբէի քով անիւ մը, եւ ուրիշ քերովբէի մը քով՝ ուրիշ անիւ մը
3 Եբր.՝ իմ ականջիս
4 Կամ՝ Դիւրաթաւալ
5 Եբր.՝ վերադառնար