Ezekiel 11
Lamentations « Ezekiel 10 ‹ Ezekiel 11 › Ezekiel 12 » Daniel
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
11Հոգին զիս յափշտակեց ու Տէրոջ տան արեւելեան դուռը տարաւ, որ դէպի արեւելք կը նայի, եւ ահա՛ դրան մուտքը քսանհինգ մարդ կար. անոնց մէջ Ազուրի որդին՝ Յեզոնիան ու Բանեայի որդին՝ Փաղատիան տեսայ — ժողովուրդին իշխանաւորները։
2Ան ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, Ահա՛ւասիկ այն մարդիկը՝ որ անօրէնութիւն կը մտածեն, Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին։
3Անոնք կ’ըսեն. “2Ատենը չէ տուներ կառուցանելու. Այս քաղաքը կաթսան է, ու մենք միսն ենք”։
4Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց դէմ, Մարգարէացի՛ր, մարդո՛ւ որդի»։
5Այն ատեն Տէրոջ Հոգին 3զիս համակեց՝՝ Եւ ինծի ըսաւ. «Ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Դուք ատիկա կ’ըսէք, ո՛վ Իսրայէլի տունը. Բայց ես ձեր 4մտածումը գիտեմ։
6Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր 5սպաննուածները շատցուցիք, Եւ անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք"”»։
7Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեր սպաննուածները՝ որ անոր մէջ դրիք, Անոնք միսն են, ան ալ կաթսան է. Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։
8Դուք սուրէն վախցաք, Ու ես սուրը պիտի բերեմ ձեր վրայ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
9Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ, Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Եւ ձեզի դէմ իմ դատավճիռներս պիտի կիրարկեմ։
10Դուք սուրով պիտի իյնաք. Իսրայէլի հողամասին մէջ ձեզ պիտի դատեմ, Ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։
11Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ, Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք. Իսրայէլի հողամասին մէջ ձեզ պիտի դատեմ,
12Ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը. Քանի որ իմ կանոններովս չընթացաք Եւ իմ որոշումներս չկիրարկեցիք, Հապա ձեր շուրջը եղող 6հեթանոսներուն սովորութիւններուն համաձայն վարուեցաք»։
13Մինչ կը մարգարէանայի, Բանեայի որդին՝ Փաղատիա մեռաւ։ Այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ ու բարձր ձայնով աղաղակեցի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը ամբողջովին պիտի 7բնաջնջե՞ս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
14Այն ատեն 8Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
15«Մարդո՛ւ որդի, քու եղբայրներդ, այսինքն՝ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ ամբողջ Իսրայէլի տունը, բոլորը այն մարդիկն են՝ որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. “Հեռացէ՛ք Տէրոջ քովէն. այս երկիրը մեզի՛ տրուած է իբր ստացուածք”»։
16«Հետեւաբար ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. Թէպէտ զանոնք հեռացուցի հեթանոսներուն մէջ Ու ցրուեցի երկիրներուն մէջ, Անոնց գացած երկիրներուն մէջ Իրենց սրբարան պիտի ըլլամ քիչ մը ատեն"”»։
17«Հետեւաբար ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ձեզ պիտի հաւաքեմ ժողովուրդներէն, Ձեզ պիտի ժողվեմ այն երկիրներէն՝ Ուր դուք ցրուած էք, Ու ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի 9երկիրը։
18Հոն պիտի երթան, Եւ անոր բոլոր պղծութիւնները, Անոր բոլոր գարշութիւնները անկէ պիտի հեռացնեն։
19Անոնց մէ՛կ սիրտ պիտի տամ, 10Անոնց ներսը նոր հոգի պիտի դնեմ. Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ, Եւ անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ.
20Որպէսզի իմ կանոններովս ընթանան, Իմ որոշումներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։ Անոնք իմ ժողովուրդս ըլլան, Ես ալ անոնց Աստուածը ըլլամ։
21Բայց անոնց՝ որոնց սիրտը կ’ընթանայ իրենց 11կամքին պղծութիւններուն Ու գարշութիւններուն համաձայն, Անոնց 12արարքներուն պատիժը իրենց վրայ պիտի բերեմ՝՝", Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ
22Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին. անիւները անոնց հետ էին, եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր՝ վերեւը։
23Տէրոջ փառքը քաղաքին մէջտեղէն բարձրացաւ, ու քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերան վրայ կեցաւ։
24Յետոյ Հոգին զիս յափշտակեց եւ Քաղդէաստան տարաւ, տարագիրներուն քով. ասիկա եղաւ տեսիլքի մէջ՝ Աստուծոյ Հոգիով, ու տեսած տեսիլքս իմ վրայէս 13անհետացաւ։
25Ես ալ տարագիրներուն խօսեցայ այն բոլոր բաներուն մասին՝ որ Տէրը ինծի ցոյց տուեր էր։