Ezekiel 12
Lamentations « Ezekiel 11 ‹ Ezekiel 12 › Ezekiel 13 » Daniel
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻԲՐ ՏԱՐԱԳԻՐ
11Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, դուն ըմբոստներու տան մէջ կը բնակիս։ Անոնք աչքեր ունին՝ տեսնելու համար, բայց չեն տեսներ. ականջներ ունին՝ լսելու համար, սակայն չեն լսեր. որովհետեւ, անոնք ըմբոստներու տուն են։
3Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, քեզի տարագրութեա՛ն գոյքեր պատրաստէ, եւ ցերե՛կը տարագրուէ անոնց աչքերուն առջեւ։ Քու եղած տեղէդ ուրի՛շ տեղ մը տարագրուէ անոնց աչքերուն առջեւ. թերեւս 2ուշադրութիւն դարձնեն, թէեւ անոնք՝՝ ըմբոստներու տուն են։
4Անոնց աչքերուն առջեւ ցերե՛կը դուրս հանէ գոյքերդ, տարագրութեան գոյքերու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկո՛ւնը դուրս ելիր, տարագրութեան գացողներու պէս։
5Անոնց աչքերուն առջեւ պարի՛սպը ծակէ եւ անկէ՛ հանէ գոյքերդ։
6Անոնց աչքերուն առջեւ ուսի՛դ վրայ վերցուր զանոնք եւ աղջամուղջի՛ն դուրս հանէ. երե՛սդ ծածկէ, որպէսզի երկիրը չտեսնես. քանի որ քեզ 3նշան կարգեցի Իսրայէլի տան»։
7Ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ՝ այնպէս ըրի. գոյքերս տարագրութեան գոյքերու պէս ցերեկը դուրս հանեցի, իրիկունը ձեռքովս պարիսպը ծակեցի, եւ աղջամուղջին դուրս հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։
8Առտուն 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
9«Մարդո՛ւ որդի, Իսրայէլի տունը, այդ ըմբոստներու տունը, քեզի չըսա՞ւ. “Այդ ի՞նչ կ’ընես”։
10Անոնց ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Սա՛ պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի ամբողջ տան համար է"”։
11Ըսէ՛. “Ես ձեզի համար նշան եմ։ Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի հեռանան ու տարագրութեան երթան։
12Անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ, Եւ աղջամուղջին դուրս պիտի ելլէ. Պարիսպը պիտի ծակեն, որպէսզի անկէ հանեն։ Ան իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէսզի երկիրը աչքով չտեսնէ։
13Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ, Ու որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։ Զինք Բաբելոն՝ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի տանիմ. Ինք այդ տեղը պիտի չտեսնէ, Թէպէտ հոն պիտի մեռնի։
14Իր շուրջը եղող բոլոր օգնականները Եւ իր բոլոր գումարտակները՝ Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ. Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
15Երբ զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեմ Ու երկիրներուն մէջ սփռեմ, Պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։
16Բայց անոնցմէ փոքրաթիւ մարդիկ պիտի թողում՝ Սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատած, Որպէսզի իրենց բոլոր գարշութիւնները պատմեն Այն 5ազգերուն մէջ՝ ուր պիտի երթան, Ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։
ԴՈՂԱՑՈՂ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ
176Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
18«Մարդո՛ւ որդի, քու հացդ դողալո՛վ կեր, Ջուրդ վրդովումո՛վ եւ մտահոգութեա՛մբ խմէ,
19Ու երկրին ժողովուրդին ըսէ՛. “Իսրայէլի 7երկրին մէջ՝՝ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն մասին Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Անոնք իրենց հացը մտահոգութեամբ պիտի ուտեն, Եւ իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որովհետեւ իրենց երկիրը 8ամբողջովին պիտի ամայանայ Իր բոլոր բնակիչներուն բռնութեան պատճառով։
20Բնակուած քաղաքները պիտի աւերուին, Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ, Ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը"”»։
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԿ ՄԸ ԵՒ ԱՆԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ
219Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
22«Մարդո՛ւ որդի, ի՞նչ է այն առածը՝ Որ դուք Իսրայէլի 10երկրին մէջ՝՝ կը գործածէք Ու կ’ըսէք. “Օրերը կ’երկարին, Եւ ամէն տեսիլք կը կորսուի”։
23Հետեւաբար ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Այս առածը պիտի դադրեցնեմ. Այս առածը անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չխօսուի"”։ Բայց ըսէ՛ անոնց. “Օրերը մօտեցան, Նաեւ իւրաքանչիւր տեսիլքի 11իրագործումը.
24Որովհետեւ Իսրայէլի տան մէջ անգա՛մ մըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան 12գուշակութիւն պիտի չըլլայ։
25Քանի որ 13ես՝ Տէրս՝ պիտի խօսիմ՝՝, Եւ ըսելիք խօսքս պիտի իրագործուի, Ա՛լ պիտի չյետաձգուի. Արդարեւ ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ըմբոստներու տունը, Խօսք մը պիտի ըսեմ ու պիտի իրագործեմ”, Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։
2614Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
27«Մարդո՛ւ որդի, ահա՛ Իսրայէլի տունը կ’ըսէ. “Ասոր տեսած տեսիլքը երկար օրերու համար է, Ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար կը մարգարէանայ”։
28Ուստի ըսէ՛ անոնց. “Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Եհովան. "Ա՛լ խօսքերէս ո՛չ մէկը պիտի յետաձգուի, Հապա իմ ըսելիք խօսքս պիտի իրագործուի", Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։