Ezekiel 13
Lamentations « Ezekiel 12 ‹ Ezekiel 13 › Ezekiel 14 » Daniel
ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, մարգարէացող Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր, Եւ իրենց սիրտէն մարգարէացողներուն ըսէ՛. “Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը.
3Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, Որոնք իրենց հոգիին կը հետեւին, Ու ոչինչ տեսեր են"”։
4Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ, Անապատներու մէջ եղող աղուէսներու պէս են։
5Խրամատը չբարձրացաք, Ո՛չ ալ Իսրայէլի տունը ցանկապատով փակեցիք, Պատերազմին մէջ դիմանալու համար՝ Տէրոջ օրը։
6Անոնց տեսիլքը ունայնութիւն է, եւ 1գուշակութիւնը՝ ստութիւն, Երբ կ’ըսեն. “Տէ՛րը պատգամեց”, — Թէպէտ Տէրը զանոնք ղրկած չէ —, Ու կը յուսադրեն թէ իրենց խօսքը պիտի իրագործուի։
7Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք Եւ սուտ գուշակութիւններ 2չըրի՞ք՝ Ըսելով. “Տէ՛րը պատգամեց”, Մինչդեռ ես խօսած չէի»։
8Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեր ունայն խօսքերուն Ու սուտ տեսիլքներուն պատճառով՝ Ահա՛ ես ձեզի դէմ եմ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
9Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող Եւ սուտ դիւթութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ. Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհրդաժողովին մէջ պիտի չըլլան, Իսրայէլի տան գիրքին մէջ պիտի չարձանագրուին, Իսրայէլի 3երկիրը պիտի չմտնեն, Ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Եհովան։
10Քանի անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն՝ Ըսելով. “Խաղաղութիւն է”, երբ խաղաղութիւն չկայ, Եւ ան պատ կը կառուցանէ, Անոնք ալ շաղախով կը ծեփեն զայն,
11Ըսէ՛ շաղախով ծեփողներուն թէ ան պիտի փլչի. Յորդահոս տեղատարափ պիտի ըլլայ, Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք, Ու զայն մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։
12Ահա՛ երբ պատը փլչի, Ձեզի պիտի չըսե՞ն. “Ո՞ւր է այն ծեփը՝ որով դուք ծեփեցիք”։
13Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Իմ ցասումովս մրրկալից հովով մը զայն պիտի ճեղքեմ. Իմ բարկութեամբս՝ յորդահոս տեղատարափ պիտի ըլլայ, Ու ցասումովս՝ կարկուտի քարեր, Որպէսզի զայն 4անհետացնեն։
14Այն պատը՝ որ շաղախով ծեփեցիք, պիտի փլցնեմ. Զայն գետինին պիտի 5հաւասարեցնեմ. Անոր հիմը պիտի յայտնուի, ան պիտի տապալի, Դուք ալ անոր մէջ պիտի 6բնաջնջուիք, Ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։
15Իմ ցասումս պատին վրայ Ու զայն շաղախով ծեփողներուն վրայ պիտի 7իրագործեմ, Եւ ձեզի պիտի ըսեմ. "Պատն ու զայն ծեփողները չքացան,
16Այսինքն՝ Իսրայէլի մարգարէները, Որոնք Երուսաղէմի մասին կը մարգարէանային, Եւ անոր մասին խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, Մինչդեռ խաղաղութիւն չկար", կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։
ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ
17«Նաեւ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, 8ուղղէ՛ երեսդ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սիրտին համաձայն կը մարգարէանան. մարգարէացի՛ր անոնց դէմ,
18եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Վա՜յ այն կիներուն, որոնք բոլոր անութներուն համար մոգական բարձիկներ կը կարեն, եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն 9լաչակներ կը պատրաստեն, որպէսզի անձեր որսան"։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս անձերը որսալով ձեր անձերը ո՞ղջ պիտի պահէք։
19Իմ ժողովուրդիս առջեւ զիս կ’անպատուէք բուռ մը գարիի ու պատառ մը հացի համար, մեռցնելով անձեր՝ որ մեռնելու չեն, ողջ պահելով անձեր՝ որ ապրելու չեն, ստելով ժողովուրդիս՝ որ ձեր սուտերը մտիկ կ’ընէ”։
20Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես ձեր բարձիկներուն դէմ եմ, որոնցմով դուք անձերը կ’որսաք 10թռչուններու պէս՝՝։ Զանոնք ձեր բազուկներէն պիտի պատռեմ, եւ այդ անձերը պիտի արձակեմ, այսինքն այն անձերը՝ որ դուք կ’որսաք 11թռչուններու պէս՝՝։
21Ձեր լաչակներն ալ պիտի պատռեմ ու ժողովուրդս ձեր ձեռքէն ազատեմ. անգա՛մ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան, եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը”։
22Արդարեւ դուք ձեր ստութիւններով յուսալքեցիք արդարին սիրտը, որ ես 12տրտմեցուցած չէի, եւ ուժովցուցիք ամբարիշտին ձեռքը, որպէսզի իր վատ ճամբայէն չհեռանայ՝ ապրելու համար։
23Հետեւաբար անգա՛մ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք ու դիւթութիւն պիտի 13չընէք. իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ, եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։