Ezekiel 14
Lamentations « Ezekiel 13 ‹ Ezekiel 14 › Ezekiel 15 » Daniel
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
11Իսրայէլի երէցներէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան, եւ առջեւս նստան։
22Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
3«Մարդո՛ւ որդի, այդ մարդիկը իրենց չաստուածները իրենց սիրտերուն մէջ կանգնեցուցած են, ու 3իրենց անօրէնութեան գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրած են՝՝. միթէ անոնց 4պիտի պատասխանե՞մ՝՝։
4Ուստի խօսէ՛ անոնց հետ եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Իսրայէլի տունէն ո՛վ որ իր չաստուածները իր սիրտին մէջ կանգնեցնէ, իր անօրէնութեան գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, ես՝ Տէրս՝ այդ եկողին պիտի պատասխանեմ անոր չաստուածներուն շատութեան համեմատ,
5որպէսզի Իսրայէլի տունը իրենց սիրտէն բռնեմ, որովհետեւ անոնք իրենց չաստուածներով օտարացան ինձմէ"”»։
6«Հետեւաբար ըսէ՛ Իսրայէլի տան. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Դարձի՛ եկէք, ձեր չաստուածներէն հեռացէ՛ք, ու ձեր գարշութիւններէն դարձուցէ՛ք ձեր երեսը"”։
7Արդարեւ Իսրայէլի տունէն — կամ Իսրայէլի մէջ պանդխտացած գաղթականներէն — ո՛վ որ ինձմէ անջատուի, իր չաստուածները իր սիրտին մէջ կանգնեցնէ եւ իր անօրէնութեան գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ, ու մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի խորհուրդ հարցնելու համար, ես՝ Տէրս՝ 5անձամբ պիտի պատասխանեմ անոր։
8Իմ երեսս այդ մարդուն դէմ պիտի 6ուղղեմ, զայն նշան եւ 7նշաւակ պիտի ընեմ, ու զինք իմ ժողովուրդիս մէջէն պիտի բնաջնջեմ, որ գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։
9«Եթէ մարգարէ մը հրապուրուելով խօսք մը արտասանէ, այդ մարգարէն ես՝ Տէրս հրապուրած եմ. իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկարեմ եւ զայն պիտի բնաջնջեմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի մէջէն։
10Անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը պիտի կրեն, խորհուրդ հարցնողին անօրէնութեան պատիժն ու մարգարէին անօրէնութեան պատիժը նոյնը պիտի ըլլան.
11որպէսզի Իսրայէլի տունը անգա՛մ մըն ալ ինձմէ չմոլորի, եւ անգա՛մ մըն ալ իրենց յանցանքներով անմաքուր չըլլան, հապա անոնք իմ ժողովուրդս ըլլան, ես ալ անոնց Աստուածը ըլլամ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։
ՆՈՅ, ԴԱՆԻԷԼ, ՅՈԲ
128Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
13«Մարդո՛ւ որդի, եթէ երկիր մը ուխտազանց ըլլալով ինծի դէմ մեղանչէ, ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկարելով՝ անոր հացին գաւազանը կոտրեմ, եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ բնաջնջեմ,
14թէեւ սա՛ երեք մարդիկը՝ Նոյ, Դանիէլ ու Յոբ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութեամբ՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։
15«Եթէ երկրին մէջէն չար գազաններ անցընեմ, եւ անոնք զայն 9անբնակ թողուն՝՝ ու ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ,
16թէեւ այդ երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— անոնք իրենց որդիներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին, եւ երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։
17«Կամ եթէ այդ երկրին վրայ սուր բերեմ ու ըսեմ. “Սո՛ւր, անցի՛ր երկրին մէջէն”, եւ անկէ մարդն ու անասունը բնաջնջեմ,
18թէեւ այդ երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— իրենց որդիներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին։
19«Կամ եթէ այդ երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ, եւ արիւնով իմ ցասումս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ բնաջնջեմ,
20եւ Նոյ, Դանիէլ ու Յոբ անոր մէջ ըլլան, ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— իրենց որդին կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութեամբ՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։
21Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Նոյնիսկ եթէ ես իմ չորս 10սոսկալի դատավճիռներս — սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը — ղրկեմ Երուսաղէմի վրայ՝ մարդն ու անասունը անկէ բնաջնջելու համար,
22ահա՛ հոն ազատուածներ պիտի մնան, այսինքն՝ որդիներ եւ աղջիկներ, որոնք դուրս պիտի ելլեն. ահա՛ անոնք ձեզի 11պիտի գան՝՝, դուք ալ անոնց 12ընթացքը եւ արարքները պիտի տեսնէք, ու պիտի մխիթարուիք Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած ամբողջ բաներուս համար։
23Անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն, քանի անոնց ընթացքը եւ արարքները պիտի տեսնէք, ու պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց 13պատճառի չըրի», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։