Loading...

Ezekiel 15

Lamentations  «  Ezekiel 14  ‹  Ezekiel 15  ›  Ezekiel 16  »  Daniel


ԱՌԱԿ ՄԸ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

1

Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ որեւէ փայտէ, Այսինքն բարունակը՝ որ անտառի ծառերուն մէջ է։

3

Միթէ ան իբր փայտ կը ստացուի՞, գործ մը կատարելու համար. Կամ թէ անկէ սեպ 1կը շինուի՞՝՝, անկէ առարկայ մը կախելու համար։

4

Ահա՛ կրակի մէջ կը նետուի՝ անոր ճարակ ըլլալու համար. Կրակը անոր երկու ծայրերը կը սպառէ, Ու մէջտեղը հրաբորբոք կ’ըլլայ։ Միթէ ան գործի մը 2օգտակա՞ր է՝՝։

5

Ահա՛ ան լման եղած ատենը անով ո՛չ մէկ գործ կը կատարուէր. Ա՛լ ի՞նչպէս անով որեւէ գործ պիտի կատարուի, Երբ կրակը զայն սպառէ եւ 3այրէ։

6

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը՝ Որ կրակին տուի ճարակի համար, Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։

7

Իմ երեսս անոնց դէմ պիտի 4ուղղեմ. Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին, Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի սպառէ։ Երբ իմ երեսս անոնց դէմ ուղղեմ, Պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը.

8

Իրենց ըրած ուխտազանցութեան համար Երկիրը ամայի պիտի դարձնեմ”, Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։



1 Եբր.՝ կ’առնուի՞
2 Եբր.՝ յաջողութիւն կու տա՞յ
3 Եբր.՝ հրաբորբոք ընէ
4 Եբր.՝ դնեմ